Հեսու Chapter 13

For English

Read Հեսու Chapter 13 Online

Read Հեսու Chapter 13 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հեսու in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հեսու and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հեսու 13

Գլուխ 13

1. Երբ Յեսու ծերացաւ ու տարիքը առաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Դուն ծերացար ու տարիքդ առիր եւ տակաւին խիստ շատ երկիր մնաց ժառանգելու.

2. Մնացած երկիրները ասոնք են՝ Փղշտացիներուն սահմանները ու բոլոր Գեսուրը,

3. Եգիպտոսի դէմ եղող Սիովրէն մինչեւ Քանանացիներուն սեպուած Ակկարոնի սահմանին հիւսիսային կողմը, Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները, այսինքն Գազացիներուն, Ազովտացիներուն, Ասկաղոնացիներուն, Գեթացիներուն ու Ակկարոնացիներուն, նաեւ Աւացիներուն երկիրը։

4. Հարաւային կողմէն՝ Քանանացիներուն բոլոր երկիրն ու Սիդոնացիներուն Մէարան, մինչեւ Ափէկ ու մինչեւ Ամօրհացիներուն սահմանը

5. Եւ Գեբաղացիներուն երկիրն ու արեւելեան կողմէն բոլոր Լիբանանը, Հերմոն լերան տակ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Եմաթի մուտքը,

6. Բոլոր լեռնաբնակները Լիբանանէն մինչեւ Մասրեփօթ-Մայիմ, բոլոր Սիդոնացիները. զանոնք Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն ես պիտի վռնտեմ. միայն թէ դուն իբր ժառանգութիւն Իսրայէլին բաժնէ այն երկիրը, ինչպէս քեզի պատուիրեցի»։

7. Հիմա այս երկիրը իբր ժառանգութիւն բաժնէ ինը ցեղին ու Մանասէին կէս ցեղին.

8. Քանզի Ռուբէնեաններն ու Գադեանները անոր միւս կէսին հետ առին իրենց ժառանգութիւնը, որ Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք անոնց տուաւ, Տէրոջը ծառային Մովսէսին տուածին պէս։

9. Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէ ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի բոլոր դաշտովը, մինչեւ Դեբոն

10. Ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին բոլոր քաղաքները, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը

11. Եւ Գաղաադն ու Գեսուրացիներուն ու Մաքաթացիներուն սահմանը եւ բոլոր Հերմոն լեռն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա.

12. Բասանի մէջ Ովգի բոլոր թագաւորութիւնը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը թագաւորէր եւ հսկաներուն մնացորդէն անիկա մնացեր էր. բայց Մովսէս զանոնք զարկաւ ու վռնտեց։

13. Եւ Իսրայէլի որդիները Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները չվռնտեցին եւ Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները մինչեւ այսօր Իսրայէլի մէջ բնակեցան։

14. Միայն Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոր ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն մատուցուած պատարագներն են, ինչպէս անոր ըսեր էր։

15. Եւ Մովսէս Ռուբէնին որդիներուն ցեղին, անոնց ազգատոհմերուն համեմատ, ժառանգութիւն տուաւ

16. Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէն ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի քով եղած բոլոր դաշտը,

17. Եսեբոնն ու անոր բոլոր դաշտային քաղաքները՝ Դեբոն, Բամօթ-Բահաղ ու Բեթբէէլմօն

18. Եւ Յասսա ու Կադեմօթ ու Մեփայաթ

19. Եւ Կարիաթեմ ու Սեբամա եւ Սարեթ-Սահառ Եմակ լերան վրայ

20. Ու Բեթփեգովր եւ Ասեդովթ-Փասգա ու Բեթեսիմօթ

21. Եւ դաշտին բոլոր քաղաքները ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, որ Մադիամի իշխանները, Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը ու Ռօբէն, այն երկրին մէջ բնակող Սեհոնի նախարարները, Մովսէս զարկաւ։

22. Եւ Իսրայէլի որդիները Բէովրեան Բաղաամ հարցուկն ալ սրով մեռցուցին միւս սպաննուածներուն հետ։

23. Ռուբէնին որդիներուն սահմանը Յորդանանը եղաւ որպէս սահմանագլուխ։ Ռուբէնին որդիներուն ազգատոհմերուն ժառանգութիւնը ասիկա է, այս քաղաքներն ու ասոնց գիւղերը։

24. Մովսէս Գադին ցեղին, Գադին որդիներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ժառանգութիւն տուաւ։

25. Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յազեր ու բոլոր Գաղաադի քաղաքները եւ Ամմոնի որդիներուն երկրին կէսը մինչեւ Արոէր, որ Ռաբբայի դէմն էր։

26. Ու Եսեբոնէն մինչեւ Մասփայի Ռամովթը ու Բոտանիմ եւ Մանայիմէն մինչեւ Դաբիրի սահմանը

27. Ու հովիտին մէջ՝ Բեթարամ ու Բեթնամրա, Սոկքովթ ու Սափոն՝ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին թագաւորութեան մնացորդը, Յորդանան ու անոր սահմանը, մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք։

28. Գադին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու ասոնց գիւղերը։

29. Եւ Մովսէս Մանասէին կէս ցեղին ալ ժառանգութիւն տուաւ, որ Մանասէին որդիներուն կէս ցեղին եղաւ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։

30. Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Մանայիմէն՝ Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, բոլոր Բասանն ու Բասանի մէջ եղող Յայիրի բոլոր գիւղաքաղաքները՝ վաթսուն քաղաք

31. Ու Գաղաադին կէսը եւ Աստարովթ ու Եդրայի, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութեան քաղաքները, Մանասեան Մաքիրին որդիներուն եղան, այսինքն Մաքիրին որդիներուն կէսին՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։

32. Ասոնք են այն քաղաքները, որոնք Մովսէս Մովաբի դաշտերուն մէջ՝ Երիքովի դէմ Յորդանանի անդիի կողմը՝ դէպի արեւելք՝ ժառանգութիւն տուաւ։

33. Բայց Մովսէս Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոնց ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուածն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։

About Հեսու Chapter 13

Read Հեսու Chapter 13 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հեսու in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հեսու
Chapter: 13
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հեսու. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հեսու Chapter 13 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հեսու Chapter 13?

Հեսու Chapter 13 is part of the Book of Հեսու in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հեսու Chapter 13 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հեսու

  1. Հեսու Chapter 14
  2. Հեսու Chapter 19
  3. Հեսու Chapter 17
  4. Հեսու Chapter 23
  5. Հեսու Chapter 11
  6. Հեսու Chapter 10
  7. Հեսու Chapter 24

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 108
  2. Սաղմոսներ Chapter 136
  3. Դանիել Chapter 3
  4. Ղևտական Chapter 13
  5. Զաքարիա Chapter 1
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 23
  7. Բ Մնացորդաց Chapter 34

Related Chapters & Readings

  1. Գործք Առաքելոց Chapter 12
  2. Գ Թագավորներ Chapter 2
  3. Ա Կորնթացիներ Chapter 11
  4. Եզեկիել Chapter 10
  5. Դանիել Chapter 10
  6. Սաղմոսներ Chapter 127
  7. Ա Սամուել Chapter 5
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *