Հեսու Chapter 11

For English

Read Հեսու Chapter 11 Online

Read Հեսու Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հեսու in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հեսու and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հեսու 11

Գլուխ 11

1. Հասորի Յաբին թագաւորը, երբ այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբաբ թագաւորին եւ Սամրօնի թագաւորին ու Աքսափի թագաւորին

2. Եւ հիւսիսային լեռներն ու Քեներեթի հարաւային դաշտն ու հովիտը եւ արեւմտեան կողմը՝ Դովրի գաւառներուն մէջ եղող թագաւորներուն,

3. Արեւելեան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամօրհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն եւ Հերմոնի տակ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։

4. Անոնք իրենց բոլոր բանակներովը ու շատ ժողովուրդով եկան, որոնք ծովեզերքի աւազին չափ բազմաթիւ էին եւ իրենց հետ խիստ շատ ձիեր ու կառքեր առին։

5. Այս բոլոր թագաւորները միաբանելով մէկտեղ գացին՝ Մառօնի ջուրին քով բանակեցան, որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։

6. Եւ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի վաղը այս ատեն ես անոնց ամէնքը Իսրայէլի առջեւ կոտորուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրէ ու անոնց կառքերն ալ կրակով այրէ՛»։

7. Ուստի Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր պատերազմող ժողովուրդը յանկարծակի Մառօնի ջուրին քով անոնց դէմ երթալով վրանին յարձակեցան։

8. Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը տուաւ ու զանոնք զարկին եւ մինչեւ մեծ Սիդոն ու Մասրեփօթ-Մայիմ եւ մինչեւ Մասփայի հովիտը դէպի արեւելք հալածեցին ու զանոնք զարկին՝ այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը չազատեցաւ։

9. Յեսու անոնց այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնց կառքերը կրակով այրեց։

10. Նոյն ատեն Յեսու դարձաւ՝ Հասորը առաւ ու անոր թագաւորը սրով մեռցուց. քանզի Հասոր առաջ այս բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր։

11. Եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու բնաջինջ ըրին. բնաւ շնչաւոր մը չմնաց ու Հասորը կրակով այրեց։

12. Յեսու այս թագաւորներուն բոլոր քաղաքները ու անոնց բոլոր թագաւորները առաւ եւ զանոնք սուրի բերնէ անցընելով բնաջինջ ըրաւ, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։

13. Բայց Իսրայէլ չայրեց այն քաղաքները՝ որոնք իրենց հողաբլուրներովը կը կենային, միայն Հասորը՝ որ Յեսու այրեց։

14. Այս քաղաքներուն բոլոր աւարն ու անասունները Իսրայէլի որդիները իրենց առին, բայց բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ըրին ու բնաւ շնչաւոր մը չթողուցին։

15. Ինչպէս Տէրը իր Մովսէս ծառային պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուին պատուիրեց ու Յեսու ալ այնպէս ըրաւ եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, անոնցմէ մէ՛կը զանց չըրաւ։

16. Յեսու այն բոլոր երկիրը առաւ, լեռնակողմն ու բոլոր հարաւային կողմը եւ բոլոր Գոսոմի երկիրը, հովիտն ու դաշտը եւ Իսրայէլի լեռն ու անոր հովիտը,

17. Սէիր ելլող Քալակ լեռնէն մինչեւ Հերմոն լերանը տակ Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադը եւ անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց եւ զանոնք զարկաւ մեռցուց։

18. Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն հետ շատ օրեր պատերազմ ըրաւ։

19. Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ընող քաղաք մը չգտնուեցաւ, ամէնքն ալ պատերազմով առնուեցան.

20. Քանզի անոնց սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի առանց ողորմութեան զանոնք կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։

21. Եւ այն ատեն Յեսու գնաց ու լեռներէն, Քեբրոնէն, Դաբիրէն, Անաբէն ու Յուդայի բոլոր լեռներէն եւ Իսրայէլի բոլոր լեռներէն Ենակիմները կոտորեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով մէկտեղ կորսնցուց։

22. Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն մէկը չմնաց, բայց Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ մնացին։

23. Յեսու բոլոր երկիրը առաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Յեսու զանիկա Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ, անոնց ցեղերուն բաժիններուն համեմատ ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։

About Հեսու Chapter 11

Read Հեսու Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հեսու in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հեսու
Chapter: 11
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հեսու. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հեսու Chapter 11 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հեսու Chapter 11?

Հեսու Chapter 11 is part of the Book of Հեսու in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հեսու Chapter 11 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հեսու

  1. Հեսու Chapter 14
  2. Հեսու Chapter 19
  3. Հեսու Chapter 17
  4. Հեսու Chapter 23
  5. Հեսու Chapter 24
  6. Հեսու Chapter 12
  7. Հեսու Chapter 1

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Միքիա Chapter 4
  2. Ելից Chapter 36
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 11
  4. Ծննդոց Chapter 1
  5. Եսայի Chapter 28
  6. Սաղմոսներ Chapter 30
  7. Ամոս Chapter 9

Related Chapters & Readings

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 18
  2. Դանիել Chapter 12
  3. Ղուկաս Chapter 22
  4. Սաղմոսներ Chapter 76
  5. Սաղմոսներ Chapter 86
  6. Սաղմոսներ Chapter 45
  7. Սաղմոսներ Chapter 34
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *