Եսայի Chapter 38

For English

Read Եսայի Chapter 38 Online

Read Եսայի Chapter 38 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 38

Գլուխ 38

1. Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։

2. Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ

3. Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ» ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։

4. Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛.

5. Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ

6. Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։

7. Այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ’։ Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ.

8. ‘Ահա ստուերը Աքազին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ’» ու արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ։

9. Այս է Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, որ իր հիւանդանալուն ու հիւանդութենէ ելլելուն ատենը գրեց.

10. «Ես ըսի՝ ‘Իմ օրերուս հանգիստ ժամանակին՝ ՝ մէջ Գերեզմանին դռները պիտի երթամ. Մնացած տարիներէս զրկուեցայ’։

11. Ըսի՝ Տէրը պիտի չտեսնեմ, Տէրը պիտի չտեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ Եւ միւս աշխարհին բնակիչներուն հետ ըլլալով, Ա՛լ մարդու պիտի չնայիմ։

12. Իմ շրջանս կը չուէ Ու հովիւներուն տաղաւարին պէս ինծմէ կը փոխադրուի։ Իմ կեանքս կտրեցի ոստայնանկի պէս. Առէջէն զիս կը կտրէ, Ցորեկուրնէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։

13. Մինչեւ առաւօտ սպասեցի. Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ. Ցորեկուընէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։

14. Կռունկի պէս կամ ծիծեռնակի պէս կը ճչէի, Աղաւնիի պէս կը մնչէի։ Վեր նայելէն աչքերս տկարացան։ Ո՛վ Տէր, տագնապի մէջ եմ, ինծի ձեռնտո՛ւ եղիր։

15. Ի՞նչ ըսեմ. ինք ինծի խօսեցաւ ու ինք կատարեց։ Իմ բոլոր տարիներուս մէջ Հոգիիս այս ցաւին համար կամաց կամաց պիտի քալեմ։

16. Ո՛վ Տէր, մարդիկ ասոնցմով կ’ապրին Ու իմ հոգիիս կեանքը ասոնց ամենուն մէջն է։ Զիս բժշկեցիր ու ապրեցուցիր։

17. Խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն եկաւ ինծի. Բայց դուն իմ հոգիս սիրեցիր ու ապականութեան գուբէն փրկեցիր, Վասն զի բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։

18. Քանզի գերեզմանը քեզ չի կրնար օրհնել, Մահը քեզի փառք չի կրնար տալ. Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն կրնար յուսալ։

19. Ապրողը, ապրո՛ղը քեզ պիտի օրհնէ, Ինչպէս ես այսօր կ’ընեմ։ Հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ քու ճշմարտութիւնդ։

20. Տէրը իմ փրկութիւնս եղաւ, Անոր համար մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ, Իմ օրհնութիւններս Տէրոջը տանը մէջ Լար ունեցող նուագարաններով պիտի երգենք։

21. Վասն զի Եսայի ըսեր էր. «Չոր թուզեր թող առնեն, մանրեն ու վէրքին վրայ դնեն եւ պիտի առողջանայ»։

22. Ու Եզեկիա ըսեր էր. «Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։

About Եսայի Chapter 38

Read Եսայի Chapter 38 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 38
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 38 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 38?

Եսայի Chapter 38 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 38 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 59
  4. Եսայի Chapter 50
  5. Եսայի Chapter 31
  6. Եսայի Chapter 30
  7. Եսայի Chapter 29

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Երեմիա Chapter 36
  2. Եսայի Chapter 35
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 33
  4. Հեսու Chapter 7
  5. Սաղմոսներ Chapter 135
  6. Ա Մնացորդաց Chapter 26
  7. Սաղմոսներ Chapter 82

Related Chapters & Readings

  1. Մատթեոս Chapter 25
  2. Երեմիա Chapter 40
  3. Եզեկիել Chapter 36
  4. Սաղմոսներ Chapter 35
  5. Սաղմոսներ Chapter 83
  6. Հովհաննես Chapter 1
  7. Ղուկաս Chapter 8
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *