Ղուկաս Chapter 18

For English

Read Ղուկաս Chapter 18 Online

Read Ղուկաս Chapter 18 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ղուկաս and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ղուկաս 18

Գլուխ 18

1. Անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ։

2. Ըսաւ. «Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։

3. Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւարի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։

4. Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար,

5. Գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։

6. Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։

7. Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։

8. Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։

9. Մէկ քանիներուն՝ որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին՝ թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին՝ այս առակը ըսաւ.

10. «Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։

11. Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս,

12. Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’։

13. Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’։

14. Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»։

15. Մանր տղաք ալ բերին իրեն, որպէս զի անոնց դպչի։ Աշակերտները տեսնելով՝ կը յանդիմանէին զանոնք։

16. Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։

17. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։

18. Իշխան մը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։

19. Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։

20. Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։

21. Ան ալ ըսաւ. «Ատոնք մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։

22. Այս լսելով Յիսուս ըսաւ անոր. «Բան մը պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։

23. Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր։

24. Յիսուս, երբ զանիկա տրտմած տեսաւ, ըսաւ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին։

25. Քանզի աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։

26. Անոնք, որ լսեցին, ըսին. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։

27. Ինք ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։

28. Պետրոս ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։

29. Անիկա ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար,

30. Եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։

31. Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա մենք Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ մարգարէներուն ձեռքով Որդի մարդոյ համար բոլոր գրուածները պիտի կատարուին։

32. Վասն զի հեթանոսներուն պիտի մատնուի ու ծաղր պիտի ըլլայ եւ պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ

33. Եւ պիտի ծեծեն ու սպաննեն զանիկա, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։

34. Անոնք այս բաներէն մէկն ալ չհասկցան։ Ու այս խօսքը անոնցմէ ծածկուած էր եւ ըսած բաները չէին իմանար։

35. Օր մը երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։

36. Երբ լսեց բազմութեանը անցնիլը, հարցուց թէ ‘Ի՞նչ է այն’։

37. Իրեն ըսին թէ ‘Յիսուս Նազովրեցին կ’անցնի’։

38. Ան ալ աղաղակեց ու ըսաւ. «Յիսո՛ւս, Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ ինծի»։

39. Անոնք որ առջեւէն կ’երթային, կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ, բայց անիկա ալ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։

40. Յիսուս կանգ առնելով՝ հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ու ըսաւ.

41. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Տէր, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։

42. Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։

43. Եւ իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ տեսնելով՝ Աստուած կը գովաբանէին։

About Ղուկաս Chapter 18

Read Ղուկաս Chapter 18 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ղուկաս
Chapter: 18
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ղուկաս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ղուկաս Chapter 18 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ղուկաս Chapter 18?

Ղուկաս Chapter 18 is part of the Book of Ղուկաս in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ղուկաս Chapter 18 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ղուկաս

  1. Ղուկաս Chapter 2
  2. Ղուկաս Chapter 16
  3. Ղուկաս Chapter 19
  4. Ղուկաս Chapter 20
  5. Ղուկաս Chapter 11
  6. Ղուկաս Chapter 9
  7. Ղուկաս Chapter 24

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Գործք Առաքելոց Chapter 19
  2. Գործք Առաքելոց Chapter 11
  3. Հովհաննես Chapter 10
  4. Ա Պետրոս Chapter 4
  5. Ա Հովհաննես Chapter 1
  6. Հայտնություն Chapter 5
  7. Գործք Առաքելոց Chapter 16

Related Chapters & Readings

  1. Եսայի Chapter 30
  2. Եսայի Chapter 28
  3. Երեմիա Chapter 12
  4. Երեմիա Chapter 17
  5. Եսայի Chapter 26
  6. Սաղմոսներ Chapter 91
  7. Ա Թեսաղոնիկեցիներ Chapter 3
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *