Հեսու Chapter 1

For English

Read Հեսու Chapter 1 Online

Read Հեսու Chapter 1 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հեսու in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հեսու and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հեսու 1

Գլուխ 1

1. Տէրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.

2. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։

3. Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսին ըսի՝

4. Անապատէն ու Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացիներուն բոլոր երկիրը մինչեւ մեծ ծովը արեւմտեան կողմը՝ ձեր սահմանը պիտի ըլլայ։

5. Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։

6. Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը քու առաջնորդութեամբդ պիտի ժառանգէ այն երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի, որ իրենց տամ։

7. Միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես. անկէ աջ կամ ձախ կողմ մի՛ խոտորիր, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես՝ ՝։

8. Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։

9. Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։

10. Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսաւ.

11. «Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին ապսպրեցէք. ‘Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ’»։

12. Յեսու Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն եւ Մանասէի կէս ցեղին ըսաւ.

13. «Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։

14. Ձեր կիները, ձեր տղաքները եւ ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը. բայց դուք ամէնքդ, որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջեւ անցնելով, անոնց օգնեցէք

15. Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ եւ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դարձէք եւ ժառանգեցէք զանիկա, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք’»։

16. Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի ընենք եւ ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։

17. Ինչպէս Մովսէսին հնազանդ էինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդ պիտի ըլլանք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսին հետ էր։

18. Ամէն մարդ, որ քու հրամանիդ դէմ դնէ եւ ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, թող մեռցուի. միայն թէ զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր»։

About Հեսու Chapter 1

Read Հեսու Chapter 1 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հեսու in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հեսու
Chapter: 1
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հեսու. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հեսու Chapter 1 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հեսու Chapter 1?

Հեսու Chapter 1 is part of the Book of Հեսու in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հեսու Chapter 1 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հեսու

  1. Հեսու Chapter 14
  2. Հեսու Chapter 19
  3. Հեսու Chapter 17
  4. Հեսու Chapter 23
  5. Հեսու Chapter 24
  6. Հեսու Chapter 21
  7. Հեսու Chapter 12

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եզրաս Chapter 9
  2. Զաքարիա Chapter 13
  3. Ելից Chapter 29
  4. Միքիա Chapter 2
  5. Ովսեե Chapter 6
  6. Սաղմոսներ Chapter 111
  7. Հեսու Chapter 2

Related Chapters & Readings

  1. Փիլիպպեցիներ Chapter 1
  2. Հայտնություն Chapter 9
  3. Եփեսացիներ Chapter 2
  4. Սաղմոսներ Chapter 117
  5. Առակներ Chapter 8
  6. Թվեր Chapter 11
  7. Թվեր Chapter 7
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *