Ղուկաս Chapter 21

For English

Read Ղուկաս Chapter 21 Online

Read Ղուկաս Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ղուկաս and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ղուկաս 21

Գլուխ 21

1. Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին։

2. Տնանկ որբեւարի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։

3. Ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց.

4. Վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։

5. Երբ մէկ քանիները տաճարին համար կ’ըսէին թէ՝ ‘Գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով զարդարուած է’,

6. Ըսաւ. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի»։

7. Հարցուցին իրեն ու ըսին. «Վա՛րդապետ, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ է նշանը՝ երբ այդ բաները պիտի ըլլան»։

8. Ան ալ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ ‘Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է’. ուստի անոնց ետեւէն մի երթաք։

9. Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»։

10. Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ.

11. Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։

12. Բայց այս բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն եւ ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն եւ իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք։

13. Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն պիտի ըլլան։

14. Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք՝ որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով։

15. Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։

16. Պիտի մատնուիք ծնողներէ ու եղբայրներէ եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ու ձեզմէ ոմանքը պիտի սպաննուին։

17. Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք.

18. Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի։

19. Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։

20. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։

21. Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։

22. Վասն զի այն օրերը՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին։

23. Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասն զի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրի վրայ ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ։

24. Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին ու Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան»։

25. «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան.

26. Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։

27. Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։

28. Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։

29. Առակ մը ըսաւ անոնց. «Տեսէք թզենին ու բոլոր ծառերը։

30. Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է։

31. Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։

32. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան’։

33. Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։

34. «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի.

35. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։

36. Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։

37. Յիսուս ցորեկները տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. իսկ գիշերները կ’ելլէր Ձիթենեաց ըսուած լեռը կը կենար։

38. Բոլոր ժողովուրդը առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաժարը՝ իր խօսքերը լսելու։

About Ղուկաս Chapter 21

Read Ղուկաս Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ղուկաս in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ղուկաս
Chapter: 21
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ղուկաս. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ղուկաս Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ղուկաս Chapter 21?

Ղուկաս Chapter 21 is part of the Book of Ղուկաս in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ղուկաս Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ղուկաս

  1. Ղուկաս Chapter 2
  2. Ղուկաս Chapter 16
  3. Ղուկաս Chapter 19
  4. Ղուկաս Chapter 11
  5. Ղուկաս Chapter 9
  6. Ղուկաս Chapter 24
  7. Ղուկաս Chapter 20

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Ա Կորնթացիներ Chapter 12
  2. Ա Տիմոթեոս Chapter 2
  3. Ղուկաս Chapter 1
  4. Հայտնություն Chapter 1
  5. Բ Պետրոս Chapter 3
  6. Հովհաննես Chapter 17
  7. Ա Կորնթացիներ Chapter 9

Related Chapters & Readings

  1. Հեսու Chapter 1
  2. Ա Պետրոս Chapter 4
  3. Հռոմեացիներ Chapter 5
  4. Գործք Առաքելոց Chapter 12
  5. Բ Սամուել Chapter 20
  6. Եբրայեցիներ Chapter 4
  7. Դ Թագավորներ Chapter 12
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *