Ողբեր Chapter 1

For English

Read Ողբեր Chapter 1 Online

Read Ողբեր Chapter 1 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ողբեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ողբեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ողբեր 1

Գլուխ 1

1. Ինչպէ՜ս առանձին կը նստի բազմամարդ քաղաքը. Ազգերուն մէջ մեծ եղողը՝ որբեւարիի պէս եղաւ, Գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը՝ հարկատու եղաւ։

2. Գիշերը անդադար կու լայ ու իր արցունքները իր այտերուն վրայ են. Անոր բոլոր սիրելիներէն զինք մխիթարող չկայ. Անոր բոլոր բարեկամները անոր նենգութիւն ըրին, անոր թշնամի եղան։

3. Յուդան տառապանքի եւ խիստ ծառայութեան համար գերի քշուեցաւ. Հեթանոսներուն մէջ կը բնակի, հանգստութիւն չի գտներ։ Անոր բոլոր հալածիչները անոր նեղութիւններուն մէջ անոր վրայ հասան։

4. Սիօնի ճամբաները կը սգան՝ հանդիսաւոր տօներուն եկող չըլլալուն համար. Անոր բոլոր դռները ամայացած են, անոր քահանաները կը հեծեն. Անոր կոյսերը կը տրտմին ու ինք դառնութեան մէջ է։

5. Անոր ոսոխները իշխան եղան, անոր թշնամիները յաջողութիւն գտան, Վասն զի Տէրը զանիկա տրտմութեան մատնեց իր յանցանքներուն համար. Անոր պզտիկ տղաքը թշնամիէն տարուեցան։

6. Եւ Սիօնի աղջիկէն իր բոլոր վայելչութիւնը գնաց։ Անոր իշխանները ճարակ չգտնող եղջերուներու պէս եղան, Որոնք հալածողին առջեւէն առանց ուժի կ’երթան։

7. Երուսաղէմ իր տառապանքի ու թշուառութեան օրերը՝ Իր առաջուան ունեցած բոլոր ցանկալի բաները յիշեց, Երբ իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքը ինկաւ ու իրեն օգնող չեղաւ։ Թշնամիները զանիկա տեսան ու անոր կործանումին վրայ խնդացին։

8. Երուսաղէմ ծանր մեղք գործեց, անոր համար պիղծ սեպուեցաւ՝ ՝. Զանիկա պատուողները զանիկա անարգեցին, վասն զի անոր մերկութիւնը տեսան։ Անիկա ալ հառաչեց ու ետ դարձաւ։

9. Անոր պղծութիւնը իր քղանցքներուն վրայ է, անիկա իր վախճանը չյիշեց Ու զարմանալի կերպով մը նուաստացաւ։ Անիկա մխիթարիչ չունի։ «Ո՛վ Տէր, իմ տառապանքիս նայէ, վասն զի թշնամին հպարտացաւ»։

10. Թշնամին ձեռքը երկնցուց անոր բոլոր ցանկալի բաներուն. Քանզի տեսաւ որ հեթանոսները իր սրբարանին մէջ մտան, Որոնց համար դուն պատուիրեր էիր, որ անոնք քու ժողովարանդ չմտնեն։

11. Անոր բոլոր ժողովուրդը հաց փնտռելէն հառաչեց։ Իրենց հոգին ուժովցնելու համար՝ իրենց ցանկալի բաները կերակուրի փոխարէն տուին։ «Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, վասն զի անարգուեցայ»։

12. «Արդեօք հոգ չէ՞ք ըներ, ո՛վ բոլոր ճամբայէ անցնողներ. Նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք, թէ արդեօք այն ցաւին պէս ցաւ կա՞յ, որ իմ վրաս եկաւ, Վասն զի Տէրը զիս նեղեց իր սաստիկ բարկութեան օրը։

13. Բարձրէն իմ ոսկորներուս կրակ ղրկեց, որ անոնց տիրեց. Ոտքերուս առջեւ ցանց տարածեց եւ զիս ետ դարձուց. Զիս ամայացուց ու բոլոր օրը զիս մարած թողուց։

14. Իմ յանցանքներուս լուծը անոր ձեռքով կապուեցաւ. Անոնք միացան ու իմ պարանոցիս վրայ ելան. իմ ոյժս կտրեցին։ Տէրը զիս այնպիսի ձեռքերու մատնեց, որոնցմէ չեմ կրնար ազատիլ։

15. Տէրը իմ բոլոր զօրաւորներս անարգեց. Իմ երիտասարդներս կոտորելու համար իմ վրաս ժողով գումարեց։ Տէրը Յուդայի կոյս աղջիկը հնձանի մէջ կոխեց։

16. Անոր համար կու լամ, աչքերս, աչքերս արցունք կ’իջեցնեն. Վասն զի մխիթարիչը, որ իմ հոգիս պիտի նորոգէր՝ ինծմէ հեռացաւ։ Իմ տղաքս նուաղեցան, վասն զի թշնամին զօրացաւ։

17. Սիօն իր ձեռքերը տարածեց, զայն մխիթարող չկայ։ Տէրը հրամայեց, որ Յակոբին թշնամիները զինք շրջապատեն։ Երուսաղէմ անոնց մէջ դաշտանաւոր կնոջ պէս եղաւ։

18. Տէրը արդար է, վասն զի անոր հրամանին դէմ ապստամբեցայ։ Հիմա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, մտիկ ըրէ՛ք ու իմ ցաւս տեսէ՛ք. Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս գերութեան գացին,

19. Իմ սիրականներս կանչեցի, անոնք զիս խաբեցին, Իմ քահանաներս ու ծերերս քաղաքին մէջ հոգինին աւանդեցին, Երբ իրենց համար կերակուր կը փնտռէին՝ իրենց հոգին ուժովցնելու համար։

20. Ո՛վ Տէր, նայէ՛, վասն զի նեղուեցայ, աղիքներս խռովեցան. Սիրտս ներսիդիս տակնուվրայ եղաւ, վասն զի ապստամբեցայ. Դուրսէն սուրը զիս զրկեց ու ներսը մահ կայ։

21. Իմ հառաչանքս լսեցին, բայց մխիթարող չկայ. Իմ բոլոր թշնամիներս իմ թշուառութիւնս լսելով ուրախացան, վասն զի դուն ըրիր ասիկա։ Որոշած օրդ պիտի բերես ու անոնք ինծի պէս պիտի ըլլան։

22. Անոնց բոլոր չարութիւնը թող քու առջեւդ հասնի Եւ անոնց այնպէ՛ս ըրէ, ինչպէս ինծի ըրիր իմ բոլոր յանցանքներուս համար. Վասն զի իմ հեծութիւններս շատ են ու իմ սիրտս նուաղած է»։

About Ողբեր Chapter 1

Read Ողբեր Chapter 1 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ողբեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ողբեր
Chapter: 1
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ողբեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ողբեր Chapter 1 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ողբեր Chapter 1?

Ողբեր Chapter 1 is part of the Book of Ողբեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ողբեր Chapter 1 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Ողբեր

  1. Ողբեր Chapter 4
  2. Ողբեր Chapter 5
  3. Ողբեր Chapter 2
  4. Ողբեր Chapter 3

Related Chapters & Readings

  1. Եզեկիել Chapter 11
  2. Եսայի Chapter 28
  3. Երեմիա Chapter 8
  4. Բ Հովհաննես Chapter 1
  5. Ծննդոց Chapter 11
  6. Հոբ Chapter 32
  7. Եզեկիել Chapter 26
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *