Եբրայեցիներ Chapter 12

For English

Read Եբրայեցիներ Chapter 12 Online

Read Եբրայեցիներ Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եբրայեցիներ in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եբրայեցիներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եբրայեցիներ 12

Գլուխ 12

1. Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։

2. Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։

3. Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։

4. Տակաւին արիւն թափելու չափ պատերազմելով հակառակ չկեցաք մեղքին։

5. Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։

6. Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի»

7. Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։

8. Իսկ եթէ դուք առանց խրատի ըլլաք, որուն ամէնքը մասնակից եղան, ուրեմն խո՛րթ էք դուք ու ո՛չ թէ որդիներ։

9. Նաեւ մարմնաւոր հայրերէն, որ մեզ կը խրատեն, կը պատկառինք, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներուն Հօրը ու ապրինք։

10. Վասն զի անոնք քիչ օրեր մեզ կը խրատեն իրենց հաճոյ երեւցածին պէս, բայց Աստուած մեր օգտին համար՝ որպէս զի իր սրբութեանը հաղորդակցինք։

11. Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն։

12. Ուստի թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք

13. Եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի։

14. Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ եւ սրբութեան, առանց ասոր մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը։

15. Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին.

16. Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։

17. Քանզի գիտէք որ՝ թէպէտ ետքը ուզեց օրհնութիւնը ժառանգել, բայց մերժուեցաւ. վասն զի ապաշխարութեան առիթ չգտաւ հօրը քով, թէպէտեւ արցունքով խնդրեց զանիկա։

18. Վասն զի դուք մօտեցած չէ՛ք շօշափելի լերանը, որ կրակով կը վառէր, ո՛չ ալ մէգին եւ խաւարին ու մրրիկին

19. Եւ փողին հնչուելուն ու խօսքերուն ձայնին, որ լսողները աղաչեցին որ անգամ մըն ալ այն խօսքը չկրկնուի իրենց.

20. Վասն զի չէին կրնար դիմանալ հրամանին. «Եթէ գազան մըն ալ լերանը դպչի՝ պիտի քարկոծուի»։

21. Այնպէս ահաւոր էր այն երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը վախնամ ու կը դողամ»։

22. Բայց դուք Սիօն լերան մօտեցեր էք ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին եւ բիւրաւոր հրեշտակներուն

23. Ու երկինքը գրուած անդրանիկներուն հանդիսաւոր ժողովին ու եկեղեցիին եւ Աստուծոյ՝ որ ամենուն Դատաւորն է ու արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասեր են

24. Եւ Յիսուսին, որ նոր ուխտին միջնորդն է ու սրսկուելու արիւնին, որ Աբէլի արիւնէն աւելի աղէկ կը խօսի։

25. Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մերժէք զանիկա որ ձեզի կը խօսի. վասն զի եթէ անոնք երկրի վրայ Աստուծոյ պատգամները տուողը մերժելով չազատեցան, որչա՜փ աւելի մենք՝ եթէ երկնքէն խօսողէն երես դարձնենք.

26. Որուն ձայնը այն ատեն երկիրը շարժեց եւ հիմա խոստացեր է ու կ’ըսէ. «Նորէ՛ն պիտի շարժեմ, ո՛չ միայն երկիրը, հապա նաեւ երկինքը»։

27. Եւ այն Նորէն բառը կը ցուցնէ թէ շարժուած բաները պիտի շարժին ու փոխուին, որպէս զի անշարժ բաները հաստատուն մնան։

28. Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ.

29. Վասն զի մեր Աստուածը մաշող կրակ է։

About Եբրայեցիներ Chapter 12

Read Եբրայեցիներ Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եբրայեցիներ in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եբրայեցիներ
Chapter: 12
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եբրայեցիներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եբրայեցիներ Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եբրայեցիներ Chapter 12?

Եբրայեցիներ Chapter 12 is part of the Book of Եբրայեցիներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եբրայեցիներ Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եբրայեցիներ

  1. Եբրայեցիներ Chapter 9
  2. Եբրայեցիներ Chapter 10
  3. Եբրայեցիներ Chapter 13
  4. Եբրայեցիներ Chapter 11
  5. Եբրայեցիներ Chapter 6
  6. Եբրայեցիներ Chapter 5
  7. Եբրայեցիներ Chapter 2

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Ա Կորնթացիներ Chapter 16
  2. Ղուկաս Chapter 24
  3. Գործք Առաքելոց Chapter 5
  4. Հովհաննես Chapter 19
  5. Հովհաննես Chapter 12
  6. Հռոմեացիներ Chapter 15
  7. Ղուկաս Chapter 1

Related Chapters & Readings

  1. Զաքարիա Chapter 4
  2. Սաղմոսներ Chapter 78
  3. Դատավորներ Chapter 16
  4. Սաղմոսներ Chapter 92
  5. Մարկոս Chapter 1
  6. Եզեկիել Chapter 24
  7. Հոբ Chapter 4
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *