Ա Մնացորդաց Chapter 12

For English

Read Ա Մնացորդաց Chapter 12 Online

Read Ա Մնացորդաց Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ա Մնացորդաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ա Մնացորդաց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ա Մնացորդաց 12

Գլուխ 12

1. Ասոնք են որ Սիկելակ եկան Դաւիթին քով, երբ անիկա դեռ Կիսեան Սաւուղին երեսէն պահուած էր։ Ասոնք զօրաւորներէն ըլլալով՝ պատերազմին մէջ օգնութիւն կ’ընէին,

2. Քանզի աղեղնաւորներ էին ու պարսատիկով քարեր ու աղեղով նետեր արձակելու համար՝ թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքերնին կը գործածէին։ Անոնք Սաւուղին եղբայրներէն՝ Բենիամինեաններէն էին։

3. Անոնց գլուխը Աքիեզերն էր, յետոյ Յովասը՝ երկուքն ալ Գաբաացի Սամաային որդիները եւ Յեզիէլ ու Փաղէտ՝ Ազամօթին որդիները եւ Բարաքա ու Անաթովթացի Յէուն

4. Ու երեսունին մէջ զօրաւոր ու երեսունին վերակացուն՝ Գաբաւոնացի Իսմայիան ու Երեմիան ու Յազիէլը եւ Յօհանան ու Գադերացի Յովզաբադը,

5. Եղիոզան ու Յերիմովթը եւ Բաաղիան ու Սամարիան եւ Յարուփացի Սափատիան,

6. Եղկանան, Յեսիան, Ազարիէլը, Յովեզերն ու Յեսբաամը՝ Կորխացիները

7. Ու Գեդովրացի Յերոամին որդիները՝ Յովէլան ու Զաբադիան։

8. Գադեաններէն ալ Դաւիթին քով անապատին մէջ քաշուեցան՝ զօրաւոր, քաջ, պատերազմիկ, վահան ու նիզակ գործածող մարդիկ։ Անոնց դէմքը առիւծի դէմքի կը նմանէր ու լեռներու վրայի այծեամներու պէս թեթեւաշարժ էին։

9. Առաջինը՝ Եզերը, երկրորդը՝ Աբդիան, երրորդը՝ Եղիաբը,

10. Չորրորդը՝ Մասմանան, հինգերորդը՝ Երեմիան,

11. Վեցերորդը՝ Եթթին, եօթներորդը՝ Եղիէլը,

12. Ութերորդը՝ Յօհանան, իններորդը՝ Եղզաբաթը,

13. Տասներորդը՝ Երեմիան, տասնըմէկերորդը՝ Մաքաբանան էր։

14. Ասոնք Գադին որդիներէն զօրքի իշխաններն էին. պզտիկներէն իւրաքանչիւրը՝ հարիւրի վրայ ու մեծերէն իւրաքանչիւրը հազարի վրայ էր։

15. Ասոնք են, որ առաջին ամսուան Յորդանանէն անցան, երբ ջուրը իր բոլոր եզերքները յորդեր էր եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք՝ հովիտին բոլոր բնակիչները փախցուցին։

16. Բերդը Դաւիթին քով Բենիամինին ու Յուդային որդիներէն ալ եկան։

17. Դաւիթ անոնց առջեւ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Եթէ խաղաղութեամբ ինծի օգնութիւն ընելու եկեր էք, իմ սիրտս ձեզի հետ պիտի ըլլայ. բայց եթէ խաբէութեամբ զիս իմ թշնամիներուս ձեռքը մատնելու համար եկեր էք, (որ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն մը չկայ,) մեր հայրերուն Աստուածը թող տեսնէ ու յանդիմանէ»։

18. Եւ իշխաններուն գլուխը՝ Ամեսայի՝ Հոգիով լեցուեցաւ ու ըսաւ. «Մենք քուկդ ենք ո՛վ Դաւիթ, Ու քեզի հետ պիտի ըլլանք, ո՛վ Յեսսէի որդի. Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն քեզի Ու քու օգնականներուդ խաղաղութիւն թող ըլլայ, Քանզի քու Աստուածդ քեզի օգնական է»։ Այն ատեն Դաւիթ զանոնք ընդունեց ու զանոնք իր գունդին իշխաններուն մէջ դրաւ։

19. Մանասէէն ալ Դաւիթին միացան, երբ անիկա Փղշտացիներուն հետ Սաւուղին վրայ պատերազմելու գնաց, բայց անոնց օգնութիւն չըրին, քանզի Փղշտացիներուն նախարարներուն խորհրդով զանիկա ետ ղրկեցին՝ ըսելով. «Ասիկա մեր գլուխներուն վնասովը, իր տիրոջը, Սաւուղին կրնայ միանալ»։

20. Երբ անիկա Սիկելակ կ’երթար, Մանասէին հազարապետները՝ Եդնան, Յովզաբադը, Յեդիէլը, Միքայէլը, Յովզաբադը, Եղիուսն ու Սաղթին զինք լքեցին։

21. Ասոնք Դաւիթին օգնեցին ասպատակներուն գունդին վրայ յարձակելով՝ ՝, քանզի ամէնքն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին ու զօրքերու իշխաններ էին.

22. Վասն զի այն ատեն օրէ օր Դաւիթին կու գային անոր օգնելու համար, այնպէս որ Աստուծոյ բանակին պէս մեծ բանակ մը եղաւ։

23. Ասոնք են անունները այն սպառազինեալ զօրքերուն, որոնք Քեբրոն եկան Դաւիթին, որպէս զի Տէրոջը խօսքին համեմատ անոր դարձնեն Սաւուղին թագաւորութիւնը.

24. Յուդայի որդիներէն վահան ու նիզակ կրող վեց հազար ութ հարիւր սպառազինեալ զօրք,

25. Շմաւոնի որդիներէն եօթը հազար հարիւր պատերազմիկ զօրաւոր կտրիճներ,

26. Ղեւիի որդիներէն չորս հազար վեց հարիւր

27. Եւ Ահարոնեաններուն առաջնորդը Յովիադան ու անոր հետ երեք հազար եօթը հարիւր մարդիկ,

28. Զօրաւոր կտրիճ Սադովկ երիտասարդը ու անոր հօրը տունէն քսանըերկու իշխան

29. Եւ Սաւուղին եղբայրներէն, Բենիամինին որդիներէն, երեք հազար մարդիկ. քանզի մինչեւ այն ատեն անոնց մեծ մասը Սաւուղին տանը պահպանութիւնը կ’ընէին

30. Ու Եփրեմին որդիներէն անոնց ազգատոհմերուն անուանի մարդիկը՝ քսան հազար ութ հարիւր զօրաւոր կտրիճներ,

31. Մանասէին կէս ցեղէն տասնըութը հազար մարդ, որոնք իրենց անուններովը որոշուեցան երթալու ու Դաւիթը թագաւոր օծելու,

32. Իսաքարի որդիներէն երկու հարիւր իմաստուն իշխաններ, որոնք ժամանակներուն համեմատ գիտէին թէ Իսրայէլ ի՛նչ ընելու է ու անոնց բոլոր եղբայրները անոնց բերանին կը նայէին,

33. Զաբուղոնէն պատերազմի ելլող եւ ամէն տեսակ պատերազմական գործիքներով պատերազմող յիսուն հազար մարդ, որոնք մէկ սրտով՝ ՝ կարգով կը շարուէին,

34. Նեփթաղիմէն հազար իշխան եւ անոնց հետ երեսունըեօթը հազար վահանաւոր ու նիզակաւոր մարդ,

35. Դանեաններէն քսանըութը հազար վեց հարիւր պատերազմիկներ,

36. Ասերէն քառասուն հազար պատերազմի գացող զօրք,

37. Յորդանանի անդիի կողմէն՝ Ռուբէնեաններէն ու Գադեաններէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն, ամէն տեսակ պատերազմական գործիքներով պատերազմող հարիւր քսան հազար մարդ։

38. Բոլոր այս գունդով շարուող պատերազմիկները անկեղծ սրտով Քեբրոն եկան՝ Դաւիթը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընելու համար ու Իսրայէլի բոլոր մնացորդն ալ համաձայն էր, որ Դաւիթը թագաւոր ըլլայ։

39. Հոն Դաւիթին հետ ուտելով ու խմելով երեք օր կեցան. քանզի անոնց եղբայրները անոնց համար պատրաստութիւն տեսեր էին։

40. Անոնց մօտ եղողներն ալ, մինչեւ անգամ Իսաքար, Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ՝ էշերով, ուղտերով, ջորիներով ու եզներով հաց բերին. նաեւ ուտելիքի համար շատ ալիւր, չոր թուզ, չամիչ, գինի, իւղ, արջառներ ու ոչխարներ. քանզի Իսրայէլի մէջ ուրախութիւն կար։

About Ա Մնացորդաց Chapter 12

Read Ա Մնացորդաց Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ա Մնացորդաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ա Մնացորդաց
Chapter: 12
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ա Մնացորդաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ա Մնացորդաց Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ա Մնացորդաց Chapter 12?

Ա Մնացորդաց Chapter 12 is part of the Book of Ա Մնացորդաց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ա Մնացորդաց Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ա-Մնացորդաց

  1. Ա Մնացորդաց Chapter 21
  2. Ա Մնացորդաց Chapter 10
  3. Ա Մնացորդաց Chapter 2
  4. Ա Մնացորդաց Chapter 29
  5. Ա Մնացորդաց Chapter 22
  6. Ա Մնացորդաց Chapter 27
  7. Ա Մնացորդաց Chapter 26

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Զաքարիա Chapter 1
  2. Սաղմոսներ Chapter 30
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 20
  4. Սաղմոսներ Chapter 149
  5. Եզեկիել Chapter 18
  6. Հոբ Chapter 25
  7. Եսայի Chapter 17

Related Chapters & Readings

  1. Եզրաս Chapter 1
  2. Մատթեոս Chapter 15
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 15
  4. Թվեր Chapter 26
  5. Բ Մնացորդաց Chapter 3
  6. Սաղմոսներ Chapter 41
  7. Բ Մնացորդաց Chapter 32
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *