Read Եսայի Chapter 9 Online
Read Եսայի Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 9
Գլուխ 9
1. Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը, Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան, Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։
2. Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։
3. Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։
4. Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝ Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։
5. Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։
6. Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։
7. Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։
8. Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեց Ու անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։
9. Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ, Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները, Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն.
10. «Թէեւ աղիւսները ինկան, Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։ Մոլաթզենիները կտրուեցան, Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։
11. Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէ Ու անոր թշնամիները պիտի գրգռէ։
12. Ասորիները՝ արեւելքէն, Փղշտացիները՝ արեւմուտքէն Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
13. Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար Ու զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։
14. Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը, Արմաւենիի ոստն ու կնիւնը Մէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։
15. (Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է)
16. Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնք Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։
17. Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի Եւ անոր որբերուն ու որբեւարիներուն պիտի չողորմի. Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
18. Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ, Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ, Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէ Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։
19. Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի այրի Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։ Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։
20. Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։ Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։ Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։
21. Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։ Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
About Եսայի Chapter 9
Read Եսայի Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 9
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 9 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 9?
Եսայի Chapter 9 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 9 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Դանիել Chapter 11
- Եզեկիել Chapter 16
- Սաղմոսներ Chapter 104
- Թվեր Chapter 22
- Ելից Chapter 16
- Առակներ Chapter 20
- Հոբ Chapter 3