Read Եսայի Chapter 40 Online
Read Եսայի Chapter 40 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 40
Գլուխ 40
1. «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս», Կ’ըսէ ձեր Աստուածը.
2. Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէք Ու անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ, Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։
3. Անապատին մէջ կանչողին ձայնը. «Տէրոջը՝ ՝ ճամբա՛ն պատրաստեցէք Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։
4. Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ, Ծուռը պիտի շտկուի, Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։
5. Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
6. Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛» Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։ Ամէն մարմին խոտ է։ Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։
7. Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։ Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է։
8. Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։
9. Ելի՛ր բարձր լերան վրայ, Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես, Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր, Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես. Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար. Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։
10. Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։ Ահա իր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։
11. Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։
12. Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց Ու թիզով երկինքը ծրագրեց Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց Ու լեռները կշռաթաթով Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։
13. Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։
14. Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։ Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։
15. Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին, Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են՝ ՝։
16. Լիբանանը կրակի համար բաւական չէ Ու անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն։
17. Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս Ու ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։
18. Ուստի դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք Ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։
19. Արուեստագէտը կը ձուլէ կուռքը Ու ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէ Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ։
20. Այն աղքատը որ չի կրնար մեծածախս նուէրներ տալ, Անփուտ փայտ կ’ընտրէ, Իրեն վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ, Որպէս զի անշարժ կուռք մը շինէ։
21. Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք, Ձեզի առաջուրնէ չըսուեցա՞ւ, Երկրին հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք։
22. Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։ Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։
23. Ի՛նքն է իշխանները բնաջինջ ընողը Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը։
24. Հազիւ թէ անոնք տնկուած, ցանուած են ու Անոնց բունը հողի մէջ արմատացած է, Անիկա անոնց վրայ կը փչէ ու անոնք կը չորնան Եւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի։
25. «Արդ՝ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս, Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ’ըսէ Սուրբը։
26. Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։
27. Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսես Ու ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես թէ՝ «Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ Եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։
28. Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, Չի յոգնիր ու չի թուլնար. Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։
29. Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։
30. Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան,
31. Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին։
About Եսայի Chapter 40
Read Եսայի Chapter 40 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 40
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 40 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 40?
Եսայի Chapter 40 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 40 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Առակներ Chapter 20
- Ժողովող Chapter 8
- Երեմիա Chapter 13
- Եզեկիել Chapter 11
- Սաղմոսներ Chapter 53
- Միքիա Chapter 3
- Թվեր Chapter 7