Ղուկաս Chapter 14

For English

Read Ղուկաս Chapter 14 Online

Read Ղուկաս Chapter 14 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ղուկաս and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ղուկաս 14

Գլուխ 14

1. Յիսուս շաբաթ օր մը փարիսեցիներուն գլխաւորներէն մէկուն տունը մտաւ հաց ուտելու, ուր անոնք իրեն կը սպասէին։

2. Հոն ջրգողեալ մարդ մը ելաւ իր առջեւը։

3. Յիսուս խօսեցաւ օրինականներուն ու փարիսեցիներուն՝ ըսելով. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել»։

4. Անոնք լուռ կեցան։ Ինք բռնեց զանիկա, բժշկեց ու ճամբեց.

5. Եւ դառնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը»։

6. Անոնք չկրցան պատասխան տալ։

7. Առակ մը ըսաւ հրաւիրուած մարդոց ալ, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս առաջին բազմոցները կ’ընտրէին.

8. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ,

9. Եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել։

10. Հապա երբ հրաւիրուիս, գնա յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ։

11. Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։

12. Զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։

13. Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ

14. Ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։

15. Սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց այս խօսքը, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։

16. Ինք ըսաւ անոր. «Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։

17. Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. «Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է»։

18. Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. «Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ»։

19. Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ»։

20. Միւսը ըսաւ. «Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ»։

21. Ծառան եկաւ ու իր տիրոջը պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն բարկացաւ տանտէրը ու ըսաւ իր ծառային. «Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր»։

22. Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ»։

23. Տէրը ըսաւ ծառային. «Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։

24. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ»։

25. Իրեն հետ շատ ժողովուրդ կ’երթային եւ դառնալով անոնց՝ ըսաւ.

26. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։

27. Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։

28. Վասն զի ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞.

29. Որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել

30. Եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’։

31. Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։

32. Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ։

33. Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։

34. «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ։

35. Ո՛չ հողի ու ո՛չ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ, հապա զանիկա դուրս կը նետեն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

About Ղուկաս Chapter 14

Read Ղուկաս Chapter 14 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ղուկաս
Chapter: 14
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ղուկաս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ղուկաս Chapter 14 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ղուկաս Chapter 14?

Ղուկաս Chapter 14 is part of the Book of Ղուկաս in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ղուկաս Chapter 14 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ղուկաս

  1. Ղուկաս Chapter 2
  2. Ղուկաս Chapter 19
  3. Ղուկաս Chapter 16
  4. Ղուկաս Chapter 20
  5. Ղուկաս Chapter 11
  6. Ղուկաս Chapter 10
  7. Ղուկաս Chapter 9

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Գործք Առաքելոց Chapter 15
  2. Գաղատացիներ Chapter 1
  3. Մատթեոս Chapter 25
  4. Եբրայեցիներ Chapter 12
  5. Մատթեոս Chapter 26
  6. Հայտնություն Chapter 14
  7. Գործք Առաքելոց Chapter 8

Related Chapters & Readings

  1. Դ Թագավորներ Chapter 19
  2. Սաղմոսներ Chapter 12
  3. Բ Կորնթացիներ Chapter 3
  4. Սաղմոսներ Chapter 147
  5. Մատթեոս Chapter 4
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 6
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *