Բ Սամուել Chapter 12

For English

Read Բ Սամուել Chapter 12 Online

Read Բ Սամուել Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Սամուել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Բ Սամուել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Բ Սամուել 12

Գլուխ 12

1. Տէրը Նաթանը Դաւիթին ղրկեց։ Նաթան գնաց եւ անոր ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ։

2. Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր,

3. Բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առեր էր ու կը սնուցանէր։ Գառնուկը անոր հետ ու անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր ու անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր ու անոր՝ աղջկան մը պէս էր։

4. Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։

5. Այն ատեն Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։

6. Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ»։

7. Այն ատեն Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի ու քեզ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի

8. Եւ տիրոջդ տունը քեզի ու տիրոջդ կիները քու ծոցդ տուի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի ու եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի՝ ՝։

9. Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր։

10. Հիմա զիս անարգելուդ համար ու Քետացի Ուրիային կինը քեզի կին առնելուդ համար, քու տունէդ սուրը յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ։

11. Եւ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։

12. Թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլին առջեւ ու արեգակին առջեւ պիտի ընեմ’»։

13. Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս

14. Եւ որովհետեւ այս բանով Տէրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր, անոր համար այս քեզի ծնած տղան անշուշտ պիտի մեռնի»։

15. Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր ու սաստիկ հիւանդացաւ։

16. Դաւիթ մանուկին համար Աստուծոյ աղաչեց ու ծոմ պահեց ու գնաց բոլոր գիշերը գետնին վրայ պառկեցաւ։

17. Անոր տանը ծերերը անոր քով գացին՝ ՝, որպէս զի զանիկա գետնէն վերցնեն. բայց անիկա չուզեց ու անոնց հետ հաց չկերաւ։

18. Եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ։ Դաւիթին ծառաները մանուկին մեռնիլը անոր իմացնել վախցան, քանզի ըսին. «Ահա քանի որ մանուկը ողջ էր՝ անոր ըսինք ու անիկա մեր խօսքին մտիկ չըրաւ. ի՞նչպէս անոր ըսենք թէ՝ ‘Մանուկը մեռաւ’, որ գէշ բան մը ընէ»։

19. Բայց Դաւիթ իր ծառաներուն շշնջիւնը տեսնելով՝ իմացաւ որ մանուկը մեռեր է ու Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Մանուկը մեռա՞ւ»։ Անոնք ըսին. «Մեռաւ»։

20. Այն ատեն Դաւիթ գետնէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց ու Տէրոջը տունը մտնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ։ Յետոյ իր տունը դարձաւ եւ ուզեց ու անոր առջեւ հաց դրին ու կերաւ։

21. Ծառաները անոր ըսին. «Այս ըրած բանդ ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանի որ մանուկը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ մանուկը մեռածին պէս ելար հաց կերար»։

22. Դաւիթ ըսաւ. «Քանի որ մանուկը ողջ էր, ծոմ պահեցի ու լացի. քանզի ըսի. ‘Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի ու մանուկը առողջանայ’։

23. Բայց հիմա անիկա մեռած է, ինչո՞ւ համար ծոմ պահեմ. միթէ ես կրնա՞մ զանիկա ետ դարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց անիկա ինծի պիտի չդառնայ»։

24. Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։

25. Նաթան մարգարէին ձեռքով պատգամ ղրկեց եւ անոր անունը Տէրոջը համար Յեդիդիա կոչեց։

26. Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրաւ ու թագաւորանիստ քաղաքը առաւ։

27. Յովաբ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրի ու ջուրերուն քաղաքը առի։

28. Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ ու քաղաքին դէմ բանակ դիր եւ զանիկա առ. չըլլայ որ քաղաքը ես առնեմ ու անոր վրայ իմ անունս դրուի»։

29. Ուստի Դաւիթ բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զանիկա առաւ։

30. Անոնց թագաւորին գլխէն թագը առաւ, որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած։ Անիկա Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։

31. Եւ անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներու ու երկաթէ կամնասայլերու ու երկաթէ տապարներու տակ դրաւ եւ զանոնք աղիւսէ փուռէ անցուց։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։

About Բ Սամուել Chapter 12

Read Բ Սամուել Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Սամուել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Բ Սամուել
Chapter: 12
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Բ Սամուել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Բ Սամուել Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Բ Սամուել Chapter 12?

Բ Սամուել Chapter 12 is part of the Book of Բ Սամուել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Բ Սամուել Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Բ-Սամուել

  1. Բ Սամուել Chapter 4
  2. Բ Սամուել Chapter 8
  3. Բ Սամուել Chapter 7
  4. Բ Սամուել Chapter 2
  5. Բ Սամուել Chapter 15
  6. Բ Սամուել Chapter 3
  7. Բ Սամուել Chapter 23

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եսթեր Chapter 7
  2. Հեսու Chapter 24
  3. Հեսու Chapter 4
  4. Երեմիա Chapter 47
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 11
  6. Ծննդոց Chapter 34
  7. Սաղմոսներ Chapter 23

Related Chapters & Readings

  1. Հեսու Chapter 23
  2. Ա Պետրոս Chapter 5
  3. Ա Մնացորդաց Chapter 23
  4. Ղուկաս Chapter 3
  5. Մատթեոս Chapter 11
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 31
  7. Ա Մնացորդաց Chapter 15
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *