Առակներ Chapter 15

For English

Read Առակներ Chapter 15 Online

Read Առակներ Chapter 15 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 15

Գլուխ 15

1. Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։

2. Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ, Բայց անմիտներուն բերանէն յիմարութիւն կը բղխի։

3. Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ Չարերն ու բարիները կը դիտեն։

4. Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ։

5. Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ։

6. Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ։

7. Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն, Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ։

8. Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է։

9. Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի, Բայց արդարութեան հետեւողը կը սիրէ։

10. Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ’ըլլայ՝ ՝ Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի։

11. Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են, Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը։

12. Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր Եւ իմաստուններուն քով չերթար։

13. Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի։

14. Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։

15. Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է։

16. Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը, Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով։

17. Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով։

18. Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ։

19. Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է, Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է։

20. Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտը իր մայրը կ’անարգէ։

21. Պարզամիտ մարդուն՝ յիմարութիւնը զբօսանք է, Բայց իմաստուն մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը։

22. Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, Բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին։

23. Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ’ուրախանայ։ Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։

24. Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպի վեր կը տանի, Որպէս զի վարի դժոխքէն հեռանայ։

25. Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ, Բայց որբեւարիին սահմանը կը հաստատէ։

26. Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։

27. Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի։

28. Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ Բայց ամբարիշտներուն բերանէն չարիք կը բղխի։

29. Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։

30. Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ, Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ։

31. Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը Իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի։

32. Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը խելք կը վաստկի։

33. Տէրոջը վախը իմաստութեան խրատն է Ու փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։

About Առակներ Chapter 15

Read Առակներ Chapter 15 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 15
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 15 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 15?

Առակներ Chapter 15 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 15 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 24
  2. Առակներ Chapter 1
  3. Առակներ Chapter 27
  4. Առակներ Chapter 20
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 12
  7. Առակներ Chapter 23

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 32
  2. Սաղմոսներ Chapter 73
  3. Սաղմոսներ Chapter 69
  4. Սաղմոսներ Chapter 137
  5. Եզրաս Chapter 4
  6. Սաղմոսներ Chapter 65
  7. Ծննդոց Chapter 8

Related Chapters & Readings

  1. Ղուկաս Chapter 20
  2. Մաղաքիա Chapter 4
  3. Հոբ Chapter 34
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 5
  5. Մարկոս Chapter 11
  6. Եզեկիել Chapter 1
  7. Գործք Առաքելոց Chapter 19
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *