Read Բ Մնացորդաց Chapter 31 Online
Read Բ Մնացորդաց Chapter 31 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Բ Մնացորդաց and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Բ Մնացորդաց 31
Գլուխ 31
1. Երբ այս ամէնը լմնցաւ, հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիները Յուդայի քաղաքները գացին եւ բոլոր Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթին կուռքերը կոտրտեցին եւ բարձր տեղերն ու սեղանները փլցուցին, այնպէս որ բան մը չթողուցին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքները դարձան։ Ամէն մարդ իր կալուածը։
2. Եզեկիա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումները հաստատեց իր կարգերուն համեմատ, թէ՛ քահանաներուն եւ թէ՛ Ղեւտացիներուն, ամէն մէկուն գործին նայելով, ողջակէզներու ու խաղաղութեան զոհերու համար ու Տէրոջը սրահներուն դռներուն մէջ պաշտելու, գովելու ու օրհնութիւն երգելու համար։
3. Նաեւ իր ստացուածքէն ողջակէզներուն համար, այսինքն Տէրոջը օրէնքի գրքին մէջ գրուածին պէս, առաւօտեան ու երեկոյան ողջակէզներուն համար եւ շաբաթներուն ու ամսագլուխներուն ու հանդիսաւոր տօներուն ողջակէզներուն համար, թագաւորին բաժինը որոշեց։
4. Երուսաղէմի մէջ բնակող ժողովուրդին հրամայեց որ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժինը տան, որպէս զի անոնք Տէրոջը օրէնքը կատարելու նուիրուին։
5. Երբ այս հրամանը հրատարակուեցաւ, Իսրայէլի որդիները ցորենին, գինիին, իւղին, մեղրին եւ բոլոր անդաստաններու բերքերուն երախայրիները առատութեամբ բերին ու ամէն բանի տասանորդը առատապէս բերին։
6. Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի ու Յուդայի որդիները՝ անոնք ալ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդները եւ իրենց Տէր Աստուծոյն նուիրած սուրբ բաներուն տասանորդները բերին ու դիզեցին։
7. Անոնք երրորդ ամսուան մէջ սկսան դիզել եւ եօթներորդ ամսուան մէջ լմնցուցին։
8. Եզեկիա ու իշխանները եկան ու երբ այն դէզերը տեսան՝ Տէրը ու անոր Իսրայէլ ժողովուրդը օրհնեցին։
9. Եզեկիա այն դէզերուն համար քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն հարցուց։
10. Եւ Սադովկի տունէն եղող մեծ քահանան՝ Ազարիան՝ անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Երբ ընծաները Տէրոջը տունը բերելու սկսան՝ կերանք, կշտացանք ու խիստ շատ աւելցաւ, վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը օրհնեց ու աւելցածը այս առատութիւնն է»։
11. Եզեկիա հրամայեց որ Տէրոջը տանը մէջ շտեմարաններ պատրաստեն ու պատրաստեցին։
12. Եւ ընծաներն ու տասանորդները ու սուրբ բաները հաւատարմութեամբ ներս տարին։ Անոնց վերակացուն Ղեւտացի Քոնոնիան էր ու անոր եղբայրը Սեմէին անոր փոխանորդն էր։
13. Յեքիէլը, Ազազիան, Նահաթը, Ասայէլը, Յերիմովթը, Յովզաբադը, Եղիէլը, Յեսմաքիան, Մաաթն ու Բանիան Քոնոնիային ու անոր եղբօրը Սեմէիին ձեռքին տակ՝ Եզեկիա թագաւորին ու Տէրոջը տանը առաջնորդին՝ Ազարիային՝ հրամանով վերակացուներ էին։
14. Արեւելեան կողմին դռնապանը Ղեւտացի Յեմնային որդին Կովրէն, Տէրոջը բարձրացնելու ընծաներն ու ամենասուրբ բաները բաժնելու համար՝ Աստուծոյ կամաւոր ընծաներուն վրայ էր։
15. Անոր հրամանին տակ քահանաներու քաղաքներուն մէջ՝ Եդենին, Մինիամինին, Յեսուին, Սեմայիային, Ամարիային ու Սեքենիային յանձնուած էր՝ իրենց եղբայրներուն, մեծին ու պզտիկին պաշտօնին նայելով ընծաներ բաժնելը։
16. Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած երեք տարեկանէն վեր եղող բոլոր արուները, որոնք օրէ օր Տէրոջը տունը կը մտնէին իրենց պարտականութիւնները, իրենց պաշտօններուն համեմատ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։
17. Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած քահանաներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու քսան տարեկանէն վեր եղող Ղեւտացիներուն, իրենց պարտականութիւններուն ու իրենց պաշտօններուն մէջ։
18. Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած անոնց բոլոր ընտանիքներուն, կիներուն, տղաքներուն ու աղջիկներուն, այսինքն անոնց բոլոր անդամներուն. քանզի հաւատարմութեամբ կը սրբուէին։
19. Եւ անոնց քաղաքներուն արուարձաններուն արտերուն մէջ եղող Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն համար՝ ամէն քաղաքի մէջ իրենց անուններովը յիշուած մարդիկ կային, որոնք քահանաներուն բոլոր արուներուն ու Ղեւտացիներու ազգահամարին մէջ բոլոր գրուածներուն բաժիններ կու տային։
20. Եզեկիա բոլոր Յուդայի մէջ այսպէս կարգադրեց եւ իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի, ուղիղ ու ճշմարիտ եղածը ըրաւ։
21. Իր ձեռք զարկած բոլոր գործերը, թէ՛ Աստուծոյ տանը ծառայութեանը համար եւ թէ՛ օրէնքին ու պատուիրանքին համար, իր բոլոր սրտովը իր Աստուածը փնտռելով ըրաւ ու յաջողեցաւ։
About Բ Մնացորդաց Chapter 31
Read Բ Մնացորդաց Chapter 31 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Բ Մնացորդաց
Chapter: 31
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Բ Մնացորդաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Բ Մնացորդաց Chapter 31 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Բ Մնացորդաց Chapter 31?
Բ Մնացորդաց Chapter 31 is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Բ Մնացորդաց Chapter 31 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Բ Մնացորդաց
- Բ Մնացորդաց Chapter 35
- Բ Մնացորդաց Chapter 19
- Բ Մնացորդաց Chapter 29
- Բ Մնացորդաց Chapter 25
- Բ Մնացորդաց Chapter 20
- Բ Մնացորդաց Chapter 6
- Բ Մնացորդաց Chapter 21
Explore More from Հին Կտակարան
- Ծննդոց Chapter 25
- Առակներ Chapter 4
- Եսայի Chapter 22
- Դ Թագավորներ Chapter 6
- Ա Սամուել Chapter 7
- Ելից Chapter 5
- Թվեր Chapter 12