Մարկոս Chapter 12

For English

Read Մարկոս Chapter 12 Online

Read Մարկոս Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մարկոս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Մարկոս and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Մարկոս 12

Գլուխ 12

1. Ապա շարունակեց առակներով խօսիլ անոնց հետ ու ըսել. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։

2. Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։

3. Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։

4. Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։

5. Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին։

6. Ուստի՝ սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. «Թերեւս ամչնան իմ որդիէս»։

7. Բայց այն մշակները ըսին իրարու. «Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ»։

8. Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին ու այգիէն դուրս հանեցին։

9. Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ։ Պիտի գայ ու կորսնցնէ մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ։

10. Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’.

11. Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն»։

12. Մտածեցին բռնել զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ եւ ձգեցին զանիկա ու գացին։

13. Եւ Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները քանի մը հոգի ղրկեցին անոր, որպէս զի խօսքով բռնեն զանիկա։

14. Անոնք եկան ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտասէր ես եւ մէկո՛ւն համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես. Կայսրին տուրք տալ օրինաւո՞ր է։ Տա՞նք թէ չտանք»։

15. Յիսուս գիտնալով անոնց կեղծաւորութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը որ տեսնեմ»։

16. Անոնք բերին։ Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն է այս պատկերը ու գիրը»։ Անոնք ըսին. «Կայսրին»։

17. Յիսուս պատասխան տալով ըսաւ անոնց. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ Ու զարմացան անոր վրայ։

18. Անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ անոր հարցուցին՝ ըսելով.

19. «Վարդա՛պետ, Մովսէս մեզի գրեց թէ՝ ‘Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի ու կինը ձգէ եւ զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։

20. Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ եւ զաւակ չունեցաւ։

21. Երկրորդը առաւ զանիկա ու մեռաւ։ Ան ալ զաւակ չունեցաւ. նոյնպէս ալ երրորդը։

22. Ու եօթն ալ զանիկա առին եւ զաւակ չունեցան. ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։

23. Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։

24. Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։

25. Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։

26. Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։

27. Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք»։

28. Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։

29. Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’.

30. ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։

31. Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։

32. Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ.

33. Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։

34. Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։

35. Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր՝ ըսաւ. «Դպիրները ինչպէ՞ս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։

36. Ինք՝ Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։

37. Ուրեմն Դաւիթ ինք որ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Ժողովուրդէն շատերը յօժարութեամբ մտիկ կ’ընէին անոր։

38. Իր վարդապետութեանը մէջ կ’ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն

39. Ու ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները.

40. Որոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն։ Ասոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։

41. Եւ Յիսուս գանձանակին քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։

42. Աղքատ որբեւարի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։

43. Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց.

44. Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։

About Մարկոս Chapter 12

Read Մարկոս Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մարկոս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Մարկոս
Chapter: 12
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Մարկոս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Մարկոս Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Մարկոս Chapter 12?

Մարկոս Chapter 12 is part of the Book of Մարկոս in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Մարկոս Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Մարկոս

  1. Մարկոս Chapter 7
  2. Մարկոս Chapter 16
  3. Մարկոս Chapter 1
  4. Մարկոս Chapter 14
  5. Մարկոս Chapter 13
  6. Մարկոս Chapter 11
  7. Մարկոս Chapter 5

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Մարկոս Chapter 3
  2. Մատթեոս Chapter 25
  3. Հռոմեացիներ Chapter 11
  4. Հռոմեացիներ Chapter 6
  5. Ա Կորնթացիներ Chapter 9
  6. Ա Տիմոթեոս Chapter 2
  7. Բ Թեսաղոնիկեցիներ Chapter 2

Related Chapters & Readings

  1. Գործք Առաքելոց Chapter 6
  2. Սաղմոսներ Chapter 117
  3. Հոբ Chapter 11
  4. Բ Սամուել Chapter 2
  5. Դ Թագավորներ Chapter 8
  6. Երեմիա Chapter 24
  7. Մատթեոս Chapter 12
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *