Դանիել Chapter 7

For English

Read Դանիել Chapter 7 Online

Read Դանիել Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Դանիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Դանիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Դանիել 7

Գլուխ 7

1. Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին առաջին տարին, Դանիէլ երազ մը տեսաւ։ Իր անկողնին մէջ՝ իր գլխուն տեսիլքները եւ երազը գրեց համառօտ կերպով։

2. Դանիէլ ըսաւ. «Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին

3. Ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին։

4. «Առաջինը առիւծի պէս էր ու արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան ու երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ ու անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ։

5. «Երկրորդ գազանը արջի նման էր ու մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռաներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին. ‘Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր’։

6. «Անկէ ետքը տեսայ, ահա ինձի նման ուրիշ մը, որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ։

7. Անկէ ետքը գիշերուան տեսիլքներու մէջ տեսայ չորրորդ գազան մը։ Անիկա ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր։ Անիկա մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր։ Կ’ուտէր ու կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եկող գազաններէն տարբեր էր։ Տասը եղջիւր ունէր։

8. Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւէն միւս եղջիւրներէն երեքը խլուեցան եւ ահա այս եղջիւրին վրայ մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան կար։

9. «Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ու գլխուն մազը բուրդի պէս էր։ Անոր աթոռը՝ կրակի բոցի պէս ու անիւները վառած կրակի պէս էին։

10. Անոր առջեւէն կրակի գետ մը կ’ելլէր ու կը վազէր։ Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին։ Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան։

11. Երբ այն կողմը կը նայէի, այն եղջիւրին մեծ խօսքերուն ձայնին համար, տեսայ թէ գազանը սպաննուեցաւ եւ անոր մարմինը կորսուեցաւ ու կրակի բոցերու տրուեցաւ։

12. Թէեւ միւս գազաններուն իշխանութիւնը վերցուեցաւ, բայց ժամանակ մը անոր կեանքը երկարեցաւ։

13. Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդին Մարդոյ անոր մօտեցուցին։

14. Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի։

15. «Ես՝ Դանիէլս՝ հոգիով իմ ներսիդիս վշտացայ եւ իմ տեսիլքներս զիս խռովեցին։

16. Հոն կայնողներէն մէկուն մօտեցայ ու բոլոր բաներուն իմաստը անոր հարցուցի եւ անիկա ինծի խօսեցաւ ու այս բաներուն մեկնութիւնը ինծի իմացուց.

17. ‘Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն։

18. Եւ Բարձրեալին սուրբերը պիտի առնեն թագաւորութիւնը ու անոնք պիտի ժառանգեն թագաւորութիւնը յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից’։

19. «Ետքը չորրորդ գազանին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ ուզեցի, որ բոլոր միւսներէն տարբեր էր ու խիստ ահեղ էր. անոր ակռաները երկաթէ եւ եղունգները պղնձէ էին, անիկա կ’ուտէր, կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։

20. Նոյնպէս հարցուցի անոր գլխուն վրայի տասը եղջիւրներուն մասին ու միւսին մասին, որուն առջեւէն երեքը ինկան, այսինքն այն եղջիւրին մասին, որ աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան ունէր ու միւսներէն աւելի մեծ կ’երեւէր։

21. Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը միւսներէն մեծ կ’երեւէր եւ կը տեսնէի, որ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց,

22. Մինչեւ որ յաւիտեան կենդանին եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն իրաւունք տրուեցաւ ու ժամանակը հասաւ, որ սուրբերը թագաւորութիւնը առնեն։

23. Անիկա այսպէս ըսաւ. ‘Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ

24. Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ,

25. Բարձրեալին դէմ խօսքեր պիտի ըսէ ու Բարձրեալին սուրբերը պիտի սպառէ եւ պիտի մտածէ ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել։ Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի տրուին։

26. Թէեւ ատեանը պիտի բազմի, բայց անոր իշխանութիւնը պիտի վերցնեն, վերջապէս զանիկա բնաջինջ պիտի ընեն ու կորսնցնեն։

27. Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին’»։

28. «Խօսքին վերջը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլս՝ խիստ խռովեցուցին ու երեսիս գոյնը փոխուեցաւ եւ այս խօսքը սրտիս մէջ պահեցի»։

About Դանիել Chapter 7

Read Դանիել Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Դանիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Դանիել
Chapter: 7
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Դանիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Դանիել Chapter 7 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Դանիել Chapter 7?

Դանիել Chapter 7 is part of the Book of Դանիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Դանիել Chapter 7 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Դանիել

  1. Դանիել Chapter 5
  2. Դանիել Chapter 12
  3. Դանիել Chapter 9
  4. Դանիել Chapter 11
  5. Դանիել Chapter 8
  6. Դանիել Chapter 4
  7. Դանիել Chapter 1

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ա Սամուել Chapter 9
  2. Դ Թագավորներ Chapter 1
  3. Դ Թագավորներ Chapter 6
  4. Հոբ Chapter 26
  5. Բ Սամուել Chapter 14
  6. Ծննդոց Chapter 41
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 23

Related Chapters & Readings

  1. Սաղմոսներ Chapter 30
  2. Հոբ Chapter 16
  3. Առակներ Chapter 19
  4. Հռութ Chapter 4
  5. Ղևտական Chapter 20
  6. Ծննդոց Chapter 30
  7. Եսայի Chapter 50
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *