Ղևտական Chapter 2

For English

Read Ղևտական Chapter 2 Online

Read Ղևտական Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղևտական in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ղևտական and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ղևտական 2

Գլուխ 2

1. «Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։

2. Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։

3. Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա ամենասուրբ պատարագն է Տէրոջը։

4. Եւ եթէ թոնիրին մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պէտք է ըլլայ։

5. Եւ եթէ ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պէտք է ըլլայ։

6. Կտոր կտոր կտրտէ՛ զայն ու վրան իւղ թափէ՛։ Ասիկա հացի ընծայ է։

7. Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պէտք է շինուի։

8. Ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պէտք է տանիս ու քահանային ներկայացնես եւ ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։

9. Եւ քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող առնէ ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։

10. Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա սուրբ պատարագն է Տէրոջը։

11. Հացի ընծան, որ դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պէտք չէ ըլլայ. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պէտք չէ այրէք Տէրոջը։

12. Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։

13. Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընէս։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։

14. Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար՝ կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանէ՛։

15. Եւ անոր վրայ իւղ թափէ՛ ու կնդրուկ դի՛ր։ Ասիկա հացի ընծայ է։

16. Քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակի մասը թող այրէ՛, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։

About Ղևտական Chapter 2

Read Ղևտական Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղևտական in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ղևտական
Chapter: 2
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ղևտական. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ղևտական Chapter 2 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ղևտական Chapter 2?

Ղևտական Chapter 2 is part of the Book of Ղևտական in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ղևտական Chapter 2 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Եզրաս Chapter 1
  6. Սաղմոսներ Chapter 8
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Ղևտական

  1. Ղևտական Chapter 14
  2. Ղևտական Chapter 16
  3. Ղևտական Chapter 10
  4. Ղևտական Chapter 8
  5. Ղևտական Chapter 1
  6. Ղևտական Chapter 11
  7. Ղևտական Chapter 22

Related Chapters & Readings

  1. Սաղմոսներ Chapter 47
  2. Ծննդոց Chapter 49
  3. Ա Մնացորդաց Chapter 9
  4. Հեսու Chapter 12
  5. Երեմիա Chapter 9
  6. Ա Հովհաննես Chapter 3
  7. Ղուկաս Chapter 24
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *