Երկրորդ Օրինաց Chapter 16

For English

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 16 Online

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 16 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երկրորդ Օրինաց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երկրորդ Օրինաց 16

Գլուխ 16

1. «Ապիպ ամսուն ուշադրութիւն ըրէ, որպէս զի զատիկը ընես քու Տէր Աստուծոյդ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Ապիպ ամսուան մէջ գիշերով հանեց քեզ Եգիպտոսէն։

2. Զատկին համար քու Տէր Աստուծոյդ ոչխարներ ու արջառներ մորթէ՛ այն տեղը, որ Տէրը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար։

3. Անոր հետ խմորեալ հաց մի՛ ուտեր, եօթը օր դառնութեան անխմոր հաց պիտի ուտես անոր հետ. վասն զի Եգիպտոսի երկրէն տագնապով ելար. որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես։

4. Քու բոլոր սահմաններուդ մէջ եօթը օր բնաւ խմոր թող չերեւնայ քովդ ու նախորդ իրիկունը մորթուած միսը մինչեւ առտու թող չմնայ։

5. Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն ոեւէ մէկուն մէջ զատիկը մի՛ մորթեր.

6. Հապա միայն այն տեղ՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար. հոն մորթէ՛ զատիկը իրիկուան դէմ՝ արեւին մարը մտած ատենը, Եգիպտոսէն ելած ժամանակդ։

7. Քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը զանիկա եփէ եւ կեր եւ առտուն դարձիր՝ տունդ գնա՛։

8. Վեց օր բաղարջ պիտի ուտես ու եօթներորդ օրը քու Տէր Աստուծոյդ համար տօնախմբութեան օր պիտի ըլլայ եւ գործ մը չընես։

9. «Դուն եօթը շաբաթ հաշուէ։ Եօթը շաբաթները հաշուել սկսէ, այն օրէն երբ սկսիս մանգաղով հնձել։

10. Ետքը քու Տէր Աստուծոյդ շաբաթներուն տօնը պահելով, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէդ եկած կամաւոր ընծան տո՛ւր։

11. Այն տեղ, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար՝ հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ ու քու քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին եւ ձեր մէջ գտնուած օտարականը, որբն ու որբեւարին։

12. Եգիպտոսի մէջ ծառայ ըլլալդ միտքդ բերելով՝ այս կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ՛։

13. «Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը հաւաքելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահէ։

14. Տօնիդ մէջ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, օտարականը եւ որբն ու որբեւարին։

15. Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ։

16. «Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ ու մէկը Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ թող չելլէ։

17. Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ։ ԴԱՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

18. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ քու ցեղերուդ համեմատ՝ քեզի դատաւորներ ու ոստիկաններ կարգէ, որ անոնք արդար դատաստանով ժողովուրդը դատեն։

19. Իրաւունքը մի՛ ծռեր, աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ։

20. Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր, որպէս զի ողջ մնաս եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես։

21. «Քու Տէր Աստուծոյդ համար շինելու սեղանիդ քով ոեւէ անտառ մի՛ տնկեր քեզի։

22. Արձան ալ մի՛ կանգնեցներ քեզի, որմէ քու Տէր Աստուածդ կը զզուի»։

About Երկրորդ Օրինաց Chapter 16

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 16 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երկրորդ Օրինաց
Chapter: 16
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երկրորդ Օրինաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երկրորդ Օրինաց Chapter 16 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երկրորդ Օրինաց Chapter 16?

Երկրորդ Օրինաց Chapter 16 is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երկրորդ Օրինաց Chapter 16 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երկրորդ Օրինաց

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 15
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 20
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 12
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 11
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 9

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ա Մնացորդաց Chapter 1
  2. Թվեր Chapter 4
  3. Հեսու Chapter 2
  4. Ա Մնացորդաց Chapter 18
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 6
  6. Եսայի Chapter 60
  7. Սաղմոսներ Chapter 51

Related Chapters & Readings

  1. Երեմիա Chapter 34
  2. Դ Թագավորներ Chapter 22
  3. Սաղմոսներ Chapter 4
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 19
  5. Եզեկիել Chapter 18
  6. Եզեկիել Chapter 2
  7. Սաղմոսներ Chapter 80
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *