Read Մարկոս Chapter 4 Online
Read Մարկոս Chapter 4 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մարկոս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Մարկոս and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Մարկոս 4
Գլուխ 4
1. Դարձեալ սկսաւ սորվեցնել ծովեզերքը եւ շատ ժողովուրդ անոր քով ժողվուեցաւ, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ, իսկ ժողովուրդը՝ ծովեզերքը։
2. Անոնց շատ բաներ կը սորվեցնէր առակներով ու կ’ըսէր անոնց իր վարդապետութեանը մէջ.
3. «Լսեցէ՛ք, ահա սերմ ցանողը ելաւ որպէս զի սերմ ցանէ։
4. Երբ կը ցանէր, մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։
5. Ուրիշ մը ինկաւ ապառաժուտ տեղ մը, ուր շատ հող չկար։ Շուտ մը բուսաւ՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար,
6. Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցաւ ու արմատ չունենալուն համար չորցաւ։
7. Ուրիշ մը ինկաւ փուշերու մէջ եւ փուշերը ելան ու խեղդեցին զանիկա ու պտուղ չտուաւ։
8. Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին, որ ելան ու մեծցան եւ կը բերէին մէկուն տեղ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն, մէկուն տեղ՝ հարիւր»։
9. Ու կ’ըսէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։
10. Երբ առանձինն էր, իր քով եղողները՝ տասներկուքին հետ մէկտեղ՝ հարցուցին իրեն այս առակին մասին։
11. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց՝ որ դուրսէն են, ամէն բան առակներով կ’ըլլայ.
12. Որպէս զի տեսնելով տեսնեն՝ ու չտեսնեն եւ լսելով լսեն՝ ու չիմանան, որպէս զի չըլլայ թէ դարձի գան եւ իրենց մեղքերուն թողութիւն ըլլայ»։
13. Ապա ըսաւ անոնց. «Այս առակը չէ՞ք գիտեր. ուրեմն ի՞նչպէս պիտի գիտնաք բոլոր առակները։
14. Սերմ ցանողը խօսքը կը ցանէ։
15. Ճամբուն քովինները անոնք են, որոնց մէջ խօսքը կը ցանուի ու երբ լսեն, շուտ մը Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտերուն մէջ ցանուած խօսքը կը հանէ։
16. Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածները անոնք են, որ երբ լսեն խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունին զանիկա,
17. Բայց իրենց մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւեն, ետքը երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղին։
18. Փուշերուն մէջ ցանուածները անոնք են, որ երբ խօսքը լսեն,
19. Աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները եւ ուրիշ բաներու ցանկութիւններ մէջ մտնելով, խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլան անպտուղ։
20. Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը կը լսեն եւ կ’ընդունին ու պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր»։
21. Ապա ըսաւ անոնց. «Միթէ ճրագը գրուանին կամ մահիճին տա՞կ դրուելու համար կու գայ, չէ՞ որ աշտանակին վրայ դրուելու համար։
22. Վասն զի ծածուկ բան մը չկայ, որ պիտի չյայտնուի. եւ գաղտուկ բան մը չէ եղած, որ երեւան չելլէ։
23. Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
24. Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։
25. Վասն զի ո՛վ որ ունի անոր պիտի տրուի. եւ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։
26. Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ
27. Ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։
28. Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։
29. Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կ’սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։
30. Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։
31. Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է,
32. Բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ’ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ’արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։
33. Այսպէս շատ առակներով կը խօսէր անոնց, որչափ որ կրնային մտիկ ընել։
34. Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, բայց առանձինն աշակերտներուն կը մեկնէր բոլորը։
35. Նոյն օրը երբ իրիկուն եղաւ, ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։
36. Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք, որ արդէն նաւուն մէջ էր. եւ ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ։
37. Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր։
38. Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։
39. Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։
40. Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։
41. Անոնք խիստ վախցան ու ըսին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին»։
About Մարկոս Chapter 4
Read Մարկոս Chapter 4 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մարկոս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Մարկոս
Chapter: 4
Testament: New Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Մարկոս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Մարկոս Chapter 4 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Մարկոս Chapter 4?
Մարկոս Chapter 4 is part of the Book of Մարկոս in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Մարկոս Chapter 4 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Մարկոս
- Մարկոս Chapter 7
- Մարկոս Chapter 1
- Մարկոս Chapter 16
- Մարկոս Chapter 14
- Մարկոս Chapter 12
- Մարկոս Chapter 6
- Մարկոս Chapter 13
Explore More from Նոր Կտակարան
- Մատթեոս Chapter 6
- Հովհաննես Chapter 18
- Հակոբոս Chapter 2
- Ղուկաս Chapter 13
- Բ Կորնթացիներ Chapter 8
- Ղուկաս Chapter 19
- Մատթեոս Chapter 13