Գործք Առաքելոց Chapter 27

For English

Read Գործք Առաքելոց Chapter 27 Online

Read Գործք Առաքելոց Chapter 27 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Գործք Առաքելոց in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Գործք Առաքելոց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Գործք Առաքելոց 27

Գլուխ 27

1. Երբ որոշուեցաւ որ նաւով Իտալիա երթանք, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը կապուածներ յանձնեցին հարիւրապետի մը, որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն։

2. Ադրամինտական նաւ մը մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ Ասիոյ կողմէն կը նաւարկէինք. Թեսաղոնիկէէ եղող Արիստարքոս Մակեդոնացին ալ մեզի հետ էր։

3. Հետեւեալ օրը Սիդոն հասանք։ Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի։

4. Անկէ ելլելով՝ Կիպրոսի վարի կողմէն նաւարկեցինք՝ հովին դէմ ըլլալուն համար։

5. Ետքը Կիլիկիոյ ու Պամփիւլիոյ ծովուն մէջէն նաւարկելով՝ Լիկիայի Միռա քաղաքը հասանք։

6. Հարիւրապետը հոն Աղեքսանդրիական նաւ մը գտնելով, որ Իտալիա կ’երթար, մեզ անոր մէջ մտցուց։

7. Շատ օրեր կամաց կամաց նաւելով՝ հազիւ թէ Կնիդոսի քովերը հասանք, հովը մեզի դէմ ըլլալով՝ Կրետէի վարի կողմէն Սաղմոնայի քովէն նաւեցինք

8. Եւ դժուարաւ անկէ անցնելով՝ տեղ մը եկանք, որ Գեղեցիկ նաւահանգիստ կը կոչուէր, որուն մօտ էր Ղասիա քաղաքը։

9. Շատ ժամանակ անցաւ եւ նաւին ճամբայ ելլելն ալ վտանգաւոր էր, ծոմին ատենն ալ արդէն անցած ըլլալով, Պօղոս խրատ կու տար

10. Եւ կ’ըսէր անոնց. «Մարդի՛կ, ես կը տեսնեմ թէ այս նաւին ճամբայ ընելը տառապանքով ու շատ վնասով պիտի ըլլայ ո՛չ միայն բեռան ու նաւին՝ հապա մեր անձերուն ալ»։

11. Բայց հարիւրապետը աւելի նաւապետին եւ նաւավարին մտիկ կ’ընէր՝ քան թէ Պօղոսին խօսքերուն։

12. Որովհետեւ այն նաւահանգիստը յարմար չէր ձմեռը հոն անցընելու, շատերը խորհեցան անկէ երթալ, որ թերեւս կարող ըլլան Փիւնիկէ հասնիլ ու ձմեռը հոն կենալ, որ Կրետէի նաւահանգիստ մըն է ու դէպի հարաւ եւ արեւմտեան հիւսիս կը նայի։

13. Երբ հարաւային մեղմ հով մը փչեց, կարծելով թէ իրենց դիտաւորութեանը հասեր են, ճամբայ ելանք ու Կրետէի քովերէն անցանք։

14. Շատ ատեն չանցած՝ մրրկալից հով մը ելաւ մեր դէմ, որ Եւրակիկլոն կը կոչուի։

15. Նաւը յափշտակուեցաւ եւ հովին դէմ չկրցաւ դիմանալ։ Թող տուած՝ կ’երթայինք ու կու գայինք.

16. Դէպի փոքր կղզիի մը ետեւի կողմը դիմելով, որ Կղօդա կը կոչուէր, հազիւ կրցանք մակոյկը բռնել.

17. Որը վեր առին ու միջոցներ գործածելով՝ նաւը տակէն կապեցին եւ վախնալով որ չըլլայ թէ յորձանուտը իյնան, առագաստը իջեցուցած՝ կ’երթային ու կու գային։

18. Քանի որ սաստիկ ալեկոծութեան մէջ էինք, յաջորդ օրը բեռները դուրս նետեցին։

19. Երրորդ օրը նաւին գործիքները մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք։

20. Շատ օրեր ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր կ’երեւնային եւ փոթորիկը քիչ չէր մեր վրայ։ Ա՛լ բոլորովին մեր ազատուելու յոյսը կտրուեցաւ։

21. Որովհետեւ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս անոնց մէջ կայնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր որ ինծի մտիկ ընէիք ու Կրետէէն չելլէիք եւ այս տառապանքն ու վնասը չքաշէիք։

22. Հիմա ալ ձեզ կը յորդորեմ, որ սիրտ առնէք, քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ, միայն նաւին,

23. Վասն զի այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ

24. Եւ ըսաւ. ‘Մի վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’։

25. Ուստի, մա՛րդիկ, սի՛րտ առէք, վասն զի ես կը հաւատամ Աստուծոյ՝ որ այսպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս ինծի ըսուեցաւ։

26. Միայն թէ՝ պէտք է որ կղզի մը իյնանք»։

27. Տասնըչորրորդ գիշերն էր, որ Ադրիական ծովուն մէջ կը տարուբերէինք, կէսգիշերին նաւավարները կը կարծէին թէ երկրի մը մօտեցեր են։

28. Գնդակը ձգելով՝ քսան գրկաչափ գտան։ Քիչ մըն ալ յառաջ երթալով՝ նորէն ձգեցին եւ տասնըհինգ գրկաչափ գտան։

29. Ու վախնալով որ չըլլայ թէ քարոտ տեղեր իյնան, ետեւի կողմէն չորս խարիսխ ձգեցին եւ անձկութեամբ լուսնալուն կը սպասէինք։

30. Իսկ նաւավարները նաւէն փախչիլ ուզելով՝ մակոյկը ծովը իջեցուցին, ձեւացնելով թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխներ պիտի ձգեն։

31. Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ատոնք նաւին մէջ չկենան՝ դուք չէք կրնար ազատիլ»։

32. Այն ատեն զինուորները մակոյկին չուանները կտրեցին եւ թողուցին որ հեռանայ։

33. Առտուն՝ Պօղոս կ’աղաչէր ամենուն որ կերակուր ուտեն, ըսելով. «Այսօր տասնըչորս օր է, որ դուք սպասելով անօթի մնացեր էք ու բան մը կերած չէք,

34. Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի որ կերակուր ուտէք, վասն զի այս ալ ձեր ազատութեանը համար է. քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն գլխէն մազ մը պիտի չկորսուի»։

35. Այսպէս ըսելով՝ հաց առաւ ու ամենուն առջեւ Աստուծմէ գոհացաւ եւ կտրելով սկսաւ ուտել։

36. Ամէնքն ալ սիրտ առին ու իրենք ալ կերակուր կերան։

37. Նաւին մէջ երկու հարիւր եօթանասունըվեց հոգի էինք։

38. Երբ կշտացան կերակուրով, նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծովը թափելով։

39. Առտուն, ցամաքը չէին ճանչնար, միայն ծոց մը կը նշմարէին որ ծովեզերք ունէր ու կը խորհէին հնարք մը գտնել, որ կարելի ըլլայ նաւը անոր մէջ մխել։

40. Խարիսխները կտրելով՝ ծովը ձգեցին ու ղեկերուն կապերը թուլցուցին եւ առագաստը հովին բանալով՝ դէպի այն ծովեզերքը գացին

41. Եւ այնպիսի տեղ մը ինկան, որուն երկու կողմը ծով էր։ Նաւը նստեցուցին։ Նաւին առջեւի կողմը խրեցաւ եւ անշարժ մնաց։ Ետեւի կողմը ալիքներուն սաստկութնէն կը քակուէր։

42. Զինուորներն ալ խորհուրդ ըրին որ կապուածները սպաննեն, որ չըլլայ թէ մէկը լողայ ու փախչի։

43. Բայց հարիւրապետը, որ Պօղոսը ազատել կ’ուզէր, արգիլեց անոնց այն խորհուրդը եւ հրաման տուաւ որ լողալ գիտցողները առաջ նետուին ու ցամաք ելլեն.

44. Եւ մնացածները, ոմանք տախտակներով եւ ոմանք ուրիշ բաներով եւ այսպէս՝ ամէնքը ազատեցան, ցամաք ելան։

About Գործք Առաքելոց Chapter 27

Read Գործք Առաքելոց Chapter 27 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Գործք Առաքելոց in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Գործք Առաքելոց
Chapter: 27
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Գործք Առաքելոց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Գործք Առաքելոց Chapter 27 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Գործք Առաքելոց Chapter 27?

Գործք Առաքելոց Chapter 27 is part of the Book of Գործք Առաքելոց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Գործք Առաքելոց Chapter 27 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Գործք-Առաքելոց

  1. Գործք Առաքելոց Chapter 21
  2. Գործք Առաքելոց Chapter 24
  3. Գործք Առաքելոց Chapter 22
  4. Գործք Առաքելոց Chapter 2
  5. Գործք Առաքելոց Chapter 17
  6. Գործք Առաքելոց Chapter 16
  7. Գործք Առաքելոց Chapter 10

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Ա Կորնթացիներ Chapter 8
  2. Մատթեոս Chapter 3
  3. Գաղատացիներ Chapter 1
  4. Գործք Առաքելոց Chapter 9
  5. Գործք Առաքելոց Chapter 21
  6. Հովհաննես Chapter 3
  7. Հռոմեացիներ Chapter 13

Related Chapters & Readings

  1. Նեեմիա Chapter 8
  2. Եբրայեցիներ Chapter 1
  3. Հեսու Chapter 20
  4. Ովսեե Chapter 6
  5. Բ Մնացորդաց Chapter 27
  6. Սաղմոսներ Chapter 149
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 20
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *