Եզեկիել Chapter 48

For English

Read Եզեկիել Chapter 48 Online

Read Եզեկիել Chapter 48 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզեկիել 48

Գլուխ 48

1. «Ցեղերուն անունները ասոնք են։ Հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբուն քով դէպի Եմաթ երթալով՝ մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի սահմանն է դէպի հիւսիս մինչեւ Եմաթի քով ու արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմուտք Դանին մէկ բաժին ըլլայ։

2. Դանի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ասերին մէկ բաժին ըլլայ։

3. Ասերի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Նեփթաղիմին մէկ բաժին ըլլայ։

4. Նեփթաղիմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Մանասէին մէկ բաժին ըլլայ։

5. Մանասէի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Եփրեմին մէկ բաժին ըլլայ։

6. Եփրեմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ռուբէնին մէկ բաժին ըլլայ։

7. Ռուբէնին սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Յուդային մէկ սաժին ըլլայ։

8. «Յուդայի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն ընծան, որ պիտի նուիրէք ու անիկա քսանըհինգ հազար եղէգ լայնութիւն եւ միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնութիւն պիտի ունենայ, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը եւ սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։

9. Տէրոջը նուիրելու ընծանիդ քսանըհինգ հազար եղէգ լայն պէտք է ըլլայ։

10. Եւ սուրբ ընծան ասոնց ըլլայ, այսինքն քահանաներուն։ Հիւսիսէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ, արեւմուտքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, արեւելքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, հարաւէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ ու Տէրոջը սրբարանը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։

11. Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբուած քահանաներուն պիտի ըլլայ, որոնք իմ պահպանութիւնս ըրին։ Ու երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան։

12. Երկրին ընծայէն՝ այս ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ՝ Ղեւտացիներու սահմանին քով։

13. Քահանաներուն սահմանին քով Ղեւտացիներուն բաժինը պէտք է ըլլայ քսանըհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ՝ լայն։ Բոլոր երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար ըլլայ։

14. Անկէ պէտք չէ ծախեն ու փոխեն ու երկրին երախայրին ուրիշի վրայ պէտք չէ դարձնեն, վասն զի անիկա Տէրոջը նուիրուած է։

15. «Քսանըհինգ հազարին քով լայնութենէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար ու արուարձաններուն համար եւ քաղաքը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։

16. Անոր չափերը ասոնք ըլլան՝ հիւսիսային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ հարաւային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ արեւելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր ու արեւմտեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ։

17. Եւ քաղաքին արուարձանը դէպի հիւսիս՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի հարաւ՝ երկու հարիւր յիսուն եւ դէպի արեւելք՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի արեւմուտք՝ երկու հարիւր յիսուն եղէգ պէտք է ըլլայ։

18. Եւ սուրբ ընծային քով երկայնութենէն մնացած դէպի արեւելք՝ տասը հազարը ու դէպի արեւմուտք՝ տասը հազարը (որ սուրբ ընծային քով է), անոր բերքը քաղաքին ծառայութիւն ընողներուն կերակուր պիտի ըլլայ։

19. Եւ քաղաքին ծառայութիւնը ընողները Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի ըլլան։

20. Բոլոր ընծան քսանըհինգ հազարով քսանըհինգ հազար քառակուսի ըլլալու է՝ սուրբ ընծայ քաղաքին կալուածին հետ։

21. «Սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մնացածը իշխանին պիտի ըլլայ։ Նուիրուած քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւելեան սահմանը ու դէպի արեւմուտք քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւմտեան սահմանը ցեղերուն բաժիններուն քով իշխանին պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի ըլլայ սուրբ ընծան ու տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։

22. Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացիներուն կալուածէն ու քաղաքին կալուածէն դուրս՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին մէջտեղը իշխանինը պիտի ըլլայ։

23. «Մնացած ցեղերուն՝ արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Բենիամինին մէկ բաժին ըլլայ։

24. Ու Բենիամինի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Շմաւոնին մէկ բաժին ըլլայ։

25. Եւ Շմաւոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Իսաքարին մէկ բաժին ըլլայ։

26. Ու Իսաքարի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Զաբուղոնին մէկ բաժին ըլլայ։

27. Եւ Զաբուղոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Գադին մէկ բաժին ըլլայ։

28. Ու Գադի սահմանին քով հարաւային կողմը դէպի հարաւ երկրին սահմանը, Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։

29. «Այս է այն երկիրը, որ Իսրայէլի ցեղերուն վիճակով պիտի բաժնէք ժառանգութեան համար ու անոնց բաժինները ասոնք են», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

30. «Քաղաքին ելքերը ասոնք են. Հիւսիսային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով

31. (Ու քաղաքին դռները Իսրայէլի ցեղերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան). երեք դուռ դէպի հիւսիս. մէկ դուռ Ռուբէնին, մէկ դուռ Յուդային ու մէկ դուռ Ղեւիին

32. Եւ արեւելեան կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Յովսէփին, մէկ դուռ Բենիամինին ու մէկ դուռ Դանին

33. Եւ հարաւային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով, երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Շմաւոնին, մէկ դուռ Իսաքարին ու մէկ դուռ Զաբուղոնին.

34. Արեւմտեան կողմէն ալ չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Գադին, մէկ դուռ Ասերին ու մէկ դուռ Նեփթաղիմին։

35. Բոլոր շրջապատը տասնըութ հազար չափ պիտի ըլլայ ու այն օրէն քաղաքին անունը Եհովաշամա պիտի ըլլայ»։

About Եզեկիել Chapter 48

Read Եզեկիել Chapter 48 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզեկիել
Chapter: 48
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզեկիել Chapter 48 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզեկիել Chapter 48?

Եզեկիել Chapter 48 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 48 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզեկիել

  1. Եզեկիել Chapter 36
  2. Եզեկիել Chapter 35
  3. Եզեկիել Chapter 28
  4. Եզեկիել Chapter 25
  5. Եզեկիել Chapter 24
  6. Եզեկիել Chapter 46
  7. Եզեկիել Chapter 42

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հոբ Chapter 28
  2. Երեմիա Chapter 35
  3. Սաղմոսներ Chapter 42
  4. Սաղմոսներ Chapter 90
  5. Երեմիա Chapter 42
  6. Սաղմոսներ Chapter 53
  7. Զաքարիա Chapter 10

Related Chapters & Readings

  1. Հայտնություն Chapter 2
  2. Հոբ Chapter 11
  3. Երգ Երգոց Chapter 4
  4. Բ Կորնթացիներ Chapter 1
  5. Հայտնություն Chapter 1
  6. Մատթեոս Chapter 20
  7. Սաղմոսներ Chapter 60
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *