Read Եսայի Chapter 29 Online
Read Եսայի Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 29
Գլուխ 29
1. Վա՜յ Արիէլին, Դաւիթին բնակած Արիէլ քաղաքին. Տարի տարիի վրայ աւելցուցէք։ Թող տարեկան տօները դառնան։
2. Բայց ես Արիէլը նեղը պիտի ձգեմ ու անիկա տրտում ու տխուր պիտի ըլլայ Եւ ինծի Արիէլին պէս պիտի ըլլայ։
3. Ու քեզի դէմ շուրջանակի բանակ պիտի դնեմ, Քեզ պատնէշներով պիտի պաշարեմ, Քեզի դէմ հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնեմ։
4. Եւ պիտի ցածնաս ու գետնէն խօսիս Եւ քու խօսքերդ հողին տակէն պիտի լսուին Ու քու ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետնէն պիտի գայ Եւ քու խօսքդ հողէն պիտի փսփսայ։
5. Ու քու թշնամիներուդ բազմութիւնը՝ մանր փոշիի պէս Եւ քու բռնաւորներուդ բազմութիւնը անցնող մղեղի պէս պիտի ըլլայ։ Ասիկա յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի ըլլայ։
6. Զօրքերու Տէրոջը կողմէ՝ Որոտումով, երկրաշարժով, մեծ ձայնով, Մրրիկով, փոթորիկով ու մաշող կրակի բոցով Այցելութիւն մը պիտի ըլլայ։
7. Արիէլին վրայ պատերազմի եկող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը Եւ այս քաղաքին վրայ ու անոր պարիսպներուն վրայ բոլոր յարձակողները Ու զանիկա պաշարողները Գիշերը տեսնուած երազի պէս պիտի ըլլան։
8. Ինչպէս անօթի եղողը երազին մէջ կը տեսնէ թէ կերակուր կ’ուտէ, Բայց արթննալէն ետքը փորը անօթի կը մնայ, Ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ, Բայց արթննալէն ետքը կը մարի ու հոգին կը պապակի, Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութեանը, Որ Սիօնի լերանը դէմ պատերազմի կու գայ։
9. Ապշեցէ՛ք ու զարմացէ՛ք, Շլացէ՛ք ու թմրեցէ՛ք. Անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ. Անոնք կ’երերան, բայց ցքիէն չէ.
10. Քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց Ու ձեր աչքերը գոցեց. Մարգարէներն ու ձեր գլխաւորները, Որոնք տեսիլք կը տեսնէին, կուրցուց։
11. Եւ ամենուն տեսիլքները կնքուած գրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլան ձեզի, Որ կարդալ գիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։ Ու անիկա կ’ըսէ. «Չեմ կրնար, վասն զի կնքուած է»։
12. Այն գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։ Ու անիկա կ’ըսէ. «Կարդալ չեմ գիտեր»։
13. Անոր համար Տէրը կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է Ու ինծմէ ունեցած վախերնին Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է.
14. Անոր համար ահա ես այս ժողովուրդին մէջ Այսուհետեւ զարմանալի գործեր ու հրաշքներ պիտի ընեմ Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի Ու հանճարեղներուն հանճարը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։
15. Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն Իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար Ու իրենց գործը մութին մէջ կ’ընեն Ու կ’ըսեն. «Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ կը ճանչնայ»։
16. Դուք գործերը տակն ու վրայ կ’ընէք։ Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞. Քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ. «Անիկա զիս չշինեց»։ Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ. «Անիկա իր ըրածը չի գիտեր»։
17. Ահա շատ քիչ ժամանակէն Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ Ու պտղաբեր արտը անտառ պիտի սեպուի։
18. Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն, Կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով՝ պիտի տեսնեն։
19. Խեղճերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն, Չքաւոր մարդիկ Իսրայէլի Սուրբովը պիտի ցնծան,
20. Վասն զի բռնաւորը պիտի վերնայ Եւ ծաղր ընող պիտի չմնայ Ու ամէն անոնք, որոնք անօրէնութեան համար կը հսկեն՝ պիտի կորսուին.
21. Անոնք ալ, որոնք մարդը դատաստանի մէջ յանցաւոր կը հանեն Ու քաղաքին դրանը մէջ ջատագովութիւն ընողին համար որոգայթ կը լարեն Եւ արդարին իրաւունքը կը խափանեն։
22. Անոր համար Աբրահամը փրկող Տէրը Յակոբին տանը համար այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբ անգամ մըն ալ պիտի չամչնայ Ու անոր երեսը անգամ մըն ալ պիտի չդեղնի.
23. Վասն զի երբ տեսնէ իր տղաքը՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իր մէջ, Այն ատեն իմ անունս պիտի փառաւորեն, Յակոբին Սուրբը պիտի փառաւորեն Ու Իսրայէլին Աստուծմէն պիտի վախնան։
24. Հոգիով մոլորածները խոհեմութիւնը պիտի ճանչնան Ու տրտնջողները իմաստութիւն պիտի սորվին»։
About Եսայի Chapter 29
Read Եսայի Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 29
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 29 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 29?
Եսայի Chapter 29 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 29 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 38
Explore More from Հին Կտակարան
- Ամբակում Chapter 2
- Եսայի Chapter 66
- Երեմիա Chapter 10
- Սաղմոսներ Chapter 92
- Առակներ Chapter 14
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 10
- Դատավորներ Chapter 1