Read Առակներ Chapter 21 Online
Read Առակներ Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Առակներ 21
Գլուխ 21
1. Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ։
2. Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երեւնայ, Բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։
3. Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։
4. Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը Եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են։
5. Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ։
6. Սուտ լեզուով գանձեր վաստկիլը Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։
7. Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ, Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։
8. Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի. Բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է։
9. Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ։
10. Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ Ու անոր ընկերը անոր առջեւ շնորհք չի գտներ։
11. Եթէ ծաղրողը տուգանքի ենթարկուի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։
12. Արդարը խոհեմութեամբ ամբարիշտին տունը կը դիտէ, Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կործանին։
13. Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։
14. Գաղտնի պարգեւը բարկութիւնը կ’իջեցնէ Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ։
15. Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է, Բայց անիրաւին տանջանք է.
16. Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը Մեռելներուն ժողովի մէջ պիտի մնայ։
17. Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ, Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։
18. Ամբարիշտը՝ արդարին համար Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փրկանք կ’ըլլայ։
19. Աղէկ է անապատը բնակիլ, Քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ։
20. Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի, Բայց անմիտ մարդը իր ունեցածը՝ ՝ կը կլլէ։
21. Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը Կեանք, արդարութիւն եւ փառք կը գտնէ։
22. Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։
23. Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝ Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։
24. Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։
25. Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ, Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։
26. Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ. Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։
27. Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է, Մանաւանդ՝ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։
28. Սուտ վկան պիտի կորսուի, Բայց լսող մարդը զգուշութեամբ պիտի խօսի։
29. Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ, Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ։
30. Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ Որ Տէրոջը դէմ կենայ։
31. Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։
About Առակներ Chapter 21
Read Առակներ Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Առակներ
Chapter: 21
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Առակներ Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Առակներ Chapter 21?
Առակներ Chapter 21 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Առակներ
- Առակներ Chapter 24
- Առակներ Chapter 1
- Առակներ Chapter 20
- Առակներ Chapter 27
- Առակներ Chapter 28
- Առակներ Chapter 13
- Առակներ Chapter 12
Explore More from Հին Կտակարան
- Նավում Chapter 2
- Երեմիա Chapter 23
- Սաղմոսներ Chapter 20
- Սաղմոսներ Chapter 6
- Բ Մնացորդաց Chapter 13
- Թվեր Chapter 29
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 4