Դատավորներ Chapter 8

For English

Read Դատավորներ Chapter 8 Online

Read Դատավորներ Chapter 8 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Դատավորներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Դատավորներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Դատավորներ 8

Գլուխ 8

1. Եփրեմեանները Գեդէօնին ըսին. «Ի՞նչպէս, ինչո՞ւ Մադիամի դէմ պատերազմելու գացիր եւ մեզ չկանչեցիր»։ Անոր հետ սաստիկ վէճ ըրին։

2. Եւ անիկա անոնց ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրի ձեզի։ Եփրեմին ճռաքաղութիւնը Աբիեզերին այգեկութէն լաւագոյն չէ՞ արդեօք։

3. Աստուած Մադիամի իշխանները՝ Օրէբն ու Զէբը՝ ձեր ձեռքը տուաւ. ես ձեզի ի՞նչ կրցայ ընել»։ Երբ այս խօսքը ըսաւ՝ անոնց սիրտը հանդարտեցաւ։

4. Գեդէօն Յորդանան եկաւ ու ինք եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը անցան. թէպէտեւ նուաղած էին, բայց թշնամին կը հալածէին։

5. Սոկքովթի մարդոցը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛ք, ետեւէս եկող ժողովուրդին հացի նկանակներ տուէ՛ք, քանզի նուաղած են ու ես Մադիամի թագաւորներուն՝ Զեբէէի ու Սաղմանայի՝ ետեւէն ինկեր կը հալածեմ»։

6. Բայց Սոկքովթի իշխանները ըսին. «Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէ՞ջ են, որ մենք քու զօրքիդ հաց տանք»։

7. Ու Գեդէօն ըսաւ. «Ուրեմն, երբ Տէրը Զեբէէն ու Սաղմանան ձեռքս տայ, ձեր մարմինները անապատին փուշերովն ու տատասկներովը պիտի ծեծեմ»։

8. Անկէ Փանուէլ ելաւ ու անոնց ալ նոյնը ըսաւ. Փանուէլի մարդիկն ալ Սոկքովթի մարդոց տուած պատասխանին պէս պատասխան տուին։

9. Ան Փանուէլի մարդոցն ալ ըսաւ. «Երբ խաղաղութեամբ դառնամ, այդ աշտարակը պիտի փլցնեմ»։

10. Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան եւ անոնց հետ իրենց բանակն ու արեւելքի բնակիչներուն բոլոր բանակէն մնացած զօրքը, ամէնքը տասնըհինգ հազարի չափ մարդ, Կարկարի մէջ էին, իսկ ինկած մեռածները հարիւր քսան հազար սուսերամերկ մարդիկ էին։

11. Գեդէօն Նոբահին ու Յօգբէհային արեւելեան կողմէն վրանաբնակներուն ճամբովը ելաւ ու բանակը զարկաւ, քանզի բանակը անհոգ կը կենար։

12. Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան փախան ու Գեդէօն անոնց ետեւէն իյնալով, Մադիամի երկու թագաւորները՝ Զեբէէն ու Սաղմանան՝ բռնեց ու բոլոր բանակը տակնուվրայ ըրաւ։

13. Յովասին որդին Գեդէօն արեւը չելած՝ ՝ պատերազմէն ետ դարձաւ

14. Ու Սոկքովթի մարդոցմէն երիտասարդ մը բռնեց եւ զայն հարցուփորձեց ու անիկա Սոկքովթի իշխաններէն ու ծերերէն, եօթանասունըեօթը մարդու անուն գրեց տուաւ անոր։

15. Եւ Գեդէօն Սոկքովթի բնակիչներուն եկաւ ու ըսաւ. «Ահա Զեբէէն ու Սաղմանան, որոնց համար զիս նախատեցիք ու ըսիք. ‘Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէջ ե՞ն, որ մենք քու նուաղած մարդոցդ հաց տանք’»։

16. Ուստի քաղաքին ծերերը առաւ եւ անապատէն փուշեր ու տատասկներ քաղեց եւ անոնցմով Սոկքովթի մարդիկը պատժեց։

17. Ու Փանուէլի աշտարակը փլցուց եւ քաղաքին մարդիկը կոտորեց։

18. Զաբէէին ու Սաղմանային ըսաւ. «Թաբօրի մէջ մեռցուցած մարդիկնիդ ի՞նչպէս մարդիկ էին»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս որ դուն ես, անոնք ալ այնպէս էին. ամէն մէկը թագաւորի տղու կը նմանէր»։

19. Եւ անիկա ըսաւ. «Անոնք իմ եղբայրներս, մօրս տղաքներն էին։ Կենդանի է Տէրը, եթէ դուք զանոնք ողջ թողէիք, ես ձեզ չէի մեռցներ»։

20. Ու իր անդրանիկ տղուն Յեթերին ըսաւ. «Ելի՛ր, ասոնք մեռցուր»։ Բայց պատանին իր սուրը չքաշեց. քանզի մանկահասակ ըլլալով վախցաւ։

21. Ուստի Զեբէէն ու Սաղմանան ըսին. «Դուն ելի՛ր ու մեզ սպաննէ, քանզի մարդուս ոյժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»։ Գեդէօն ոտքի ելաւ ու Զեբէէն եւ Սաղմանան մեռցուց եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մահիկները առաւ։

22. Իսրայէլի մարդիկը Գեդէօնին ըսին. «Մեր վրայ թագաւորէ դուն ու քու որդիդ եւ քու թոռդ, որովհետեւ մեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեցիր»։

23. Բայց Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ես ձեր վրայ չեմ թագաւորեր, ո՛չ ալ իմ որդիս ձեր վրայ պիտի թագաւորէ, ձեր թագաւորը Տէրը թող ըլլայ»։

24. Ապա Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ձեզմէ բան մը պիտի խնդրեմ։ Ամէն մարդ իր աւարին օղերը թող ինծի տայ»։ (Քանզի անոնք Իսմայելացի ըլլալով ոսկի օղեր ունէին։)

25. Ու անոնք ըսին. «Բոլոր սրտով կու տանք»։ Ուստի լաթ մը փռեցին ու ամէն մարդ իր աւարին օղերը հոն ձգեց։

26. Հաւաքուած ոսկի օղերուն կշիռքը հազար եօթը հարիւր սիկղ ոսկի եղաւ, մահիկներէն, գինտերէն ու Մադիամի թագաւորներուն վրայի ծիրանի պատմուճաններէն եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մանեակներէն զատ։

27. Ու Գեդէօն անոնցմով եփուտ մը շինեց եւ իր Եփրա քաղաքին մէջ դրաւ ու բոլոր Իսրայէլ հոն անոր ետեւէն երթալով պոռնկացաւ։ Ատիկա Գեդէօնին ու անոր տանը որոգայթ եղաւ։

28. Այսպէս Մադիամ Իսրայէլի որդիներէն նուաճուեցաւ եւ այնուհետեւ չկրցաւ գլուխ վերցնել։ Ու Գեդէօնին ժամանակ երկիրը քառասուն տարի խաղաղեցաւ։

29. Յովասին որդին՝ Յերոբաաղ՝ գնաց ու իր տանը մէջ նստաւ։

30. Եւ Գեդէօն եօթանասուն տղայ ունէր իր երանքէն ելած, քանզի շատ կիներ ունէր։

31. Սիւքէմի մէջ ունեցած հարճն ալ անոր տղայ մը ծնաւ, որուն անունը Աբիմելէք դրաւ։

32. Յովասին որդին Գեդէօն բարի ծերութեամբ մեռաւ եւ Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ իր հօրը Յովասին գերեզմանը թաղուեցաւ։

33. Գեդէօն մեռածին պէս՝ Իսրայէլի որդիները դարձան ու Բահաղիմի ետեւէն երթալով պոռնկացան ու Բահաղ-Բերիթը իրենց աստուած ըրին։

34. Իսրայէլի որդիները չյիշեցին իրենց Տէր Աստուածը, որ զիրենք ազատեր էր իրենց շուրջի բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն։

35. Յերոբաաղի (այսինքն Գեդէօնի) տանը, անոր Իսրայէլին ըրած բոլոր բարութեանը համեմատ, երախտագիտութիւն չցուցուցին։

About Դատավորներ Chapter 8

Read Դատավորներ Chapter 8 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Դատավորներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Դատավորներ
Chapter: 8
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Դատավորներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Դատավորներ Chapter 8 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Դատավորներ Chapter 8?

Դատավորներ Chapter 8 is part of the Book of Դատավորներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Դատավորներ Chapter 8 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Դատավորներ

  1. Դատավորներ Chapter 1
  2. Դատավորներ Chapter 9
  3. Դատավորներ Chapter 20
  4. Դատավորներ Chapter 13
  5. Դատավորներ Chapter 2
  6. Դատավորներ Chapter 21
  7. Դատավորներ Chapter 14

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Նեեմիա Chapter 1
  2. Հոբ Chapter 16
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 31
  4. Հոբ Chapter 22
  5. Հեսու Chapter 7
  6. Գ Թագավորներ Chapter 17
  7. Սաղմոսներ Chapter 42

Related Chapters & Readings

  1. Ա Կորնթացիներ Chapter 16
  2. Դ Թագավորներ Chapter 15
  3. Հեսու Chapter 15
  4. Սաղմոսներ Chapter 84
  5. Սաղմոսներ Chapter 69
  6. Սաղմոսներ Chapter 18
  7. Ղևտական Chapter 21
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *