Read Սաղմոսներ Chapter 68 Online
Read Սաղմոսներ Chapter 68 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սաղմոսներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Սաղմոսներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Սաղմոսներ 68
Գլուխ 68
1. Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին Ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։
2. Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի, Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի, Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։
3. Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան, Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծան Եւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։
4. Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը. Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին. Որուն անունը Եահ է Ու ցնծացէք անոր առջեւ։
5. Որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։
6. Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ, Կապուածները յաջողութեան կ’առաջնորդէ, Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։
7. Ո՛վ Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջեւէն գացած ատենդ, Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,)
8. Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։ Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։
9. Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր, Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։
10. Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ. Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։
11. Տէրը պատգամ տուաւ. Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են.
12. «Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։ Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն,
13. Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան, Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուած Ու անոր փետուրները՝ դեղին ոսկիով։
14. Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը, Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։
15. Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է, Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է,
16. Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք. Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։ Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։
17. Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազարաւոր անգամ հազար՝ ՝. Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։
18. Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր, Պարգեւներ առիր մարդոց համար Ու ապստամբներուն համար ալ, Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։
19. Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր. Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ՝ ՝, Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։)
20. Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է, Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։
21. Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը, Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։
22. Տէրը ըսաւ. «Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ. Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ.
23. Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի, Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ»։
24. Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած. Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։
25. Առջեւէն երգողները գացին, Ետեւէն նուագածուները՝ Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։
26. «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք, Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։
27. Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը, Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը, Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։
28. Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։ Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։
29. Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝ Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։
30. Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովը Ժողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛, Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան, Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։
31. Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան. Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։
32. Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ, Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,)
33. Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ կը նստի Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը,
34. Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ. Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։
35. Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։ Իսրայէլի Աստուածը՝ Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։ Աստուած օրհնեալ ըլլայ։
About Սաղմոսներ Chapter 68
Read Սաղմոսներ Chapter 68 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սաղմոսներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Սաղմոսներ
Chapter: 68
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Սաղմոսներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Սաղմոսներ Chapter 68 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Սաղմոսներ Chapter 68?
Սաղմոսներ Chapter 68 is part of the Book of Սաղմոսներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Սաղմոսներ Chapter 68 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Ծննդոց Chapter 4
Explore More from Սաղմոսներ
- Սաղմոսներ Chapter 131
- Սաղմոսներ Chapter 135
- Սաղմոսներ Chapter 76
- Սաղմոսներ Chapter 39
- Սաղմոսներ Chapter 125
- Սաղմոսներ Chapter 92
- Սաղմոսներ Chapter 97