Ժողովող Chapter 2

For English

Read Ժողովող Chapter 2 Online

Read Ժողովող Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ժողովող and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ժողովող 2

Գլուխ 2

1. Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ», Ուստի բարիքներ վայելէ։ Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։

2. Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է» Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։

3. Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ, Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը, Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն, Որ կրնան ընել երկնքի տակ Իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։

4. Մեծ գործեր ըրի։ Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։

5. Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցի Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։

6. Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի, Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։

7. Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։ Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ, Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։

8. Նաեւ արծաթ ու ոսկի Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։ Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցի Եւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։

9. Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն Ամենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։

10. Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։ Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։ Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։

11. Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։

12. Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու, Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը, Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել։ Ինչ որ արդէն ըրած են։

13. Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։

14. Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ թէ Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։

15. Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի «Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի, Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ». Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։

16. Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին Մնայուն յիշատակը չկայ։ Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաները Ապագային պիտի մոռցուին։ Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։ Անմիտին պէս։

17. Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ, Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան, Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։

18. Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ, Քանզի ինծմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։

19. Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։ Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ, Որոնք արեւուն տակ կատարեցի, Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

20. Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայով Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։

21. Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ, Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։

22. Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։

23. Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերով Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են։ Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

24. Մարդս ուտելէն ու խմելէն Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։

25. Վասն զի ինծմէ զատ՝ ՝ ո՞վ կրնայ ուտել Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։

26. Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ, Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ, Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

About Ժողովող Chapter 2

Read Ժողովող Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ժողովող
Chapter: 2
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ժողովող. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ժողովող Chapter 2 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ժողովող Chapter 2?

Ժողովող Chapter 2 is part of the Book of Ժողովող in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ժողովող Chapter 2 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ժողովող

  1. Ժողովող Chapter 6
  2. Ժողովող Chapter 7
  3. Ժողովող Chapter 4
  4. Ժողովող Chapter 12
  5. Ժողովող Chapter 11
  6. Ժողովող Chapter 10
  7. Ժողովող Chapter 9

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դ Թագավորներ Chapter 14
  2. Բ Սամուել Chapter 8
  3. Սաղմոսներ Chapter 20
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 2
  5. Եսայի Chapter 41
  6. Սաղմոսներ Chapter 63
  7. Թվեր Chapter 26

Related Chapters & Readings

  1. Ելից Chapter 13
  2. Գ Թագավորներ Chapter 7
  3. Ամոս Chapter 1
  4. Սաղմոսներ Chapter 132
  5. Եփեսացիներ Chapter 3
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 23
  7. Հոբ Chapter 37
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *