Երեմիա Chapter 19

For English

Read Երեմիա Chapter 19 Online

Read Երեմիա Chapter 19 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երեմիա 19

Գլուխ 19

1. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, բրուտի շինած հողէ կուժ մը ծախու ա՛ռ ու ժողովուրդէն քանի մը ծերեր եւ քահանաներէն քանի մը ծերեր քեզի հետ ա՛ռ

2. Եւ Խեցիներու դրանը դիմացի՝ Ենովմի որդիին ձորը իջիր ու հոն յայտնէ այն խօսքերը, որոնք քեզի պիտի ըսեմ»։

3. Անոնց ըսէ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս տեղին վրայ սարսափելի չարիք մը պիտի բերեմ, այնպէս որ զանիկա լսողին ականջները պիտի խօսին.

4. Վասն զի անոնք զիս թողուցին ու այս տեղը ինծմէ օտարացուցին եւ հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք եւ ո՛չ իրենց հայրերը, ո՛չ ալ Յուդայի թագաւորները կը ճանչնային ու այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին

5. Եւ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, որպէս զի իրենց տղաքները կրակով այրեն՝ Բահաղին ողջակէզ ընեն, որը ես չհրամայեցի, չխօսեցայ ու մտքէս ալ չանցաւ։

6. Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ անգամ մըն ալ այս տեղը Տօփեթ ու Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, հապա Սպանութեան ձոր։

7. Այս տեղ Յուդայի ու Երուսաղէմի խորհուրդը պիտի խափանեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով եւ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքով պիտի կործանեմ։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ։

8. Այս քաղաքը աւերակ ու նախատինքի առարկայ պիտի ընեմ։ Անկէ ամէն անցնողը անոր բոլոր հարուածներուն պատճառով պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։

9. Պաշարման ատենը այն նեղութեանը մէջ, որով անոնց թշնամիները եւ անոնց հոգին փնտռողները զանոնք պիտի նեղեն, իրենց տղոցը ու աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց ու իրարու միս պիտի ուտեն’»։

10. «Ետքը այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջեւ կոտրէ՛

11. Ու անոնց ըսէ՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ ու զանոնք Տօփեթի մէջ պիտի թաղեն՝ մինչեւ որ ա՛լ թաղելու տեղ չմնայ՝ ՝’»։

12. «Այն տեղին ու անոր բնակիչներուն այսպէս պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Այս քաղաքը Տօփեթի պէս պիտի ընեմ

13. Ու Երուսաղէմի տուները եւ Յուդայի թագաւորներուն տուները Տօփեթի տեղին պէս պիղծ պիտի ըլլան այն բոլոր տուներուն պատճառով՝ ՝, որոնց տանիքներուն վրայ երկնքի զօրքերուն խունկ ծխեցին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ մատուցանեցին»։

14. Երեմիա Տօփեթէն եկաւ, ուր Տէրը զանիկա ղրկեր էր մարգարէութիւն ընելու համար եւ Տէրոջը տանը գաւիթը կայնեցաւ ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ.

15. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքները, որոնք անոր համար որոշեցի. վասն զի իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի իմ խօսքերուս մտիկ չընեն’»։

About Երեմիա Chapter 19

Read Երեմիա Chapter 19 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երեմիա
Chapter: 19
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երեմիա Chapter 19 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երեմիա Chapter 19?

Երեմիա Chapter 19 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 19 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երեմիա

  1. Երեմիա Chapter 33
  2. Երեմիա Chapter 40
  3. Երեմիա Chapter 30
  4. Երեմիա Chapter 32
  5. Երեմիա Chapter 24
  6. Երեմիա Chapter 50
  7. Երեմիա Chapter 48

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եսայի Chapter 48
  2. Առակներ Chapter 12
  3. Եզեկիել Chapter 26
  4. Միքիա Chapter 1
  5. Եզեկիել Chapter 23
  6. Եսայի Chapter 29
  7. Սաղմոսներ Chapter 37

Related Chapters & Readings

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
  2. Բ Մնացորդաց Chapter 6
  3. Հոբ Chapter 15
  4. Բ Սամուել Chapter 4
  5. Թվեր Chapter 33
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Հռոմեացիներ Chapter 8
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *