Read Առակներ Chapter 2 Online
Read Առակներ Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Առակներ 2
Գլուխ 2
1. Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,
2. Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս,
3. Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,
4. Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,
5. Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։
6. Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։
7. Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է,
8. Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։
9. Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ Ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։
10. Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,
11. Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։
12. Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն
13. Եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։
14. Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։
15. Անոնց ճամբաները ծուռ են Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։
16. Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։
17. Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,
18. Անոր տունը մահուան պիտի տանի Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։
19. Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։
20. Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։
21. Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։
22. Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։
About Առակներ Chapter 2
Read Առակներ Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Առակներ
Chapter: 2
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Առակներ Chapter 2 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Առակներ Chapter 2?
Առակներ Chapter 2 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 2 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Առակներ
- Առակներ Chapter 1
- Առակներ Chapter 24
- Առակներ Chapter 20
- Առակներ Chapter 27
- Առակներ Chapter 28
- Առակներ Chapter 13
- Առակներ Chapter 8
Explore More from Հին Կտակարան
- Եզրաս Chapter 3
- Ծննդոց Chapter 13
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Թվեր Chapter 19
- Ծննդոց Chapter 20
- Դ Թագավորներ Chapter 3
- Դանիել Chapter 7