Եսայի Chapter 66

For English

Read Եսայի Chapter 66 Online

Read Եսայի Chapter 66 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 66

Գլուխ 66

1. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկինք իմ աթոռս է Ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է։ Այս ի՞նչ տուն է որ ինծի համար կը շինէք Եւ այս ի՞նչ տեղ է իմ հանգստութեանս համար։

2. Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց Ու այս բոլորը իմս են, կ’ըսէ Տէրը, Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ, Այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին Ու իմ խօսքէս դողացողին։

3. Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս։ Նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս, Կնդրուկ ծխողը կուռք պաշտողի՝ ՝ պէս։ Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները ընտրեցին Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ’ախորժին։

4. Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ Եւ այն բոլոր բաները, որոնցմէ կը վախնան, իրենց վրայ պիտի բերեմ։ Վասն զի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ, Խօսեցայ ու մտիկ չըրին։ Իմ առջեւս չարութիւն ըրին Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին»։

5. Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, Ո՛վ անոր խօսքերէն դողացողներ. «Իմ անուանս համար ձեզ ատող Ու ձեզ անարգող ձեր եղբայրները ըսին՝ ‘Թող Տէրը փառաւորուի Ու ձեր ուրախութիւնը տեսնենք’. Բայց անոնք պիտի ամչնան։

6. Քաղաքէն աղաղակ մը, տաճարէն ձայն մը կու գայ, Տէրոջը ձայնը, որ իր թշնամիներուն վարձքը կը հատուցանէ։

7. Առանց ցաւ կրելու ծնաւ, Երկունքի ցաւը գալէ առաջ մանչ մը ծնաւ։

8. Ո՞վ լսեց այսպիսի բան մը, ո՞վ տեսաւ նման բան։ Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, Կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։ Քանզի Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ։

9. ‘Ես որ ծնանելու վայրկեանը կը բերեմ, Ծնանիլ պիտի չտա՞մ’, կ’ըսէ Տէրը. ‘Ես որ յղանալ կ’արտօնեմ, Արգանդը պիտի գոցե՞մ’, կ’ըսէ քու Աստուածդ։

10. Երուսաղէմին հետ ուրախացէ՛ք ու անոր հետ ցնծացէ՛ք Դո՛ւք բոլորդ, որ զանիկա կը սիրէք։ Մեծապէս ուրախացէ՛ք անոր հետ Դո՛ւք, բոլորդ որ անոր համար սուգ կը բռնէք։

11. Վասն զի անոր մխիթարութեան ստինքներէն Պիտի ծծէք ու կշտանաք։ Վասն զի դուք կաթով պիտի սնանիք Եւ անոր փառքին առատութիւնովը պիտի զուարճանաք»։

12. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս Ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ։ Եւ կաթով պիտի սնանիք եւ ձեզ գրկի վրայ պիտի կրեն Ու ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։

13. Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, Այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ Ու Երուսաղէմ պիտի մխիթարէ ձեզ։

14. Պիտի տեսնէք ու սրտերնիդ պիտի ուրախանայ Եւ ձեր ոսկորները կանանչ խոտի պէս պիտի ծաղկին։ Տէրոջը ձեռքը իր ծառաներուն վրայ Եւ անոր բարկութիւնը թշնամիներուն վրայ պիտի յայտնուի։

15. Քանզի ահա Տէրը կրակով պիտի գայ։ Անոր կառքերը մրրիկի պէս են, Որպէս զի իր բարկութիւնը սրտմտութիւնով Եւ իր սպառնալիքը կրակի բոցով գործադրէ։

16. Քանզի Տէրը կրակով ու իր սուրովը պիտի դատէ ամէն մարմին։ Տէրոջմէն սպաննուածները շատ պիտի ըլլան»։

17. «Զիրենք սրբողները եւ պարտէզներու մէջ զիրար մաքրողները, Խոզի միս ու պիղծ բաներ եւ մուկ ուտողները Մէկտեղ բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։

18. «Բայց ես անոնց գործերն ու խորհուրդները գիտեմ Եւ բոլոր ազգերն ու լեզուները պիտի հաւաքեմ։ Անոնք պիտի գան ու իմ փառքս պիտի տեսնեն։

19. Անոնց մէջ նշան պիտի դնեմ, Անոնցմէ ազատուածները ազգերուն պիտի ղրկեմ, Այսինքն դէպի Թարսիս, դէպի Փուղ եւ Ղուդ (աղեղնաւորները)՝ Դէպի Թոբէլ ու Յաւան, Այն հեռու կղզիները, որոնք իմ համբաւս չլսեցին Եւ իմ փառքս չտեսան։ Իմ փառքս ազգերու մէջ պիտի պատմեն։

20. Անոնք ձիերով ու կառքերով, Գահաւորակներով, ջորիներով ու տաճիկ ուղտերով՝ Ձեր բոլոր եղբայրները բոլոր ազգերէն Իմ սուրբ լեռս՝ Երուսաղէմ՝ Տէրոջը ընծայ պիտի բերեն», կ’ըսէ Տէրը, «Ինչպէս Իսրայէլի որդիները Մաքուր ամանով Տէրոջը տունը ընծայ կը բերեն։

21. Անոնցմէ ալ պիտի առնեմ՝ Քահանաներ ու Ղեւտացիներ ըլլալու համար», կ’ըսէ Տէրը։

22. «Քանզի նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որ պիտի ստեղծեմ, Իմ առջեւս հաստատ պիտի մնան», կ’ըսէ Տէրը։ Այնպէս ալ ձեր սերունդը եւ ձեր անունը պիտի մնան։

23. «Եւ ամէն նոր լուսնի տօնին եւ ամէն շաբաթ Բոլոր մարդիկը իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գան», կ’ըսէ Տէրը։

24. «Անոնք պիտի ելլեն Ու իմ դէմս ապստամբողներուն դիակները պիտի տեսնեն, Քանզի անոնց որդը պիտի չմեռնի, Անոնց կրակը պիտի չմարի, Անոնք ամէն մարմնի զզուելի պիտի ըլլան»։

About Եսայի Chapter 66

Read Եսայի Chapter 66 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 66
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 66 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 66?

Եսայի Chapter 66 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 66 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 59
  4. Եսայի Chapter 50
  5. Եսայի Chapter 31
  6. Եսայի Chapter 30
  7. Եսայի Chapter 38

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հեսու Chapter 7
  2. Հոբ Chapter 9
  3. Առակներ Chapter 8
  4. Սաղմոսներ Chapter 62
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 10
  6. Սաղմոսներ Chapter 78
  7. Հեսու Chapter 18

Related Chapters & Readings

  1. Ա Սամուել Chapter 23
  2. Գործք Առաքելոց Chapter 2
  3. Հոբ Chapter 3
  4. Սաղմոսներ Chapter 130
  5. Հոբ Chapter 22
  6. Եսայի Chapter 53
  7. Սաղմոսներ Chapter 28
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *