Երկրորդ Օրինաց Chapter 7

For English

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 7 Online

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երկրորդ Օրինաց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երկրորդ Օրինաց 7

Գլուխ 7

1. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ժառանգելու համար ու քու առջեւէդ շատ ազգեր հալածէ, այսինքն Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, այս եօթը ազգերը, որոնք քեզմէ մեծ ու զօրաւոր են

2. Ու երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, զանոնք զա՛րկ ու բոլորովին կորսնցուր. անոնց հետ ուխտ մի՛ ըներ ու անոնց մի՛ ողորմիր.

3. Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ.

4. Վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ։

5. Սակայն՝ անոնց այսպէս ըրէք՝ անոնց սեղանները կործանեցէ՛ք, անոնց արձանները խորտակեցէ՛ք, անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք ու անոնց քանդակուած կուռքերը կրակով այրեցէ՛ք։

6. Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես եւ քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս։

7. Տէրը ձեզ սիրեց ու ընտրեց ո՛չ թէ բոլոր ազգերէն շատ ըլլալնուդ համար, քանզի դուք բոլորէն քիչ էիք։

8. Այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ զօրաւոր ձեռքով ծառայութեան տունէն հանեց եւ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց։

9. Արդ՝ գիտցի՛ր, որ քու Տէր Աստուածդ ի՛նքն է Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն մինչեւ հազար ազգը ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ,

10. Բայց զինք ատողներն ալ ուղղակի կը պատժէ եւ կը կորսնցնէ։ Զինք ատողին պատիժը չ’ուշացներ, անոր ուղղակի կը փոխարինէ։

11. Ուրեմն պահէ՛ դուն այն պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի զանոնք կատարես։

12. Ուստի եթէ այս օրէնքները լսելով զանոնք պահես ու գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի համար քու հայրերուդ երդում ըրած ուխտն ու ողորմութիւնը պիտի պահէ.

13. Նաեւ քեզ պիտի սիրէ եւ քեզ պիտի օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ եւ քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ որ քեզի տայ։

14. Դուն բոլոր ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս ու ձեր մէջ եւ ձեր անասուններուն մէջ, թէ արուներէն եւ թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի։

15. Տէրը բոլոր հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ ու Եգիպտացիներուն գէշ ցաւերը, որոնք դուն գիտես, բնաւ քու վրադ պիտի չբերէ, այլ զանոնք քու բոլոր թշնամիներուդ վրայ պիտի ղրկէ։

16. Եւ դուն պիտի սպառես այն բոլոր ազգերը, որոնք քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ պիտի տայ։ Քու աչքդ անոնց պէտք չէ խնայէ ու անոնց աստուածները պէտք չէ պաշտես, վասն զի այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։

17. Եթէ սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Այն ազգերը ինծմէ շատուոր են, ես ի՞նչպէս կրնամ զանոնք հալածել’,

18. Անոնցմէ մի՛ վախնար, այլ միշտ յիշէ՛ ինչ որ քու Տէր Աստուածդ ըրաւ Փարաւոնին ու բոլոր Եգիպտացիներուն,

19. Այն մեծամեծ փորձանքները, որոնց դուն ականատես եղար, այն նշաններն ու հրաշքները, այն զօրաւոր ձեռքն ու բարձր բազուկը, որոնցմով քու Տէր Աստուածդ քեզ հանեց։ Քու Տէր Աստուածդ նոյնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ազգերուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս։

20. Նաեւ քու Տէր Աստուածդ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէս զի մնացածներն ու քու երեսէդ պահուըտողները կորսուին։

21. Ուրեմն անոնց երեսէն մի՛ վախնար. քանզի քու Տէր Աստուածդ՝ այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը՝ ձեր մէջ է։

22. Եւ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ. զանոնք պէտք չէ մէկէն հատցնես, որպէս զի դաշտին գազանները չշատնան։

23. Քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ ու զանոնք մեծ կործանումով պիտի կործանէ, մինչեւ ամէնքը բնաջինջ ըլլան։

24. Անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի տայ։ Անոնց անունները երկնքի տակէն ոչնչացո՛ւր ու ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ քեզի դէմ կենալ, մինչեւ զանոնք կորսնցնես։

25. Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով պէտք է այրես ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք մի՛ տնկեր ու զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէս զի անոնցմով որոգայթի մէջ չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են։

26. Արդ՝ գարշելի բան մը տունդ մի՛ տանիր, որպէս զի դուն ալ անոր պէս չնզովուիս։ Անկէ բոլորովին զզուէ՛ ու զանիկա խիստ գարշելի սեպէ՛, վասն զի ան նզովուած է։

About Երկրորդ Օրինաց Chapter 7

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երկրորդ Օրինաց
Chapter: 7
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երկրորդ Օրինաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երկրորդ Օրինաց Chapter 7 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երկրորդ Օրինաց Chapter 7?

Երկրորդ Օրինաց Chapter 7 is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երկրորդ Օրինաց Chapter 7 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երկրորդ Օրինաց

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 15
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 11
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 9
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 3
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 32

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ծննդոց Chapter 35
  2. Սաղմոսներ Chapter 73
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 17
  4. Ա Մնացորդաց Chapter 6
  5. Գ Թագավորներ Chapter 5
  6. Երեմիա Chapter 35
  7. Եսայի Chapter 22

Related Chapters & Readings

  1. Առակներ Chapter 22
  2. Սաղմոսներ Chapter 143
  3. Սաղմոսներ Chapter 116
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 9
  5. Սաղմոսներ Chapter 135
  6. Եզեկիել Chapter 6
  7. Բ Սամուել Chapter 2
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *