Read Հոբ Chapter 36 Online
Read Հոբ Chapter 36 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Հոբ 36
Գլուխ 36
1. Ու Եղիուս շարունակելով՝ ըսաւ.
2. «Քիչ մը համբերէ ինծի ու ես քեզի յայտնեմ, Թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ։
3. Գիտութիւնս հեռուէն պիտի առնեմ Ու արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։
4. Իրաւցընէ իմ խօսքերս սուտ չեն։ Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է։
5. Ահա Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չ’արհամարհեր, Անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը։
6. Անիկա ամբարիշտը չ’ապրեցներ Ու նեղեալներուն իրաւունք կ’ընէ.
7. Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ Ու զանոնք թագաւորներուն հետ աթոռի վրայ կը դնէ։ Զանոնք յաւիտեան կը նստեցնէ ու կը բարձրանան։
8. Անոնք եթէ շղթաներով կապուելով Թշուառութեան կապերուն մէջ բռնուին,
9. Այն ատեն անոնց կը յայտնէ իրենց գործերը Ու իրենց յանցանքներուն շատնալը։
10. Նաեւ անոնց ականջը կը բանայ, որպէս զի խրատ ընդունին Եւ անոնց կը պատուիրէ, որ անօրէնութենէ դառնան։
11. Եթէ անոնք հնազանդելով՝ անոր ծառայութիւն ընեն, Իրենց օրերը բարութիւնով եւ տարիները ուրախութիւնով պիտի անցընեն։
12. Բայց եթէ անոնք չհնազանդին, սուրէ պիտի անցնին Ու առանց գիտութեան պիտի մեռնին։
13. Անոնք որ սրտով կեղծաւոր են, իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն. Երբ զանոնք կապէ, անոր չեն աղաղակեր։
14. Անոնց անձը երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնի Ու անոնց կեանքը պիղծերուն մէջ պիտի վախճանի։
15. Աղքատը կ’ազատէ իր թշուառութեանը ատենը Ու նեղութեան մէջ անոր ականջը կը բանայ։
16. Քեզ ալ նեղութենէ պիտի ազատէր Ու այնպիսի ընդարձակութեան բերէր, ուր նեղութիւն չկայ Ու քու սեղանդ դրուածը պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլար։
17. Բայց եթէ դուն չարին դատը պաշտպանեցիր, Իրաւունքն ու դատաստանը քեզ պիտի բռնեն։
18. Որովհետեւ բարկութիւն կայ, չըլլայ որ հարուածով մը քեզ վերցնէ. Այն ատեն մեծ փրկանքը քեզ չի կրնար ազատել։
19. Միթէ անիկա քու հարստութիւնդ բանի մը տեղ կը դնէ՞. Ո՛չ ոսկին ու ո՛չ մեծ գանձերը բան մը կը համարէ։
20. Մի՛ փափաքիր այն գիշերուան, Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան՝ ՝։
21. Զգուշացիր անօրէնութեան դառնալէ. Վասն զի դուն ասիկա թշուառութենէ աւելի նախընտրեցիր։
22. Ահա Աստուած իր զօրութիւնովը բարձրացած է՝ ՝. Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել։
23. Անոր քալելու ճամբան ո՞վ որոշեց Եւ ո՞վ ըսաւ անոր թէ՝ ‘Դուն անիրաւութիւն գործեցիր’։
24. Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը, Որոնք մարդիկ կը տեսնեն։
25. Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք, Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ։
26. Ահա Աստուած մեծ է ու մենք չենք գիտեր Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է։
27. Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ, Որոնք իր գոլորշիէն անձրեւ կը թափեն,
28. Որ ամպերը վազցնելով Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։
29. Բայց ոեւէ մէկը ամպերուն տարածուիլը Ու անոր վրանին գոռումը կրնա՞յ հասկնալ։
30. Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ։
31. Ժողովուրդները այս բաներով կը դատէ Ու առատօրէն կերակուր կու տայ։
32. Ափովը կայծակը կը ծածկէ Ու կը հրամայէ որ նշանակէտին զարնէ։
33. Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը. Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի՝ ՝։
About Հոբ Chapter 36
Read Հոբ Chapter 36 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Հոբ
Chapter: 36
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Հոբ Chapter 36 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Հոբ Chapter 36?
Հոբ Chapter 36 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 36 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4