Read Եսայի Chapter 11 Online
Read Եսայի Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 11
Գլուխ 11
1. Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի
2. Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։
3. Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.
4. Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։
5. Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։
6. Գայլը գառին հետ պիտի բնակի Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։
7. Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ
8. Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։
9. Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
10. Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։
11. Եւ այն օրը Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ, Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն, Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ Իր ժողովուրդին մնացորդը։
12. Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ Ու երկրին չորս անկիւններէն Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։
13. Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին. Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։ Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը.
14. Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն վրայ պիտի թռչին Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։ Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։
15. Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։
16. Իր ժողովուրդին մնացորդին համար Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին, Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։
About Եսայի Chapter 11
Read Եսայի Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 11
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 11 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 11?
Եսայի Chapter 11 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 11 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 128
- Երեմիա Chapter 39
- Գ Թագավորներ Chapter 17
- Ա Սամուել Chapter 29
- Ծննդոց Chapter 47
- Առակներ Chapter 28
- Եսայի Chapter 25