Եզեկիել Chapter 17

For English

Read Եզեկիել Chapter 17 Online

Read Եզեկիել Chapter 17 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզեկիել 17

Գլուխ 17

1. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով.

2. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը հանելուկ մը առաջարկէ ու առակ մը պատմէ

3. Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեծ արծիւ մը՝ մեծ թեւերով, երկայն փետուրներով ու գոյնզգոյն բարակ փետուրներով լեցուն՝ Լիբանան եկաւ ու եղեւինին ամենաբարձր ճիւղը առաւ։

4. Անոր ընձիւղներուն ծայրը փրցուց եւ զանիկա վաճառականի երկիր մը տարաւ ու զանիկա վաճառականներու քաղաքը դրաւ։

5. Այն երկրին հունտէն ալ առաւ ու զանիկա բարեբեր արտի մը մէջ դրաւ. զանիկա շատ ջուրերու քով տարաւ, ուռիի պէս դրաւ։

6. Եւ անիկա աճեցաւ ու տարածուած՝ կարճահասակ որթատունկ մը եղաւ. այնպէս որ անոր ոստերը դէպի վեր արծիւին կը նայէին ու արմատները գետնին մէջ մնացին ու անիկա մեծ որթատունկ մը եղաւ, ոստեր ու ընձիւղներ արձակեց։

7. «Հոն ուրիշ մեծաթեւ ու բազմափետուր արծիւ մըն ալ կար։ Որթատունկը իր արմատները դէպի երկրորդը ծռեց ու ոստերը անոր երկնցուց, որպէս զի իր տնկած ածուներովը զինք ոռոգէ։

8. Անիկա բարեբեր արտի մէջ ջուրերու քով տնկուեցաւ, որպէս զի ոստեր արձակէ եւ պտուղ բերէ ու ազնիւ որթատունկ ըլլայ։

9. Ըսէ՛ անոր, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդեօք անիկա պիտի ուռճանա՞յ։ Միթէ այն առաջին արծիւը անոր արմատները պիտի չխլէ՞ ու անոր պտուղը պիտի չփրցնէ՞, որպէս զի չորցնէ։ Անոր բոլոր բուսած տերեւները պիտի չորնան եւ առանց մեծ բազուկի ու շատ ժողովուրդի զանիկա արմատէն պիտի խլէ։

10. Ահա թէեւ տնկուեցաւ, միթէ պիտի յաջողի՞. չէ՞ որ արեւելեան հովը անոր դպածին պէս բոլորովին պիտի չորնայ։ Անիկա իր բուսած ածուներուն մէջ պիտի չորնայ’»։

11. Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

12. «Հիմա ապստամբներուն տանը ըսէ. ‘Ասոնց ինչ ըլլալը չէ՞ք գիտեր’. ըսէ թէ ‘Ահա Բաբելոնի թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ, անոր թագաւորն ու իշխանները առաւ ու զանոնք իր քով Բաբելոն տարաւ

13. Թագաւորին սերունդէն մէկը առնելով՝ անոր հետ ուխտ ըրաւ ու անոր երդում ընել տուաւ։ Նաեւ երկրին զօրաւորները առաւ,

14. Որպէս զի թագաւորութիւնը ցած ըլլայ ու չկրնայ զինք բարձրացնել եւ իր ուխտը պահելով՝ անոր վրայ հաստատ կենայ’։

15. Բայց անիկա անոր դէմ ապստամբեցաւ ու Եգիպտոս դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի իրեն ձիեր ու զօրքեր տան։ Միթէ անիկա յաջողութիւն պիտի գտնէ՞։ Այս բաները ընողը պիտի ազատի՞ կամ թէ ուխտը աւրելով պիտի ազատի՞։

16. Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ անիկա անշուշտ այն թագաւորին բնակած տեղը, որ զինք թագաւոր ըրեր էր, որուն երդումը անարգեր էր, անոր ուխտը աւրեր էր, ան Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի։

17. Փարաւոն մեծ զօրքով ու շատ բազմութիւնով պատերազմի մէջ անոր համար բա՛ն մը պիտի չընէ, երբ պատնէշներ կանգնեցնեն ու մարտկոցներ շինեն շատ հոգիներ կոտորելու համար։

18. Վասն զի անիկա երդումը անարգեց եւ ուխտը աւրեց։ Ահա անիկա իր ձեռքը տալէն ետքը՝ այս ամէն բաները ընելուն համար պիտի չազատի։

19. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ անշուշտ անոր գլուխը պիտի դարձնեմ իմ երդումս, որ անիկա անարգեց ու իմ ուխտս, որ աւրեց.

20. Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն պիտի տանիմ, ուր անոր հետ դատ պիտի վարեմ, ինծի դէմ ըրած յանցանքին համար։

21. Անոր բոլոր փախստականները եւ բոլոր զօրքերը սուրով պիտի իյնան, անոր մնացորդները ամէն հովերու պիտի ցրուին։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։

22. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ես ալ բարձր եղեւինին ամենաբարձր ճիւղէն պիտի առնեմ ու պիտի տնկեմ. անոր ընձիւղներուն ծայրէն մատղաշը պիտի փրցնեմ ու բարձր ու վերացած լերան մը վրայ պիտի տնկեմ.

23. Զանիկա Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ պիտի տնկեմ։ Անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ ու ազնիւ եղեւին պիտի ըլլայ։ Անոր տակ ամէն տեսակ թեւ ունեցող թռչուններ պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։

24. Դաշտի բոլոր ծառերը պիտի գիտնան՝ թէ ես՝ Տէրս՝ բարձր ծառը ցածցուցի ու ցած ծառը բարձրացուցի։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ»։

About Եզեկիել Chapter 17

Read Եզեկիել Chapter 17 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզեկիել
Chapter: 17
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզեկիել Chapter 17 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզեկիել Chapter 17?

Եզեկիել Chapter 17 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 17 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզեկիել

  1. Եզեկիել Chapter 36
  2. Եզեկիել Chapter 35
  3. Եզեկիել Chapter 28
  4. Եզեկիել Chapter 24
  5. Եզեկիել Chapter 25
  6. Եզեկիել Chapter 8
  7. Եզեկիել Chapter 46

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եսթեր Chapter 5
  2. Թվեր Chapter 31
  3. Եսայի Chapter 61
  4. Սաղմոսներ Chapter 52
  5. Հեսու Chapter 18
  6. Դատավորներ Chapter 7
  7. Եսայի Chapter 44

Related Chapters & Readings

  1. Ելից Chapter 3
  2. Ա Թեսաղոնիկեցիներ Chapter 2
  3. Գործք Առաքելոց Chapter 24
  4. Հայտնություն Chapter 4
  5. Ա Սամուել Chapter 4
  6. Եզեկիել Chapter 47
  7. Ա Մնացորդաց Chapter 25
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *