Թվեր Chapter 15

For English

Read Թվեր Chapter 15 Online

Read Թվեր Chapter 15 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Թվեր 15

Գլուխ 15

1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

2. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, ուր պիտի բնակիք, որ ձեզի պիտի տամ,

3. Տէրոջը անոյշ հոտ նուիրելու համար՝ արջառներէն կամ հօտերէն պատարագ մատուցանեցէք, ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու զոհ՝ թէ՛ կամաւոր ընծայի համար եւ թէ՛ ձեր տօներուն մէջ,

4. Այն ատեն զոհը Տէրոջը մատուցանողը հացի ընծայի համար հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը իւղով շաղուած մէկ տասներորդ բարակ ալիւր պէտք է մատուցանէ։

5. Եւ ողջակէզին կամ զոհին հետ մէկ գառի համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը գինի ըմպելի նուէր պէտք է ընես.

6. Կամ խոյի մը համար՝ հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը իւղով շաղուած երկու տասներորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պէտք է ընես

7. Եւ թափելու նուէրի համար հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը գինի՝ անոյշ հոտի համար Տէրոջը պէտք է մատուցանես։

8. Եւ երբ ողջակէզի համար կամ ուխտ կատարելու զոհի համար կամ խաղաղութեան զոհի համար զուարակ մը մատուցանես Տէրոջը,

9. Այն ատեն զուարակին հետ կէս հիմէնի իւղով շաղուած երեք տասներորդ բարակ ալիւրէ հացի ընծայ մատուցանէ

10. Եւ ըմպելի նուէրի համար կէս հիմէն գինի մատուցանէ. ասիկա Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։

11. Ամէն մէկ զուարակի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս պէտք է ըլլայ։

12. Ձեր պատրաստածին թիւին նայելով՝ անոնց թիւին համեմատ ամէն մէկուն այնպէս պէտք է ընէք։

13. Երկրին ամէն բնիկը այս բաները այնպէս պէտք է ընէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար։

14. Եւ եթէ ձեր քով պանդխտացած օտարականը, կամ ձեր մէջ բնակողը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու ըլլայ, ձեր ըրածին պէս անիկա ալ նոյնը պէտք է ընէ։

15. Ո՛վ ժողովուրդ, ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ կանոն պիտի ըլլայ. ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոնով՝ Տէրոջը առջեւ ինչպէս որ էք դուք, այնպէս ալ պէտք է ըլլայ օտարականը։

16. Ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ օրէնք ու մէկ կարգադրութիւն պէտք է ըլլայ»։

17. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

18. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, ուր ձեզ պիտի տանիմ

19. Եւ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, ողջակէզի ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը.

20. Ձեր առաջին խմորէն շօթ մը իբր ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք. կալի ընծան ինչպէս կ’ընէք, այս ալ այնպէս պիտի մատուցանէք։

21. Ձեր առաջին խմորէն ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը ձեր սերունդներուն մէջ։

22. Իսկ եթէ սխալիք ու չընէք այս բոլոր պատուէրները՝ որոնք Տէրը ըսաւ Մովսէսին,

23. Նաեւ այն ամէնը, որոնք Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսին միջոցով այն օրէն ի վեր՝ երբ Տէրը պատուիրեց ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտեան

24. Եւ եթէ պատահի որ ժողովուրդը սխալմամբ յանցանք մը գործէ, այն ատեն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար՝ զուարակ մը պէտք է մատուցանէ օրէնքին համաձայն, հացի ընծայով ու ըմպելի նուէրով եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն մէկ նոխազ։

25. Քահանան քաւութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին համար ու թողութիւն շնորհէ անոնց, վասն զի սխալած էին եւ անոնք իրենց սխալելուն համար իրենց ընծան Տէրոջը պատարագ բերին ու նաեւ իրենց մեղքի պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ.

26. Ուստի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու անոնց մէջ պանդխտացած բոլոր օտարականներուն թողութիւն պիտի ըլլայ. քանզի բոլոր ժողովուրդը սխալած էր։

27. Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղք գործէ, այն ատեն մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան էգ այծ մը պէտք է բերէ

28. Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ ակամայ մեղք գործող անձին համար. երբ Տէրոջը առջեւ ակամայ մեղք գործէ, անոր համար քաւութիւն թող ընէ ու անոր թողութիւն ըլլայ։

29. Ակամայ մեղք գործողը Իսրայէլի որդիներէն բնիկ ըլլայ կամ անոնց մէջ պանդխտացած օտարական, մէկ օրէնք պէտք է ունենաք։

30. Բայց այն անձը որ յանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, երկրի բնիկ ըլլայ եւ կամ օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի.

31. Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանքը զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պէտք է կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։

32. Երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ շաբաթ օրը փայտ կը հաւաքէր։

33. Անոնք որ փայտ հաւաքելու վրայ գտան զանիկա, Մովսէսին ու Ահարոնին եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ բերին

34. Եւ բանտարկեցին զանիկա, վասն զի որոշ չէին գիտեր թէ ի՞նչ ընելու էին։

35. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի. բոլոր ժողովուրդը բանակէն դուրս քարերով թող քարկոծեն զանիկա»։

36. Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ բանակէն դուրս հանեցին զանիկա եւ քարկոծեցին ու մեռցուցին։

37. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

38. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց, որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդներուն մէջ ու քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն

39. Եւ ասիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէս զի դուք նայիք անոր ու Տէրոջը բոլոր պատուէրները մտքերնիդ բերէք եւ կատարէք ու ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք կը մոլորիք.

40. Այնպէս որ մտքերնիդ բերէք ու կատարեցէք իմ բոլոր պատուիրանքներս որ սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջեւ։

41. Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը»։

About Թվեր Chapter 15

Read Թվեր Chapter 15 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Թվեր
Chapter: 15
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Թվեր Chapter 15 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Թվեր Chapter 15?

Թվեր Chapter 15 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 15 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Թվեր

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Թվեր Chapter 4
  3. Թվեր Chapter 1
  4. Թվեր Chapter 16
  5. Թվեր Chapter 8
  6. Թվեր Chapter 33
  7. Թվեր Chapter 20

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ամբակում Chapter 3
  2. Նեեմիա Chapter 10
  3. Եսթեր Chapter 6
  4. Հռութ Chapter 3
  5. Եզեկիել Chapter 6
  6. Առակներ Chapter 23
  7. Ծննդոց Chapter 36

Related Chapters & Readings

  1. Հեսու Chapter 17
  2. Ա Մնացորդաց Chapter 15
  3. Ելից Chapter 28
  4. Սաղմոսներ Chapter 33
  5. Ովսեե Chapter 7
  6. Սաղմոսներ Chapter 24
  7. Առակներ Chapter 9
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *