Եզեկիել Chapter 27

For English

Read Եզեկիել Chapter 27 Online

Read Եզեկիել Chapter 27 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզեկիել 27

Գլուխ 27

1. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

2. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի վրայ ողբա՛

3. Եւ Տիւրոսին ըսէ՛. ‘Ով ծովուն մուտքերը բնակող, շատ կղզիներու մէջ ժողովուրդներուն հետ վաճառականութիւն ընող, ո՛վ Տիւրոս, դուն ըսիր թէ «Ես գեղեցկութեան մէջ կատարեալ եմ»։

4. Քու սահմաններդ ծովուն մէջտեղն են. քեզ շինողները քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։

5. Անոնք քու բոլոր նաւերուդ տախտակները Սանիրի մայրիէն շինեցին. Լիբանանէն եղեւիններ առին, որպէս զի քեզի կայմեր շինեն։

6. Քու թիերդ Բասանի կաղնիներէն շինեցին, քու նստարաններդ Կիտացիներու կղզիներէն եկած տօսախէ շինեցին՝ փղոսկրով պատուած։

7. Քու բացած առագաստդ Եգիպտոսի զարդարուն բեհեզներէն էր. քու ծածկոցդ Եղիսայի կղզիներուն կապուտակ ու ծիրանեգոյն կերպասէն էր։

8. Սիդոնի ու Արուադի բնակիչները քու թիավարներդ էին. քու մէջդ եղող իմաստունները, ո՛վ Տիւրոս, անոնք քու նաւավարներդ էին։

9. Գեբաղի ծերերը ու անոր իմաստունները քու մէջդ էին՝ քու ծածկուած նաւերդ նորոգելու համար։ Ծովուն բոլոր նաւերն ու անոնց նաւաստիները քու առուտուրդ ընելու համար քու մէջդ էին։

10. Քու զօրքերուդ մէջ պատերազմիկ Պարսիկները, Ղուդացիներն ու Փուդացիներն էին։ Անոնք քու մէջդ վահան ու սաղաւարտ կը կախէին ու անոնք քեզ փառաւորեցին։

11. Արուադացիները քու զօրքիդ հետ՝ շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ ու Դամադացիները քու աշտարակներուդ մէջ էին։ Անոնք իրենց վահանները շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ կը կախէին։ Անոնք քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։

12. «Ամէն տեսակ ապրանք շատ ըլլալուն համար՝ Թարսիսի բնակիչները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ արծաթի, երկաթի, անագի ու կապարի առուտուր կ’ընէին։

13. Յաւան, Թոբէլ ու Մոսոք քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ մարդ կը փոխանակէին ու պղնձէ ամաններու առուտուր կ’ընէին։

14. Թորգոմի տունէն քու վաճառանոցներդ ձիեր ու կառաձիեր եւ ջորիներ կը բերէին։

15. Դեդանի որդիները քու վաճառականներդ էին. շատ մը կղզիներու վաճառականութիւն քու ձեռքդ էր։ Անոնք քեզի հետ փղոսկրի ժանիքներով ու ոպնիազով փոխանակութիւն կ’ընէին։

16. Ձեռագործներուդ շատութեանը համար Ասորիները քու վաճառականներդ էին։ Քու վաճառանոցներուդ մէջ կարկեհանի, ծիրանեգոյնի, ասեղնագործ կերպասի, բեհեզի, բուստերու ու կարմիր յակինթի առուտուր կ’ընէին։

17. Յուդայի ու Իսրայէլի երկիրը քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ Մեննիթի ցորենի, խմորեղէնի, մեղրի, իւղի ու բալասանի առուտուր կ’ընէին։

18. Ձեռագործներուդ շատութենէն, ամէն տեսակ ապրանքի շատ ըլլալուն համար, Դամասկոս քու վաճառականդ էր՝ Քեղբոնի գինիով ու ճերմակ բուրդով կը փոխանակէին։

19. Վէդան ու Յաւան քու վաճառանոցներդ մանած կը բերէին։ Քու վաճառքներուդ մէջ բանուած երկաթ, կասիա ու խունկեղէն կար։

20. Կառքերու համար պաստառակալներ բերող վաճառականդ Դեդան էր։

21. Արաբացիներն ու Կեդարի բոլոր իշխանները քու պատրաստ վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ գառնուկներու, խոյերու ու նոխազներու առուտուր կ’ընէին։

22. Սաբայի ու Ռեգմայի վաճառականները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ ամէն տեսակ ընտիր խունկերու եւ ամէն տեսակ պատուական քարերու ու ոսկիի առուտուր կ’ընէին։

23. Խառան, Քաննէ ու Եդեմ, Սաբայի վաճառականները եւ Ասորեստան ու Քաղմադ քու վաճառականներդ էին։

24. Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ քեզի հետ շքեղ հանդերձներով, կապուտակ ու ասեղնագործուած վերարկուներով ու երփներանգ զգեստներով լեցուած ու չուաններով կապուած եղեւնափայտէ սնտուկներու առուտուր կ’ընէին։

25. Թարսիսի նաւերը քու առուտուրիդ համար կը պտըտէին»։ «Այսպէս դուն լեցուեցար ու խիստ փառաւոր եղար ծովուն մէջտեղը»։

26. «Թիավարներդ քեզ դէպի շատ ջուրերը առաջնորդեցին։ Արեւելեան հովը քեզ ծովուն մէջտեղը խորտակեց։

27. Քու ապրանքներդ ու վաճառքներդ, քու նաւավարներդ, քու նաւերդ նորոգողներն ու քեզի հետ առուտուր ընողները եւ քու մէջդ եղող բոլոր պատերազմիկները ու քու մէջդ եղող բոլոր բազմութիւնը քու կործանումիդ օրը ծովուն մէջտեղը պիտի ընկղմին։

28. Քու նաւավարներուդ աղաղակին ձայնէն արուարձանները պիտի սարսին։

29. Բոլոր թի քաշող նաւաստիները եւ նաւավարները իրենց նաւերէն պիտի իջնեն ու ցամաքը պիտի կայնին։

30. Իրենց ձայնը քու վրայովդ լսել պիտի տան ու դառնապէս պիտի աղաղակեն եւ իրենց գլուխներուն վրայ հող պիտի ցանեն ու մոխիրի մէջ պիտի թաւալին։

31. Քեզի համար մազերնին պիտի փետտեն եւ քուրձ պիտի հագնին ու քեզի համար սրտի ցաւով ու դառն ողբով պիտի լան։

32. Իրենց սուգին մէջ քեզի համար ողբի ձայն պիտի վերցնեն ու քու վրադ ողբան ըսելով. ‘Կա՞ր Տիւրոսի նման քաղաք, որ ծովուն մէջ բնաջինջ եղաւ’։

33. Քանի որ քու վաճառքներդ ծովէն կ’ելլէին, շատ ազգեր կը կշտացնէիր, շատ ապրանքներով ու առուտուրներով շատ թագաւորներ կը հարստացնէիր։

34. Ջուրերուն խորութեանը մէջ ծովերէն կլլուած ատենդ՝ քու վաճառքներդ եւ բոլոր նաւաստիները քեզի հետ ընկղմեցան։

35. Կղզիներու բոլոր բնակիչները քու վրադ ապշեցան ու անոնց թագաւորները խիստ զարհուրեցան, իրենց երեսները դեղնեցան։

36. Ազգերուն վաճառականները վրադ սուլեցին։ Դուն սոսկումի պատճառ եղար եւ յաւիտենապէս ոչնչացար»։

About Եզեկիել Chapter 27

Read Եզեկիել Chapter 27 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզեկիել
Chapter: 27
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզեկիել Chapter 27 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզեկիել Chapter 27?

Եզեկիել Chapter 27 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 27 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզեկիել

  1. Եզեկիել Chapter 36
  2. Եզեկիել Chapter 35
  3. Եզեկիել Chapter 28
  4. Եզեկիել Chapter 24
  5. Եզեկիել Chapter 25
  6. Եզեկիել Chapter 8
  7. Եզեկիել Chapter 47

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հոբ Chapter 25
  2. Ղևտական Chapter 16
  3. Եզեկիել Chapter 24
  4. Ծննդոց Chapter 21
  5. Բ Մնացորդաց Chapter 23
  6. Սաղմոսներ Chapter 59
  7. Եզեկիել Chapter 17

Related Chapters & Readings

  1. Եսթեր Chapter 6
  2. Եսթեր Chapter 7
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 23
  4. Մաղաքիա Chapter 4
  5. Եսթեր Chapter 8
  6. Դատավորներ Chapter 17
  7. Գ Թագավորներ Chapter 15
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *