Read Սոփոնիա Chapter 1 Online
Read Սոփոնիա Chapter 1 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սոփոնիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Սոփոնիա and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Սոփոնիա 1
Գլուխ 1
1. Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին Ամարիայի որդիին Գոդողիայի որդիին Քուսիի որդիին Սոփոնիային եղաւ՝ Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային օրերը։
2. «Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
3. «Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ, Երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ, Երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ», կ’ըսէ Տէրը։
4. «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. Այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը, Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ,
5. Տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները Երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները, Մեղքոմով երդում ընողները,
6. Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները Եւ զանիկա չխնդրողները»։
7. Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները հրաւիրեց։
8. Եւ Տէրոջը զոհին օրը Իշխաններն ու թագաւորին տղաքները Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։
9. Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները, Իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ»։
10. «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն Եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։
11. Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ, Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։
12. Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։
13. Անոնց ստացուածքը՝ աւար, Անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։ Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, Այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։
14. Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։
15. Այն օրը բարկութեան օր է. Նեղութեան ու տառապանքի օր, Կործանումի ու աւերումի օր, Խաւարի ու մէգի օր, Ամպի ու մառախուղի օր է։
16. Պարսպապատ քաղաքներու դէմ Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։
17. Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ Կոյրերու պէս պիտի պտըտին, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։ Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։
18. Տէրոջը բարկութեան օրը Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։
About Սոփոնիա Chapter 1
Read Սոփոնիա Chapter 1 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սոփոնիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Սոփոնիա
Chapter: 1
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Սոփոնիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Սոփոնիա Chapter 1 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Սոփոնիա Chapter 1?
Սոփոնիա Chapter 1 is part of the Book of Սոփոնիա in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Սոփոնիա Chapter 1 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4