Եսայի Chapter 2

For English

Read Եսայի Chapter 2 Online

Read Եսայի Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 2

Գլուխ 2

1. Յուդայի եւ Երուսաղէմի նկատմամբ տրուած պատգամը, որ Աստուած իմացուց Ամովսի որդիին Եսայիին.

2. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։

3. Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ.

4. Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր Եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։

5. Ո՛վ Յակոբի տուն, Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք։

6. Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբին տունը թողուցիր, Վասն զի արեւելքի կախարդներովը լեցուեցան Եւ Փղշտացիներու պէս հմայութիւն կ’ընեն Ու օտարներու որդիներուն հետ դաշնակից եղան։

7. Անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ Ու անոնց գանձերը անթիւ եղան։ Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ Եւ անոնց կառքերը անհաշիւ են։

8. Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը։ Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն կ’ընեն, Անոնց՝ որոնք իրենց մատերը շինեցին։

9. Ռամիկ մարդը ծռեցաւ, Ազնուականը խոնարհեցաւ։ Անոնց մի՛ ներեր։

10. Տէրոջը վախէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Վէմին մէջ մտի՛ր ու հողին մէջ պահուըտէ՛։

11. Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին, Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։

12. Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրը Բոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն Եւ բոլոր հպարտներուն պիտի հակառակի։

13. Լիբանանի բոլոր բարձրացած ու վերացած եղեւիններուն վրայ Ու Բասանի բոլոր կաղնիներուն վրայ,

14. Բոլոր բարձր լեռներուն վրայ Ու բոլոր բարձրացած բլուրներուն վրայ

15. Եւ բոլոր բարձր աշտարակներուն վրայ Ու բոլոր ամուր պարիսպներուն վրայ

16. Եւ Թարսիսի բոլոր նաւերուն վրայ Ու բոլոր հաճելի երեւցած բաներուն վրայ պիտի բարձրանայ։

17. Մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ, Մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։

18. Կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան։

19. Քարայրներու մէջ Ու երկրին խոռոչները պիտի մտնեն Տէրոջը վախէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն, Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ։

20. Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէ Իր արծաթեղէն կուռքերն ու իր ոսկեղէն կուռքերը, Որոնք շիներ էին երկրպագելու համար,

21. Որպէս զի Տէրոջը վախէն Ու անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Ապառաժներուն՝ ծակերը Ու վէմերուն ծերպերը մտնէ, Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ։

22. Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է. Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան»։

About Եսայի Chapter 2

Read Եսայի Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 2
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 2 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 2?

Եսայի Chapter 2 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 2 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 59
  4. Եսայի Chapter 50
  5. Եսայի Chapter 31
  6. Եսայի Chapter 30
  7. Եսայի Chapter 29

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 15
  2. Ա Սամուել Chapter 7
  3. Սաղմոսներ Chapter 127
  4. Եսայի Chapter 51
  5. Ողբեր Chapter 4
  6. Ա Սամուել Chapter 10
  7. Նեեմիա Chapter 10

Related Chapters & Readings

  1. Գ Թագավորներ Chapter 4
  2. Ա Սամուել Chapter 21
  3. Հեսու Chapter 2
  4. Գործք Առաքելոց Chapter 6
  5. Երեմիա Chapter 37
  6. Հայտնություն Chapter 17
  7. Եսայի Chapter 29
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *