Read Եսայի Chapter 19 Online
Read Եսայի Chapter 19 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 19
Գլուխ 19
1. Եգիպտոսին պատգամը։ Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է Ու Եգիպտոս կը մտնէ։ Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։
2. «Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ Եգիպտացներուն դէմ։ Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ, Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ Պատերազմ պիտի ընէ։
3. Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղի Եւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։ Անոնք կուռքերու, կախարդներու, Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։
4. Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ», Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։
5. Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։
6. Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին՝ ՝ Ու պարսպապատ քաղաքներուն՝ ՝ գետերը պիտի պարպուին ու չորնան, Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։
7. Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտները Եւ գետին բոլոր վարուցանը Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։
8. Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն Ու գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան, Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։
9. Բարակ քթան գործողները Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։
10. Անոր սիւները պիտի կոտրտին Ու բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։
11. Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են. Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։ Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝ «Ես իմաստուններու որդի եմ, Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։
12. Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ, Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացընեն Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։
13. Տայանիսին իշխանները յիմարացան. Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան. Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։
14. Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեց Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին, Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։
15. Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ, Որ գլուխ կամ պոչ եղողը Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։
16. Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ Ու պիտի դողայ եւ զարհուրի Զօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն, Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։
17. Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։ Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայ Զօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով, Որ անոր դէմ սահմաներ է։
18. Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Քանանի լեզուն խօսող Եւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընող Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ։ Մէկը Արեգ քաղաք պիտի կոչուի։
19. Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։
20. Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ. Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով Տէրոջը պիտի աղաղակեն Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։
21. Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի Ու Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։
22. Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։ Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէ Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բշկէ։
23. Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ Ու Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթան Ու Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։
24. Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։
25. Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ Ու պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ Եգիպտոս Ու իմ ձեռքերուս գործը՝ Ասորեստան Եւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։
About Եսայի Chapter 19
Read Եսայի Chapter 19 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 19
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 19 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 19?
Եսայի Chapter 19 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 19 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Դանիել Chapter 5
- Առակներ Chapter 22
- Եսայի Chapter 18
- Զաքարիա Chapter 4
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 26
- Բ Սամուել Chapter 7
- Եզեկիել Chapter 27