Read Երեմիա Chapter 28 Online
Read Երեմիա Chapter 28 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Երեմիա 28
Գլուխ 28
1. Նոյն տարին Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէն եղող Ազուրի որդին Անանիա մարգարէն Տէրոջը տանը մէջ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ ինծի ըսաւ.
2. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի։
3. Երկու տարիէն, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն առած ու Բաբելոն տարած Տէրոջը տանը բոլոր անօթները այս տեղ պիտի դարձնեմ
4. Եւ Յուդայի թագաւոր Յովակիմին որդին Յեքոնիան ու Բաբելոն տարուած բոլոր գերիները այս տեղ պիտի դարձնեմ, վասն զի Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ’»։
5. Այն ատեն Երեմիա մարգարէն, Տէրոջը տանը մէջ կայնող բոլոր քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Անանիա մարգարէին խօսեցաւ
6. Ու ըսաւ. «Ամէ՛ն. Տէրը այնպէս թող ընէ. Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ թող հաստատէ՛ ու Տէրոջը տանը անօթները ու բոլոր գերիները Բաբելոնէն այս տեղ թող դարձնէ՛։
7. Բայց հիմա քու ականջներուդ եւ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այս իմ խօսքիս մտիկ ըրէ.
8. Ինծմէ առաջ ու քեզմէ առաջ, սկիզբէն ի վեր եկող մարգարէները շատ երկիրներու դէմ ու մեծ թագաւորութիւններու դէմ՝ պատերազմի, չարիքի ու ժանտախտի վրայով մարգարէացան։
9. Երբ մարգարէ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ ու այն մարգարէին խօսքը կը կատարուի, այն ատեն կը հասկցուի թէ անիկա ճշմարտապէս Տէրոջմէ ղրկուած մարգարէ մըն է’»։
10. Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին պարանոցէն լուծը առաւ ու զանիկա կոտրեց։
11. Եւ Անանիան բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ ըսաւ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկու տարիէն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը բոլոր ազգերու պարանոցին վրայէն այսպէս պիտի կոտրեմ»։ Երեմիա մարգարէն իր ճամբան գնաց։
12. Անանիա մարգարէին՝ Երեմիա մարգարէին պարանոցին վրայէն լուծը կոտրելէն ետքը, Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
13. «Գնա՛ Անանիային ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես։
14. Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս բոլոր ազգերուն պարանոցին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէս զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն ընեն, անոր ծառայեն։ Դաշտի գազաններն ալ անոր տուի’»։
15. Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Հիմա լսէ՛, ո՛վ Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր, որ ստութեան յուսան։
16. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ երկրի երեսէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուցիր’»։
17. Անանիա մարգարէն այդ տարուան եօթներորդ ամսուան մէջ մեռաւ։
About Երեմիա Chapter 28
Read Երեմիա Chapter 28 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Երեմիա
Chapter: 28
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Երեմիա Chapter 28 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Երեմիա Chapter 28?
Երեմիա Chapter 28 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 28 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Երեմիա
- Երեմիա Chapter 33
- Երեմիա Chapter 50
- Երեմիա Chapter 40
- Երեմիա Chapter 30
- Երեմիա Chapter 48
- Երեմիա Chapter 46
- Երեմիա Chapter 32
Explore More from Հին Կտակարան
- Գ Թագավորներ Chapter 10
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 12
- Եսայի Chapter 7
- Ա Մնացորդաց Chapter 19
- Առակներ Chapter 22
- Եսայի Chapter 36
- Եզեկիել Chapter 22