Նեեմիա Chapter 12

For English

Read Նեեմիա Chapter 12 Online

Read Նեեմիա Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Նեեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Նեեմիա and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Նեեմիա 12

Գլուխ 12

1. Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլին ու Յեսուին հետ ելլող քահանաներն ու Ղեւտացիները ասոնք են՝ Սարայիան, Երեմիան, Եզրասը,

2. Ամարիան, Մալուքը, Քետտուսը,

3. Սեքենիան, Հռէումը, Մերամօթը,

4. Ադդովը, Կանաթօնը, Աբիան,

5. Միամինը, Մովադիան, Բեղդան,

6. Սեմայիան, Յովարիբը, Յեդայիան,

7. Սալլուն, Ամոկը, Քեղկիան, Յեդայիան։ Յեսուին օրերը, ասոնք էին քահանաներուն իշխանները իրենց եղբայրներովը։

8. Ղեւտացիներէն Յեսուն, Բանուին, Կադմիէլը, Սարաբիան, Յուդան ու Մաթանիան. ասիկա իր եղբայրներուն հետ օրհնութիւններուն վրայ էր

9. Եւ անոնց եղբայրները՝ Բակբոկիան եւ Ուննին, անոնց դէմ իրենց կարգին մէջ կը կենային։

10. Յեսուն ծնաւ Յովակիմը եւ Յովակիմը ծնաւ Եղիասիբը ու Եղիասիբը ծնաւ Յովիադան

11. Եւ Յովիադան ծնաւ Յովնաթանը ու Յովնաթանը ծնաւ Յադդուան։ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԴԱՍՈՒՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ

12. Յովակիմին օրերը տոհմապետ քահանաները ասոնք էին՝ Սարայիայէն Մարայիան, Երեմիայէն Անանիան,

13. Եզրասէն Մեսուղամը, Ամարիայէն Յօհանան,

14. Մալուքէն Յովնաթանը, Սաբանիայէն Յովսէփը,

15. Հարիմէն Եդնան, Մարիօթէն Քեղկայը,

16. Ադդովէն Զաքարիան, Կանաթօնէն Մեսուղամը,

17. Աբիայէն Զեքրին, Մինիամինէն, Մովադիայէն Փաղտին,

18. Բեղգայէն Սամուան, Սեմայիայէն Յովնաթանը,

19. Յովարիբէն Մաթանայը, Յեդայիայէն Ոզին,

20. Սալլուէն Կալլայը, Ամոկէն Եբերը,

21. Քեղկիայէն Ասաբիան, Յեդայիայէն Նաթանայէլը։ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

22. Եղիասիբին, Յովիադային, Յօհանանին ու Յադդուային օրերը Ղեւտացիները, այսինքն անոնց տոհմապետները, գրուեցան. նաեւ քահանաները՝ մինչեւ Պարսիկներու Դարեհի թագաւորութիւնը։

23. Ղեւիին որդիներուն տոհմապետները մինչեւ Եղիասիբեան Յօհանին օրերը ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցան։

24. Ղեւտացիներուն իշխաններն էին՝ Ասաբիան, Սարաբիան ու Կադմիէլին որդին Յեսուն եւ անոնց եղբայրները անոնց առջեւ կը կայնէին դաս դասի դէմ, որպէս զի Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին հրամայածին պէս օրհնութիւն ու գոհութիւն մատուցանեն։

25. Մաթանիան, Բակբոկիան, Աբդիան, Մեսուղամը, Տեղմոնն ու Ակկուբը դրան շտեմարաններուն մէջ պահպանութիւն ընող դռնապաններն էին

26. Յովսեդեկեան Յեսուին որդիին Յովակիմին օրերուն մէջ ու Նէեմիա կառավարիչին ու Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերուն մէջ։

27. Երուսաղէմի պարսպին նաւակատիքին ատենը ամէն տեղ փնտռեցին Ղեւտացիները, որպէս զի զանոնք Երուսաղէմ բերեն ու նաւակատիքը ուրախութեամբ, գոհութեամբ, օրհնութիւններով, ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով կատարեն։

28. Երգողներուն որդիները Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Նետոփաթացիներու գիւղերէն

29. Եւ Գաղգաղայի տունէն՝ ՝ ու Գաբայի ու Ազամօթի դաշտերէն հաւաքուեցան. վասն զի երգողները Երուսաղէմի շուրջը շիներ էին իրենց գիւղերը։

30. Քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան եւ ժողովուրդը ու դռները եւ պարիսպը սրբեցին։

31. Յուդայի իշխանները պարսպին վրայ հանեցի ու գոհութիւն երգող երկու մեծ դաս կարգեցի. մէկը պարսպին աջ կողմը դէպի Աղբերու դուռը կ’երթար

32. Եւ անոր ետեւէն Ովսէիան ու Յուդայի իշխաններուն կէսը գացին.

33. Նաեւ Ազարիան, Եզրասը, Մեսուղամը, Յուդան,

34. Բենիամինը, Սեմայիան ու Երեմիան

35. Եւ փողերով, քահանաներուն որդիներէն, Ասափին որդիին Զաքուրին որդիին Միքիային որդիին Մաթանիային որդիին Սեմայիային որդիին Յովնաթանին որդին Զաքարիան

36. Ու անոր եղբայրները՝ Սեմայիան, Ազարիէլը, Միլալայը, Գիլալայը, Մաայը, Նաթանայէլը, Յուդան ու Անանին Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին երգերու նուագարաններովը կ’երթային ու անոնց առջեւէն Եզրաս դպիրը։

37. Իրենց առջեւ եղող Աղբիւրին դուռը եկան ու Դաւիթին քաղաքին աստիճաններէն պարսպին վրայ ելան, Դաւիթին ապարանքէն դէպի արեւէլք մինչեւ Ջուրին դուռը գացին։

38. Գոհութիւն երգողներուն միւս դասը առջեւէն կ’երթային ու ես՝ ժողովուրդին կիսուն հետ պարսպին վրայ՝ Փուռերուն աշտարակէն մինչեւ լայն պարիսպը

39. Ու Եփրեմին դրանը վրայէն եւ Հին դրանը վրայ ու Ձուկերուն դրանը եւ Անանայէլին աշտարակին ու Մէային աշտարակին վրայ, մինչեւ Ոչխարներուն դուռը անոնց ետեւէն կ’երթայի ու Բանտի դուռը կեցան։

40. Գոհութիւն երգողներուն երկու դասը Աստուծոյ տանը մէջ կեցան. նոյնպէս ալ ես ու ոստիկաններուն կէսը՝ որոնք ինծի հետ էին.

41. Նաեւ քահանաներէն Եղիակիմը, Մաասիան, Մինիամինը, Միքիան, Եղիովէնային, Զաքարիան ու Անանիան փողերով։

42. Մաասիան, Սեմայիան, Եղիազարը, Ոզին, Յօհանան, Մեղքիան, Եղամն ու Եզերը։ Այն ատեն երգողները իրենց վերակացուին Յեզերիային հետ ձայներնին վերցուցին։

43. Այն օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախութիւն ըրին, վասն զի Աստուած մեծ ուրախութիւնով ուրախացուց զանոնք։ Կիները եւ տղաքներն ալ ուրախութիւն ըրին ու Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր լսուեցաւ։

44. Այն օրը սենեակներուն վրայ գանձերուն, ընծաներուն, երախայրի պտուղներուն ու տասանորդներուն համար մարդիկ որոշուեցան, որպէս զի քաղաքներուն ագարակներէն քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն օրինաւոր բաժինները հաւաքեն, քանզի Յուդա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար ուրախացաւ.

45. Վասն զի անոնք իրենց Աստուծոյն հրամանը ու սրբուելուն հրամանը կը պահէին, նոյնպէս ալ երգողները եւ դռնապանները՝ Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին պատուիրածին համեմատ։

46. Վասն զի առաջ Դաւիթին ու Ասափին օրերը երգողներու գլխաւորներ կային եւ Աստուած օրհնելու ու գովելու երգեր։

47. Բոլոր Իսրայէլ Զօրաբաբէլին օրերը եւ Նէեմիային օրերը երգողներուն ու դռնապաններուն օրէ օր ռոճիկ կու տային եւ սուրբ բաները Ղեւտացիներուն կու տային, Ղեւտացիներն ալ Ահարոնին որդիներուն կու տային։

About Նեեմիա Chapter 12

Read Նեեմիա Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Նեեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Նեեմիա
Chapter: 12
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Նեեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Նեեմիա Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Նեեմիա Chapter 12?

Նեեմիա Chapter 12 is part of the Book of Նեեմիա in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Նեեմիա Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Նեեմիա

  1. Նեեմիա Chapter 3
  2. Նեեմիա Chapter 8
  3. Նեեմիա Chapter 2
  4. Նեեմիա Chapter 5
  5. Նեեմիա Chapter 7
  6. Նեեմիա Chapter 4
  7. Նեեմիա Chapter 10

Related Chapters & Readings

  1. Ելից Chapter 8
  2. Հեսու Chapter 17
  3. Եզրաս Chapter 3
  4. Բ Սամուել Chapter 19
  5. Ա Մնացորդաց Chapter 23
  6. Ղևտական Chapter 14
  7. Ժողովող Chapter 7
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *