Երկրորդ Օրինաց Chapter 12

For English

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 12 Online

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երկրորդ Օրինաց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երկրորդ Օրինաց 12

Գլուխ 12

1. «Ասոնք են այն կանոններն ու օրէնքները, որոնք դուք պահելու եւ ընելու էք այն երկրին մէջ որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ իբր ժառանգութիւն, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։

2. Այն բոլոր տեղերը, ուր պարտուած ազգերը՝ բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ՝ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին պէտք է կործանէք,

3. Նաեւ անոնց սեղանները փլցնէք եւ անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք եւ անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։

4. «Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։

5. Բայց դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը բոլոր ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար։ Հոն պիտի երթաք,

6. Ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամաւոր ընծաներն ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները հոն պիտի տանիք

7. Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ պիտի ուտէք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը։

8. «Մի՛ ընէք այն ամենուն համեմատ, որ մենք այսօր այստեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս

9. Քանզի մինչեւ հիմա չհասաք այն հանգստութեանն ու ժառանգութեանը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։

10. Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք։

11. Այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս պիտի տանիք՝ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաներն ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որոնք Տէրոջը պիտի նուիրէք

12. Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուրախութիւն պիտի ընէք, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր տղաքներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները եւ թէ՛ ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։

13. «Ուշադիր եղիր, չըլլայ թէ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես.

14. Այլ քու ողջակէզներդ ա՛յն տեղը պիտի մատուցանես, որ Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ։ Հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս պիտի կատարես։

15. Սակայն բոլոր քաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ կրնաս մորթել ու միսը ուտել, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս կրնան ուտել։

16. Բայց արիւնը մի՛ ուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափեցէք։

17. «Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ անդրանիկները, բոլոր ուխտի նուէրներդ եւ կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ մի՛ ուտեր.

18. Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը կեր, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ եւ թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին եւ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս։

19. Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։

20. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ ընդարձակէ ու սիրտդ միս ուտել ուզէ՝ ‘Միս ուտեմ’ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս կեր։

21. Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթէ՛, որոնք Տէրը քեզի պիտի տայ ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ կեր։

22. Այծեամն ու եղջերուն ի՛նչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս կեր։ Անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտիր թող ուտեն։

23. Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր։

24. Զանիկա մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ։

25. Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ։

26. Բայց քու նուէրներդ եւ ուխտերդ ա՛ռ ու Տէրոջը ընտրած տեղը գնա՛։

27. Քու ողջակէզներուդ միսն ու արիւնը, քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափէ՛, բայց միսը կե՛ր։

28. «Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։

29. «Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը, որոնց երկիրը դուն պիտի ժառանգես ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս,

30. Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։

31. Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին։

32. Ես քեզի ինչ որ կը պատուիրեմ, ուշադրութեամբ կատարէ. անոր վրայ բան մը մի՛ աւելցներ ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցներ»։

About Երկրորդ Օրինաց Chapter 12

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երկրորդ Օրինաց
Chapter: 12
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երկրորդ Օրինաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երկրորդ Օրինաց Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երկրորդ Օրինաց Chapter 12?

Երկրորդ Օրինաց Chapter 12 is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երկրորդ Օրինաց Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երկրորդ Օրինաց

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 15
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 11
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 9
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 3
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 32

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 118
  2. Սաղմոսներ Chapter 14
  3. Ովսեե Chapter 14
  4. Առակներ Chapter 9
  5. Երեմիա Chapter 15
  6. Եսայի Chapter 40
  7. Սաղմոսներ Chapter 20

Related Chapters & Readings

  1. Եսայի Chapter 26
  2. Եսայի Chapter 2
  3. Երեմիա Chapter 35
  4. Գ Թագավորներ Chapter 3
  5. Երեմիա Chapter 5
  6. Եսայի Chapter 60
  7. Թվեր Chapter 7
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *