Read Եզեկիել Chapter 21 Online
Read Եզեկիել Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եզեկիել 21
Գլուխ 21
1. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Երուսաղէմ դարձո՛ւր ու սուրբ տեղերուն խօսէ՛ ու Իսրայէլի երկրին մարգարէութիւն ըրէ՛
3. Եւ Իսրայէլի երկրին ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ ու իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ եւ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ։
4. Քանի որ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ, անոր համար հարաւէն մինչեւ հիւսիս ամէն մարմնի դէմ իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ եւ
5. Ամէն մարմին պիտի գիտնայ թէ անգամ մըն ալ ետ պիտի չդարձնեմ։
6. Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, հեծեծէ, կոտրած սրտով եւ դառնութեամբ անոնց աչքերուն առջեւ հեծեծէ՛։
7. Երբ քեզի հարցնեն թէ ‘Ինչո՞ւ կը հեծեծես’, այն ատեն ըսէ՛. ‘Գոյժին համար, վասն զի կու գայ եւ ամէն սիրտ պիտի հալի եւ ամէն ձեռք պիտի թուլնայ ու ամէն հոգի պիտի մարի եւ ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի ըլլայ. ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
8. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
9. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ըսէ թէ Սո՜ւրը, սո՜ւրը սրուեցաւ ու նաեւ սրբուեցաւ։
10. Մեծ կոտորած ընելու համար սրբուեցաւ։ Հիմա մենք ուրախանա՞նք։ Իմ որդիիս գաւազանը ամէն փայտ կ’անարգէ։
11. Բայց Ինք սրբուելու տուաւ զանիկա, որպէս զի ձեռքով բռնուի։ Այս սուրը սրուած է ու սրբուած է, որպէս զի զանիկա սպաննողին ձեռքը տայ։
12. Աղաղակէ՛ ու ողբա՛, որդի՛ մարդոյ, քանզի անիկա իմ ժողովուրդիս վրայ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն վրայ պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ սուրի պատճառով վախեր պիտի ըլլան։ Անոր համար քու ազդրիդ զարկ,
13. Վասն զի փորձ պիտի չըլլայ ու ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ գաւազանը արհամարհես», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
14. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ մարգարէութիւն ըրէ ու ձեռքերդ իրարու զա՛րկ եւ սուրը, սպաննուածներուն սուրը, երեք անգամ թող կրկնուի. մեծամեծներուն, վիրաւորներուն սուրը ասիկա է, որ անոնց բոլորտիքը պաշարեց՝ ՝։
15. Իրենց սրտերուն նուաղելուն համար ու խոչերուն շատնալուն համար՝ անոնց բոլոր դռներուն վրայ սուրին վախը դրի։ Աւա՜ղ, անիկա փայլելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ։
16. Ինքզինքդ հաւաքէ՛, զա՛րկ քու աջ կամ ձախ կողմդ, ուր որ երեսդ դարձած է։
17. Ես ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ եւ իմ սրտմտութիւնս պիտի հատցնեմ, ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։
18. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
19. «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի երկու ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ։ Անոնց երկուքն ալ մէկ երկրէ պիտի ելլեն։ Տեղ մը ընտրէ՛, քաղաքին ճամբուն գլուխը ընտրէ՛։
20. Ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի սուրը գայ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային վրայ եւ Յուդայի մէջ եղող պարսպապատ Երուսաղէմին վրայ։
21. Վասն զի Բաբելոնի թագաւորը ճամբուն բաժանումին վրայ՝ երկու ճամբուն գլուխը կայնեցաւ, որպէս զի հմայութիւն ընէ։ Անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լեարդին նայեցաւ։
22. Անոր աջ ձեռքին մէջ հմայութիւն կար Երուսաղէմի համար, որպէս զի մեքենաներ դնեն, պատերազմի մէջ բերաննին բանան ու աղաղակով ձայն վերցնեն, դռներու դէմ մեքենաներ դնեն, հողաբլուր կանգնեցնեն ու մարտկոց շինեն։
23. Բայց ասիկա անոնց աչքերուն առջեւ սնոտի հմայութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի անոնք երդումներ ըրեր էին. բայց անիկա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէս զի բռնուին։
24. «Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան ու բոլոր գործերնուդ մէջ ձեր մեղքերը երեւցան, զանոնք յիշեցնելնուդ համար ձեռքով պիտի բռնուիք։
25. Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլի պիղծ ու ամբարիշտ իշխան, օրը հասեր է, քու անօրէնութեանդ վերջին պատիժին ժամանակը’։
26. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. ասիկա այսպէս չըլլար. ցածը բարձրացո՛ւր ու բարձրը ցածցո՛ւր։
27. Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ’»։
28. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ, Ամմոնի որդիներուն համար ու անոնց նախատինքին համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Սուրը, սուրը քաշուած է, որ մորթելու համար սրբուած է, որպէս զի իր փայլատակումով հատցնէ,
29. Երբ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն, սուտ հմայութիւններ կ’ընեն, որպէս զի ամբարիշտներուն պարանոցին վրայ բերեն, որոնց օրը հասեր է եւ անոնց անօրէնութեանը ժամանակին վախճանը.
30. Զանիկա իր պատեանը դարձնե՞մ։ Քեզ քու ստեղծման տեղդ ու ծննդեանդ երկրին մէջ պիտի դատեմ։
31. Քու վրադ իմ բարկութիւնս պիտի թափեմ, քու վրադ իմ սրտմտութեանս կրակովը պիտի փչեմ ու քեզ բարբարոս մարդոց, ապականելու վարպետ եղողներուն ձեռքը պիտի տամ։
32. Հրոյ ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի ըլլայ, դուն պիտի չյիշուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։
About Եզեկիել Chapter 21
Read Եզեկիել Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եզեկիել
Chapter: 21
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եզեկիել Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եզեկիել Chapter 21?
Եզեկիել Chapter 21 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եզեկիել
- Եզեկիել Chapter 36
- Եզեկիել Chapter 28
- Եզեկիել Chapter 35
- Եզեկիել Chapter 25
- Եզեկիել Chapter 24
- Եզեկիել Chapter 46
- Եզեկիել Chapter 42
Explore More from Հին Կտակարան
- Ծննդոց Chapter 21
- Սաղմոսներ Chapter 105
- Հոբ Chapter 29
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 26
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 28
- Երեմիա Chapter 9
- Բ Մնացորդաց Chapter 17