Հոբ Chapter 39

For English

Read Հոբ Chapter 39 Online

Read Հոբ Chapter 39 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հոբ 39

Գլուխ 39

1. «Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս. Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։

2. Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։

3. Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին Ու ցաւերնին կ’անցընեն։

4. Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան, Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։

5. Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց,

6. Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։

7. Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։

8. Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։

9. Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞, Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։

10. Արտ վարելու համար՝ ՝ միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել, Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։

11. Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։

12. Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ Եւ քու կալդ հաւաքէ։

13. Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։ Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞։

14. Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ,

15. Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել, Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։

16. Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս. Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։

17. Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։

18. Անիկա բարձր ելած ժամանակը Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։

19. Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր, Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր։

20. Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել. Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը՝ ՝ ահաւոր է։

21. Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ. Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ.

22. Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։

23. Նետերը անոր վրայ կը սուլեն, Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։

24. Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ չի կրնար ինքզինք զսպել։

25. Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։ Հեռուէն կառնէ պատերազմին հոտը։ Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ։

26. Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։

27. Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։

28. Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։

29. Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։ Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։

30. Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։

About Հոբ Chapter 39

Read Հոբ Chapter 39 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հոբ
Chapter: 39
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հոբ Chapter 39 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հոբ Chapter 39?

Հոբ Chapter 39 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 39 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Հոբ

  1. Հոբ Chapter 14
  2. Հոբ Chapter 37
  3. Հոբ Chapter 25
  4. Հոբ Chapter 19
  5. Հոբ Chapter 6
  6. Հոբ Chapter 21
  7. Հոբ Chapter 17

Related Chapters & Readings

  1. Հովել Chapter 3
  2. Սաղմոսներ Chapter 58
  3. Սաղմոսներ Chapter 145
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  5. Մատթեոս Chapter 26
  6. Նավում Chapter 3
  7. Սաղմոսներ Chapter 96
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *