Ծննդոց Chapter 18

For English

Read Ծննդոց Chapter 18 Online

Read Ծննդոց Chapter 18 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ծննդոց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ծննդոց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ծննդոց 18

Գլուխ 18

1. Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր

2. Եւ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա երեք մարդիկ կայներ էին իրեն մօտ ու երբ տեսաւ զանոնք, վրանին դռնէն վազեց զանոնք դիմաւորելու ու մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ

3. Եւ ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ’աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր.

4. Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք.

5. Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս ըսիր, այնպէս ըրէ»։

6. Աբրահամ արտորալով դէպի վրանը Սառայի գնաց ու ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։

7. Եւ Աբրահամ վազեց արջառներուն ու մատղաշ ու աղէկ հորթ մը առաւ ու պատանիի մը տուաւ. ան ալ շուտով պատրաստեց զանիկա։

8. Եւ կոգի ու կաթ ու իր պատրաստած հորթը առաւ եւ անոնց առջեւ դրաւ ու ինք ծառին տակ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան

9. Եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու Սառա կինդ» ու ինք ըսաւ. «Ահա վրանին մէջ է»։

10. Տէրը ըսաւ. «Գալ տարի՝ ՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին դրանը մէջ՝ որ անոր ետեւն էր.

11. Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին ու օրերնին անցուցած եւ Սառայէն պակսած էր կանանց օրէնքին մէջ ըլլալը։

12. Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։

13. Եւ Տէրը ըսաւ Աբրահամին. «Սառան ինչո՞ւ խնդաց՝ ըսելով. ‘Միթէ ես իրաւցընէ՞ պիտի ծնանիմ, որ պառաւցեր եմ’։

14. Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք։ Սահմանուած ժամանակին, գալ տարի, քեզի պիտի դառնամ ու Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։

15. Բայց Սառա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չխնդացի». քանզի վախցաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ո՛չ, խնդացիր»։

16. Մարդիկը ելան անկէ ու երեսնին դէպի Սոդոմ շտկեցին։ Աբրահամ զանոնք ճամբեցնելու համար անոնց հետ գնաց։

17. Եւ Տէրը ըսաւ. «Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ.

18. Որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։

19. Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէս զի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ»։

20. Եւ Տէրը ըսաւ. «Որովհետեւ Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ,

21. Հիմա պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն եւ եթէ ոչ՝ գիտնամ»։

22. Այն մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տէրոջը առջեւ կայներ էր։

23. Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես.

24. Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։

25. Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։

26. Եւ Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ»։

27. Աբրահամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ.

28. Թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակաս ըլլայ, այն հինգին համար բոլոր քաղաքը պիտի կորսնցնե՞ս»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն քառասունըհինգ տեսնեմ, չեմ կորսնցներ»։

29. Դարձեալ խօսեցաւ Աբրահամ ու ըսաւ. «Թերեւս հոն քառասուն գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Քառասունին համար ալ պիտի չընեմ»։

30. Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու խօսիմ. Թերեւս հոն երեսուն գտնուի»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ»։

31. Եւ ինք ըսաւ. «Ահա իմ Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. Թերեւս հոն քսան գտնուի»։ Անիկա ըսաւ. «Քսանին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։

32. Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. Թերեւս հոն տասը գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։

33. Եւ Տէրը Աբրահամին հետ խօսիլը լմնցուցածին պէս՝ գնաց։ Աբրահամ ալ իր տեղը դարձաւ։

About Ծննդոց Chapter 18

Read Ծննդոց Chapter 18 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ծննդոց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ծննդոց
Chapter: 18
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ծննդոց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ծննդոց Chapter 18 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ծննդոց Chapter 18?

Ծննդոց Chapter 18 is part of the Book of Ծննդոց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ծննդոց Chapter 18 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ծննդոց

  1. Ծննդոց Chapter 45
  2. Ծննդոց Chapter 13
  3. Ծննդոց Chapter 8
  4. Ծննդոց Chapter 4
  5. Ծննդոց Chapter 43
  6. Ծննդոց Chapter 41
  7. Ծննդոց Chapter 17

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դանիել Chapter 3
  2. Եսայի Chapter 36
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 32
  4. Եսայի Chapter 48
  5. Զաքարիա Chapter 11
  6. Դատավորներ Chapter 13
  7. Եզեկիել Chapter 30

Related Chapters & Readings

  1. Թվեր Chapter 21
  2. Բ Մնացորդաց Chapter 16
  3. Ամոս Chapter 7
  4. Տիտոս Chapter 1
  5. Մատթեոս Chapter 25
  6. Սաղմոսներ Chapter 104
  7. Գ Թագավորներ Chapter 17
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *