Առակներ Chapter 17

For English

Read Առակներ Chapter 17 Online

Read Առակներ Chapter 17 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 17

Գլուխ 17

1. Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։

2. Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։

3. Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։

4. Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։

5. Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։

6. Թոռները ծերերուն պսակն են Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։

7. Ընտիր խօսքը անզգամին չի վայլեր, Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։

8. Պարգեւը՝ գործածողին առջեւ պատուական գոհարի պէս է, Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։

9. Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։

10. Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։

11. Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ Ու անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։

12. Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել, Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։

13. Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։

14. Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։

15. Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։

16. Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը, Երբ խելք չունի։

17. Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։

18. Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայ Ու իր բարեկամին համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։

19. Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։ Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։

20. Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։

21. Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։

22. Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։

23. Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ, Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։

24. Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է, Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։

25. Յիմարին տղան իր հօրը՝ տրտմութիւն Ու զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։

26. Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել, Ո՛չ ալ իշխանները ծեծել իրաւունք ընելնուն համար՝ ՝։

27. Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։

28. Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։

About Առակներ Chapter 17

Read Առակներ Chapter 17 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 17
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 17 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 17?

Առակներ Chapter 17 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 17 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 1
  2. Առակներ Chapter 24
  3. Առակներ Chapter 20
  4. Առակներ Chapter 27
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 23
  7. Առակներ Chapter 16

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եսայի Chapter 41
  2. Սաղմոսներ Chapter 23
  3. Նեեմիա Chapter 6
  4. Եսայի Chapter 5
  5. Գ Թագավորներ Chapter 12
  6. Ամոս Chapter 9
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 7

Related Chapters & Readings

  1. Մատթեոս Chapter 6
  2. Բ Կորնթացիներ Chapter 4
  3. Բ Կորնթացիներ Chapter 7
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 16
  5. Ա Հովհաննես Chapter 3
  6. Ա Մնացորդաց Chapter 7
  7. Սաղմոսներ Chapter 147
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *