Read Մարկոս Chapter 2 Online
Read Մարկոս Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մարկոս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Մարկոս and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Մարկոս 2
Գլուխ 2
1. Նորէն Կափառնայում մտաւ։ Քանի մը օր յետոյ լսուեցաւ թէ անիկա տան մը մէջ է։
2. Շուտով շատ մարդիկ ժողուեցան, այնպէս որ ա՛լ տեղ չկար, ոչ ալ՝ դրան քովերը ու կը պատգամէր անոնց Աստուծոյ խօսքը։
3. Իրեն չորս մարդով վերցուած անդամալոյծ մը բերին,
4. Բայց տեսնելով որ բազմութենէն չէին կրնար անոր մօտենալ, քակեցին տանը տանիքը ուր կը գտնուէր Յիսուս ու ծակ մը բանալով վար իջեցուցին մահիճը, որուն վրայ պառկած էր անդամալոյծը։
5. Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Ո՛րդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։
6. Մէկ քանի դպիրներ, որ հոն նստեր էին, իրենց սրտերուն մէջ կը խորհէին՝ ըսելով.
7. «Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։
8. Յիսուս իսկոյն իմանալով իր հոգիին մէջ՝ որ անոնք այնպէս կը խորհին իրենց մէջ, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։
9. Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը։
10. Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին).
11. «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։
12. Ան ալ շուտ մը ելաւ եւ իր մահիճը առնելով՝ ամենուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամէնքը ապշած մնացին, եւ փառք տուին Աստուծոյ ու ըսին. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։
13. Յետոյ ելաւ ծովեզերքը։ Բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գային եւ կը սորվեցնէր անոնց։
14. Երբ կ’անցնէր, տեսաւ Ղեւի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։
15. Երբ սեղան նստած էր անոր տանը մէջ, շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսին ու անոր աշակերտներուն հետ. քանզի շատուոր էին որոնք անոր ետեւէն կ՛երթային։
16. Դպիրներն ու փարիսեցիները, երբ տեսան թէ անիկա մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ ու կը խմէ»։
17. Յիսուս երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա՝ հիւանդներուն։ Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա՝ մեղաւորները»։
18. Յովհաննէսին ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան ու ըսին անոր. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտները ծոմ չեն պահեր»։
19. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսանիքին տղաքը, երբ փեսան իրենց հետ է, ծոմ պահեն։ Որչափ ժամանակ որ փեսան իրենց հետ է, կարելի չէ որ ծոմ պահեն։
20. Բայց օրեր պիտի գան, երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։
21. Մէկը կարկտան չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ. քանզի՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած է, հինէն կ’առնէ ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ,
22. Ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. քանզի՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է»։
23. Երբ շաբաթ օր մը ինք արտերուն մէջէն կ՛անցնէր, իր աշակերտները, որ իր հետ էին, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել։
24. Փարիսեցիները ըսին իրեն. «Նայէ շաբաթ օրը ի՞նչ կ’ընեն, որ արտօնուած չէ»։
25. Ինքն ալ անոնց ըսաւ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը՝ երբ անօթեցաւ պէտք ունեցաւ եւ ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին։
26. Մտաւ Աստուծոյ տունը Աբիաթար քահանայապետին օրով եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ ու տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին, որ մէկո՛ւն օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։
27. Եւ աւելցուց. «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար։
28. Եւ ուրեմն Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։
About Մարկոս Chapter 2
Read Մարկոս Chapter 2 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Մարկոս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Մարկոս
Chapter: 2
Testament: New Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Մարկոս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Մարկոս Chapter 2 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Մարկոս Chapter 2?
Մարկոս Chapter 2 is part of the Book of Մարկոս in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Մարկոս Chapter 2 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Մարկոս
- Մարկոս Chapter 7
- Մարկոս Chapter 1
- Մարկոս Chapter 16
- Մարկոս Chapter 14
- Մարկոս Chapter 11
- Մարկոս Chapter 13
- Մարկոս Chapter 12
Explore More from Նոր Կտակարան
- Հովհաննես Chapter 2
- Մատթեոս Chapter 25
- Կողոսացիներ Chapter 4
- Մատթեոս Chapter 7
- Ղուկաս Chapter 1
- Ա Կորնթացիներ Chapter 14
- Մարկոս Chapter 14