Read Բ Մնացորդաց Chapter 21 Online
Read Բ Մնացորդաց Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Բ Մնացորդաց and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Բ Մնացորդաց 21
Գլուխ 21
1. Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամը թագաւոր եղաւ։
2. Յովրամին եղբայրներն էին՝ Ազարիան, Յեքիէլը, Զաքարիան, Ազարիուն, Միքայէլն ու Սափատիան։ Ասոնք ամէնքը Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովսափատին որդիներն էին։
3. Անոնց հայրը արծաթ ու ոսկի ու թանկագին բաներ, շատ պարգեւներ տուաւ անոնց, նաեւ Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ, բայց թագաւորութիւնը Յովրամին տուաւ, քանզի անդրանիկը ան էր։
4. Երբ Յովրամ իր հօրը թագաւորութեան աթոռը նստաւ ու զօրացաւ, իր բոլոր եղբայրներն ու Իսրայէլի իշխաններէն մէկ քանիները սրով մեռցուց։
5. Յովրամ երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
6. Անիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց (քանզի Աքաաբին աղջիկը անոր կինն էր) ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
7. Բայց Տէրը, Դաւիթին հետ ըրած ուխտին համար եւ անոր ու անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տալու խոստումին համար, Դաւիթին տունը կորսնցնել չուզեց։
8. Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։
9. Յովրամ իր իշխաններովն ու բոլոր կառքերովը գիշերով գնաց եւ իր չորս կողմը գտնուող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ։
10. Բայց Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբ մնացին մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանզի անիկա իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էր։
11. Անիկա Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց ու Երուսաղէմին բնակիչներուն պոռնկութիւն ընել տուաւ եւ Յուդան գլխէ հանեց։
12. Եղիա մարգարէէն անոր թուղթ մը եկաւ, որով կ’ըսէր. «Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու հօրդ Յովսափատին ճամբաներէն ու Յուդային Ասա թագաւորին ճամբաներէն չքալեցիր,
13. Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն քալեցիր եւ Յուդային ու Երուսաղէմին բնակիչներուն՝ Աքաաբին տանը պոռնկութիւններուն պէս պոռնկութիւն ընել տուիր ու նաեւ քեզմէ աղէկ եղող եղբայրներդ, քու հօրդ որդիները մեռցուցիր,
14. Ահա քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ եւ քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնեմ
15. Ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչեւ որ փորոտիքդ դուրս թափին այն հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ’»։
16. Տէրը Յովրամին դէմ գրգռեց Փղշտացիները ու Եթովպիացիներուն մօտերը բնակող Արաբացիները
17. Եւ անոնք Յուդայի վրայ ելան ու զանիկա կողոպտեցին եւ թագաւորին տանը մէջ գտնուած բոլոր ստացուածքը ու անոր որդիներն ու կիներն ալ քշեցին տարին ու անոր որդիներէն միայն անոր պզտիկ որդին Յովաքազը ազատուեցաւ։
18. Այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր։
19. Ժամանակի ընթացքին, այսինքն երկու տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետքը, իր հիւանդութենէն փորոտիքը դուրս թափեցան ու չարաչար հիւանդութիւնով մեռաւ։ Ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեցին, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էին։
20. Անիկա թագաւոր եղած ատենը երեսունըերկու տարեկան էր եւ ութը տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա մեռաւ եւ ոեւէ մէկը անոր վրայ չցաւեցաւ՝ ՝։ Զանիկա ալ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ոչ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ։
About Բ Մնացորդաց Chapter 21
Read Բ Մնացորդաց Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Բ Մնացորդաց
Chapter: 21
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Բ Մնացորդաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Բ Մնացորդաց Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Բ Մնացորդաց Chapter 21?
Բ Մնացորդաց Chapter 21 is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Բ Մնացորդաց Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Բ Մնացորդաց
- Բ Մնացորդաց Chapter 35
- Բ Մնացորդաց Chapter 29
- Բ Մնացորդաց Chapter 20
- Բ Մնացորդաց Chapter 19
- Բ Մնացորդաց Chapter 25
- Բ Մնացորդաց Chapter 6
- Բ Մնացորդաց Chapter 15
Explore More from Հին Կտակարան
- Թվեր Chapter 11
- Եզեկիել Chapter 12
- Եսթեր Chapter 7
- Թվեր Chapter 27
- Եսայի Chapter 30
- Թվեր Chapter 29
- Եսայի Chapter 5