Read Ելից Chapter 21 Online
Read Ելից Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ելից in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ելից and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Ելից 21
Գլուխ 21
1. Անոնց առջեւ դնելու դատաստաններդ ասոնք են.
2. Եթէ Եբրայեցի ծառայ մը ծախու առնելու ըլլաս, անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ եւ եօթներորդ տարին պիտի ազատուի։
3. Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պէտք է ելլէ։
4. Եթէ իր տէրը իրեն կին տուաւ ու անիկա իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինն ու անոր տղաքը տիրոջը պիտի ըլլան ու ինք մինակ պիտի ելլէ։
5. Իսկ եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ’,
6. Այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր։
7. Եթէ մէկը իր աղջիկը աղախին ըլլալու համար ծախէ, անիկա ծառաներուն ելլելուն պէս պիտի չելլէ։
8. Եթէ անիկա հաճելի չերեւնայ իր տիրոջը աչքին՝ որ զանիկա իրեն նշաներ էր, թող փրկել տայ զանիկա. բայց զանիկա օտար ազգի ծախելու իրաւունք պիտի չունենայ, վասն զի խաբած կ’ըլլայ զանիկա։
9. Եթէ զանիկա իր որդիին նշանած է, աղջիկներու օրէնքին պէս ընէ անոր։
10. Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձը, մերձաւորութիւնը պիտի չկտրէ։
11. Եւ եթէ անոր այս երեք բաները չընէ, այն ատեն աղջիկը առանց վճարումի՝ ձրի պիտի երթայ։
12. Մարդ զարնող մեռցնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
13. Իսկ եթէ դարանամուտ չեղաւ, հապա զանիկա Աստուած մատնեց անոր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի սահմանեմ, որպէս զի անիկա հոն փախչի։
14. Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի։
15. Իր հօրը կամ մօրը զարնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
16. Մարդ գողցողը, զանիկա ծախած ըլլայ եւ կամ իր ձեռքը գտնուի, անշուշտ պիտի մեռցուի։
17. Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
18. Եթէ մարդիկ իրարու հետ վէճ ընեն ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ ու անիկա չմեռնի, հապա անկողին պառկի,
19. Եթէ նորէն ելլէ ու ցուպով պտըտի, զարնողը անպարտ ըլլայ, միայն անոր կորսնցուցած ժամանակին արժէքը՝ ՝ հատուցանէ ու բոլորովին առողջացնէ զանիկա։
20. Եթէ մէկը գաւազանով իր ծառային կամ իր աղախինին զարնէ ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։
21. Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր ապրի, անկէ վրէժ չառնուի. քանզի անիկա իր ստակն է։
22. Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։
23. Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս,
24. Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք,
25. Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։
26. Եւ եթէ մէկը իր ծառային աչքը կամ իր աղախինին աչքին զարնէ ու կուրցնէ, անիկա իր աչքին փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։
27. Եւ եթէ իր ծառային ակռան կամ իր աղախինին ակռան թափէ, անիկա իր ակռային փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։
28. Եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշուշտ պէտք է քարկոծել ու անոր միսը պէտք չէ ուտել. բայց եզին տէրը անպարտ պիտի ըլլայ։
29. Բայց եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող է եւ անոր տիրոջն ալ ըսուած է, բայց տէրը զգոյշ եղած չէ եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պէտք է քարկոծել, անոր տէրն ալ մեռցընել։
30. Եթէ փրկանք մը որոշուի, անիկա իր անձին ազատութեանը համար՝ որոշուած փրկագինը թող վճարէ։
31. Եթէ տղու մը եւ կամ աղջկան մը զարնելու ըլլայ եզը, նոյն օրէնքով պիտի դատուի։
32. Եթէ եզը ծառայի մը կամ աղախինի մը զարնէ, եզին տէրը անոնց տիրոջը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, սակայն եզը պէտք է քարկոծուի։
33. Եթէ մէկը փոս մը բանայ, կամ փոս մը փորէ ու չծածկէ եւ հոն եզ մը կամ էշ մը իյնալու ըլլայ
34. Վնասը փոսին տէրը պիտի քաշէ ու անոնց տիրոջը ստակ պիտի տայ, բայց մեռածը իրը պիտի ըլլայ։
35. Եթէ մէկուն եզը իր դրացիին եզին զարնէ ու մեռցնէ, ողջ եզը պիտի ծախեն ու անոր ստակը բաժնեն եւ մեռածն ալ բաժնեն։
36. Իսկ եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող ըլլալը իմաց տրուած ըլլայ, բայց տէրը զանիկա պահած չըլլայ, անշուշտ եզին տեղը եզ պիտի տայ ու մեռածը իրը պիտի ըլլայ»։
About Ելից Chapter 21
Read Ելից Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ելից in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Ելից
Chapter: 21
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ելից. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Ելից Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Ելից Chapter 21?
Ելից Chapter 21 is part of the Book of Ելից in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Ելից Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Ելից
- Ելից Chapter 7
- Ելից Chapter 27
- Ելից Chapter 8
- Ելից Chapter 4
- Ելից Chapter 26
- Ելից Chapter 33
- Ելից Chapter 28
Explore More from Հին Կտակարան
- Եզեկիել Chapter 11
- Ծննդոց Chapter 47
- Հոբ Chapter 42
- Ծննդոց Chapter 13
- Բ Մնացորդաց Chapter 18
- Ծննդոց Chapter 50
- Սաղմոսներ Chapter 106