Երեմիա Chapter 7

For English

Read Երեմիա Chapter 7 Online

Read Երեմիա Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երեմիա 7

Գլուխ 7

1. Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.

2. «Տէրոջը տանը դուռը կեցիր Ու հոն այս խօսքը կանչէ՛ ու ըսէ. ‘Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ բոլոր Յուդա Որ այս դռներէն կը մտնէք Տէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար’»։

3. Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէ՛ք, Որպէս զի թողում, որ այստեղ բնակիք։

4. Դուք մի՛ ապաւինիք սուտ խօսքերու, որ կ’ըսեն. ‘Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը այս է’։

5. «Քանզի եթէ ձեր ճամբաներն ու գործերը ճշմարտապէս ուղղէք Եւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղ Իրաւունքը զգուշութեամբ գործադրէք,

6. Պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին զրկանք չընէք Ու անմեղ արիւն չթափէք Եւ օտար աստուածներու ետեւէ չերթաք Որ ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ,

7. Այն ատեն այստեղ՝ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ՝ Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից։

8. «Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք, Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։

9. Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով, Սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով, Ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով

10. Կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ, Որ իմ անունովս կոչուած է Եւ ըսել՝ ‘Ազատուեցանք, որպես զի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք’։

11. «Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է, Միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։ ‘Ահա ես տեսայ’, կ’ըսէ Տէրը։

12. Բայց հիմա Սելովի մէջ գտնուած տեղս գացէք, Հոն՝ ուր առաջին անգամ իմ անունս հաստատեցի Եւ տեսէք թէ ի՞նչ ըրեր եմ անոր, Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։

13. «Ու հիմա՝ որովհետեւ այս բոլոր գործերը ըրիք՝ կ’ըսէ Տէրը, Ու երբ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք, Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք.

14. Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը, Որ իմ անունովս կոչուած է Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս Պիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս Սելովին ըրի։

15. Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները, Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի, Այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ’»։

16. «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ Եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներ Ու բարեխօսութիւն մի՛ ըներ, Քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ։

17. Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն Յուդայի քաղաքներուն եւ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։

18. Տղաքները փայտ կը հաւաքեն, Հայրերը կրակ կը վառեն, Կիները խմոր կը շաղեն՝ Երկնքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար Եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանեն, Որպէս զի զիս բարկացնեն»։

19. «Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը, Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար»։

20. Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. «Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Այս տեղին վրայ պիտի թափին՝ Մարդու վրայ եւ անասունի վրայ Ու դաշտի ծառերուն վրայ Ու երկրի պտուղներուն վրայ՝ Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի»։

21. Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ողջակէզները ձեր զոհերուն վրայ աւելցուցէ՛ք եւ մի՛ս կերէք։

22. Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս, Անոնց բան մը չըսի ողջակէզի ու զոհի մասին, Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի.

23. Բայց անոնց հետեւեալը հրամայեցի ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։ Ես ձեզի Աստուած ըլլամ Ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք։ Ձեզի հրամայուած ճամբաներուն մէջէն քալեցէք, Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ’։

24. Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին, Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը Իրենց խորհուրդներուն հետեւեցան Ու ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ։

25. Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի։ Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի

26. Ու ինծի մտիկ չըրին եւ ականջ չկախեցին, Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան»։

27. «Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես, Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն։ Զանոնք պիտի կանչես, Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան։

28. Այն ատեն անոնց ըսէ՛. ‘Իր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չընող Ու խրատ չընդունող ազգը ասիկա է։ Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրուեցաւ’։

29. «Մազերդ կտրէ՛ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ Եւ բլուրներուն վրայ ողբա՛. Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգը Որուն դէմ շատ սրդողեր էր»։

30. «Յուդային որդիները իմ առջեւս չարութիւն գործեցին, կ՛ըսէ Տէրը, Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին, Որպէս զի զանիկա պղծեն։

31. Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթին բարձր տեղեր շինեցին՝ Իրենց տղաքն ու աղջիկները կրակով այրելու համար, Որ անոնց չհրամայեցի ու մտքէս ալ անցած չէր»։

32. «Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ա՛լ Տօփեթ կամ Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, Հապա՝ Սպանութեան ձոր Եւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն մինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ՝ ՝։

33. Ու այս ժողովուրդին դիակները Երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան Եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։

34. Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ, Վասն զի երկիրը պիտի ամայանայ»։

About Երեմիա Chapter 7

Read Երեմիա Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երեմիա
Chapter: 7
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երեմիա Chapter 7 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երեմիա Chapter 7?

Երեմիա Chapter 7 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 7 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երեմիա

  1. Երեմիա Chapter 33
  2. Երեմիա Chapter 40
  3. Երեմիա Chapter 30
  4. Երեմիա Chapter 32
  5. Երեմիա Chapter 24
  6. Երեմիա Chapter 50
  7. Երեմիա Chapter 48

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ծննդոց Chapter 37
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 25
  3. Սաղմոսներ Chapter 48
  4. Դ Թագավորներ Chapter 15
  5. Ելից Chapter 17
  6. Ծննդոց Chapter 20
  7. Ովսեե Chapter 10

Related Chapters & Readings

  1. Սաղմոսներ Chapter 102
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 28
  3. Սաղմոսներ Chapter 27
  4. Սաղմոսներ Chapter 54
  5. Գործք Առաքելոց Chapter 17
  6. Ծննդոց Chapter 40
  7. Եբրայեցիներ Chapter 8
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *